Իր վկայութեամբ. «Պոլիսը մեծ ու գեղեցիկ քաղաք է, ուր կարելի է հայկական դրոշմը նկատել, յատկապէս ճարտարապետութեան վրայ, տարբեր շրջաններու մէջ»։ Ան կը նշէ, թէ հայկական գաղութը առաւելաբար կեդրոնացած է չորս-հինգ շրջաններու մէջ, ուր կան դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ ուր տեղի կ՚ունենան ընկերային – մշակութային ձեռնարկներ։ Մինչեւ եօթերորդ դասարան, յաճախած է Մխիթարեան Վարժարան։ Ան զգացած է, որ իր առօրեայ կեանքին մէջ, հայերէնի օգտագործման առումով մեծ դեր խաղցած է քաղաքին ընդհանուր մթնոլորտը։ Թէեւ որոշ չափով արեւմտահայերէն սորված էր, բայց տան մէջ հայերէն հազուադէպ կը խօսէին, քանի որ ընտանիքը բաւարար չափով հայկական կրթութիւն չունէր։ Իր հաւաստումով՝ «Տարիներու ընթացքին, կամաց-կամաց, մոռցանք լեզուն»։
Ամէն ինչ կը փոխուի, երբ անցեալ տարի կ՛այցելէ Հայաստան։ Այցելութենէն շաբաթ մը առաջ, պրպտումներ կատարելու ընթացքին կը տեղեկանայ Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին։
Երբ կը հասնի Հայաստան, կը փորձէ հեռու մնալ կանխակալ կարծիքներէ։ Ընկերներէն լսած էր թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական կարծիքներ։
«Ես ուղղակի ապշած եմ, - կ՛ըսէ ան, - այստեղ բոլորը հայերէն կը խօսին»։ Հայաստանի մէջ Արման ինքզինք յանցաւոր կը նկատէ մայրենի լեզուն չիմանալու համար։ Այդ իսկ պատճառով, կ՚որոշէ միանալ ՀՀՀ-ին։ Ան կը մասնակցի արեւելահայերէնի դասընթացին, որպէսզի անկաշկանդ կարենայ հաղորդակցիլ հայաստանցիներու հետ։
Այժմ, Արման ՀՀՀ-ի արեւելահայերէնի դասընթացի միջին մակարդակի ուսանող է։ Ան յատկապէս կ՚ընդգծէ իր ուսումնառութեան մէջ առցանց ուսուցչուհի Անի Տեկիրմէնճեանին դերը. «Իմ սիրելի ուսուցչուհի եւ ընկեր Անիին շնորհիւ, դասերը աւելի հաճելի են եւ արդիւնաւէտ։ Ան ոչ մէկ ջանք կը խնայէ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միջեւ եղած տարբերութիւնը ինծի բացատրելու համար։ Առանց ուսուցիչներու ներկայութեան, համակարգը այսքան լաւ պիտի չըլլար. իրե՛նք են յաջողութեան բանալին»։
Արման շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀԲԸՄ-ին եւ ՀՀՀ-ին, որ օգնեցին իրեն ամբողջացնելու հայերէնի իմացութեան բացը. «Իսկապէս երջանիկ եմ, շնորհիւ ՀԲԸՄ-ին, ՀՀՀ-ին եւ Անիին։ Այսպիսի հնարաւորութեան արժէքը ես չեմ կրնար բառերով բացատրել»։
Հայաստան այցելելէ ետք, Արման կ՚որոշէ Հայաստան տեղափոխուիլ։ Այդ նպատակին հասնելու համար կը գործադրէ ամէն ջանք։
Հայկական Համացանցային Համալսարանը ոչ միայն կ՚օգնէ այդ նպատակը իրագործելու, այլ նաեւ կապ կը հաստատէ իր եւ աշխարհասփիւռ հայերու հետ։
|
Կապի Մէջ Մնացէք
|
ՀՀՀ-ի Մասին
|
|
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական առցանց կրթութիւն առաջարկող հաւատարմագրուած առաջատար կառոյցներէն մէկն է։ Իր նպատակն է հայկական կրթութիւն տրամադրել՝ ճարտարագիտական նորագոյն միջոցներով։ ՀՀՀ-ի առցանց լսարանները, 2009-էն ի վեր, յատկացուած են այն ուսանողներուն, որոնք կարելիութիւնը չեն ունեցած հետեւելու հայկական աւանդական կրթական ծրագիրներուն։ Զուգահեռ, ՀՀՀ-ն օժանդակ նիւթեր կը տրամադրէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին օգտուիլ իր տարբեր հնարաւորութիւններէն։ Ելեկտրոնային գիրքերու շարքի թողարկումը եկաւ հաստատելու, որ ՀՀՀ-ն կ’ընդլայնէ իր աշխատանքային ոլորտը, ընդգրկելով նոր ուղղութիւններ։
|
|