avc_logo

Լոյս տեսաւ ներգործօն, բազմաբնոյթ «Կումայրիէն մինչեւ Գիւմրի» ել. ուղեցոյցը

15 Դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ ՀՀՀ-ի ներգործօն ել. գիրքերու շարքի հինգերորդ գիրքի շնորհանդէսը: «Կումայրիէն մինչեւ Գիւմրի» ներգործօն բազմաբնոյթ ել. ուղեցոյցը պատրաստուած է Սմիթսոնեան ինստիտուտի «Իմ Հայաստան» ծրագիրի հետ համատեղ եւ հովանաւորուած է ԱՄՆ ՄԶԳ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ: Ել. այս ուղեցոյցը կը ներկայացնէ  Գիւմրիի պատմական եւ մշակութային տեսարժան վայրերը բազմաբնոյթ եւ ներգործօն լուծումներով,  3D եւ VR քարտէզներով,  յարակից աղբիւրներու տրամադրումով: ...


Հիպրիթ դպրոցներու հետ համագործակցութեան տարածումն ու զարգացումը

ՀՈւսանողներուն ուսուման նպաստելու համար ՀՀՀ-ը հիպրիթ դպրոցներուն  առցանց դասընթացքներ կ'առաջարկէ եւ  ընկերային տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպէ: Այս բոլորէն բացի ՀՀՀ-ը ուսուցիչներուն մանկավարժական տարբեր աղբիւրներ կը տրամադրէ:  ...


ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքի յաւելուածը

ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքի յաւելուածը հասանելի է iOS-ով եւ Android-ով:  Առցանց հեռակայ ուսանողներուն համար լեզուի դասընթացքի 5 մակարդակներու դասերը արդէն հասանելի են (A1, A2, B1, B2 and C1): ՀՀՀ-ի անձնակազմը ներկայիս կ'աշխատի C2 մակարդակի վրայ, որ նոյնպէս հասանելի պիտի դառնայ տարբեր  հարթակներով (Desktop եւ mobile format): ...





ՀՀՀ-ի եւ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան համատեղ առցանց հանդիպում-դասախօսութիւններու շարքը

ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան համագործակցութեամբ սկիզբ առաւ առցանց դասախօսութիւններու շարք մը, ՀՀՀ-ի Համահայկական կրթական առցանց աշխատաժողովներու հարթակի ծիրէն ներս:
  Նախագիծի նպատակն է ներկայացնել մանկավարժութեան եւ կրթութեան առնչուող նիւթեր եւ նպաստել մասնագիտական  գիտելիքներու ամրապնդման: Առցանց առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 22 Յունուար, 2022 թուականին:


Հայկական Առցանց կամուրջը ամփոփեց արագացուած ծրագիրը

22 Նոյեմբեր 2021-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ յատուկ ձեռնարկով մը տեղի ունեցաւ Հայկական Առցանց կամուրջի արագացուած ծրագիրի (AVB) ամփոփումը:
Ծրագիրը անցեալ աշնան կազմուած է ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վալիի եւ  ՀՀ բարձր տեխնոլոկիական արդիւնաբերութեան նախարարութեան կողմէ  եւ իրականացուած՝ ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսաանի (ՀՀՀ) միջոցով: ...


Երիտասարդ մասնագէտի ուսումնասիրութեան նոր նիւթը՝ Հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը

Արժանթինի Ռոսարիօ քաղաքէն Ռիքարտօ Թորրէս հայագիտութեամբ կը զբաղի եւ մեծ հեռանկարներ ունի: 

«Ես սպանական եւ իտալական արմատներ ունիմ, բայց հայերէնը զիս շատ գրաւեց:  Անոր համար իմ դոկտորական աշխատանքի ղեկավարս  խորհուրդ տուաւ, որ հետեւիմ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն»:


Մարդկութեան Հրաշալի Գանձը

Արժանթինէն ՀՀՀ-ի ուսանող Մարիանօ Իկնասիօն, երբ կը խօսի հայերէն լեզուն սորվելուն մասին, այսպէս կ'ըսէ. «Մարդկութեան հրաշալի գանձը»:

Ան կը նշէ, որ հայերէնը դիւրին սորվելու հնարաւորութիւնը ընձեռելէ բացի, Հայկական համացանցային համալսարանը ունի դասաւանդման յատուկ ոճ եւ ճկուն մօտեցում. կ'առաջարկէ, որ ուսանողները իրենք տնօրինեն նոր բառեր, արտայայտութիւներ եւ երկխօսութիւններ սորվելու ժամկէտը:


Արհեստական բանականութեան դասընթացք՝ երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն համար

24  Մարտ 2022-ին, ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան հանդիպում ունեցաւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալ Ժաննա Անդրիասեանի,  Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան տեխնոլոկիաներու (ՏՀՏ) գործատուներու միութեան նախագահ Արմէն Պալտրեանի, ԵՏՄՀ գործադիր տնօրէն Էդուարդ Մուսայէլեանի եւ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան կրթական բաժինի տնօրէն Վազգէն Մելիքեանի հետ։  ...


Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարը առցանց կրթութիւն հիմնելու նպատակով հանդիպում ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հետ

Արցախի պետական նախարար Արտակ Պէկլարեանը եւ գլխաւոր խորհրդական Դաւիթ Յակոբեանը 2021-ի Նոյմբեր 1-ին,  հանդիպում ունեցան ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեանի եւ  Սիլիքոն Վալիի ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քուփորթինոյի Ս. Անդրէաս հայկական եկեղեցւոյ սրահէն ներս: Կարծիքներ փոխանակուեցան  Արցախի կրթութեան այսօրուան իրավիճակին եւ ապագայի ակնկալիքներու մասին եւ յատկապէս անդրադարձան ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի  տրամադրած դասընթացքներուն, որոնք կը միտին խթանել  ճարտարագիտութեան եւ տնտեսութեան զարգացումը: ...


Դոկտ. Երուանդ Զօրեան այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

20 Մարտ 2022-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին:
 Հանդիպման ներկայ էր «Սփիւռքի Տարուան» համակարգող յանձնախումբի անդամ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը։ Նշենք, որ Արամ Ա. հայրապետը 2022 թուականը հռչակած է «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»: ...


ՀՀՀ-ի գործընկերոջ մրցանակը՝ ուսումնական ծրագիրի մասնակցութեան համար

ՀՀՀ –ի շրջանաւարտներէն Մայքլ Քանինկհեմը, Օսթինի Համաշխարհային յարաբերութիւններու խորհուրդի գիտնականներու տիպլոմային ծրագիրի տնօրէնը, ստացած է Հայ դատի ԱՄՆ Արեւմտեան ափի յանձնախումբի կրթական հարցերով յանձնաժողովի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կրթական մրցանակը:  Սոյն ծրագիրը, որ կը կրէ «Միջազգային կրթութիւն եւ ցեղասպանութեան իրազեկում» խորագիրը, նախաձեռնուած է ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի համագործակցութեամբ: ...


ՀՀՀ-Ի հիպրիթ դպրոցները նշեցին Մայրենի լեզուի միջազգային օրը

Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առթիւ ՀՀՀ-ը տեսանիւթով մը համախմբեց աշխարհատարած հիպրիթ դպրոցներու աշակերտները, որոնք արտասանեցին Վահան Թէքէեանի «Տաղ հայերէն լեզուին» բանաստեղծութիւնը: Այս ծրագիրին միացան ուսուցիչներ եւ աշակերտներ՝ ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Լիբանանէն, Յունաստանէն, Սուրիայէն, Քուէյթէն, Ռուսիայէն եւ Հայաստանէն: Անոնք ոչինչ խնայեցին սոյն ծրագիրի յաջողութեան համար:
Մէկ այլ տեսանիւթով մը Ռուսիոյ, Զուիցերիոյ, ԱՄՆ-ի, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ հիպրիթ դպրոցներու աշակերտները ներշնչուած Թէքէեանի բանաստեղծութենէն՝ ներկայացուցին իրենց գծած նկարները: ...


Միջազգային գործընկերները Արժանթինի համալսարաններու ուսանողներուն ՀՀՀ –ի դասընթացքները կը տրամադրեն

2021-ին, Արժանթինի Ռոսարիօ Ազգային համալսարանի (UNR) արուեստի եւ մշակոյթի բաժինէն մօտաւորապէս 30 ուսանող ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի առաջին մակարդակը աւարտեցին եւ անցան երկրորդ մակարդակին: Ուսումնական շրջանի աւարտին, ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Գոհար Գէորգեանը կազմակերպեց առցանց այցելութիւն դէպի Հայաստանի պատմութեան թանգարանը: Ուսանողներէն մէկը այսպէս կ'արձագանգէ. « Շատ ուրախ ենք, որ միասին կրցանք ճամբորդել, թէկուզ՝ առցանց»:...


SFedU-ի ՀՀՀ հիպրիթ ուսանողներու պարգեւատրման առցանց արարողութիւնը

Տոնի Ռոսթովի Հարաւային դաշնային համալսարանի ուսանողներու առաջին խումբը յաջողութեամբ աւարտեցին ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքի առաջին մակարդակը եւ ստացան վկայագիրներ։  
 
Առցանց մրցանակաբաշխումը վարեցին ՀՀՀ –ի կրթական բաժինի ղեկավար՝ Մարինէ Խաչատուրեանն ու հեռավար ուսուցչուհի՝ Գոհար Գէորգեանը: SFedU-ի տասը ուսանող վկայական ստացան:  ...

 

Կապի Մէջ Մնացէք

ՀՀՀ-ի Մասին

home   www.avc-agbu.org
info_agbu_org   info@avc-agbu.org
phone   (+374 60)61 22 61
ՀԲԸՄ –ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) առցանց առաջին ուսումնական հաստատութիւնն է, որ կը միտի վերափոխել հայկական կրթութիւնը՝ հեռավար ուսուցման արդի ճարտարագիտութեան միջոցով։ 2009 –էն ի վեր, ՀՀՀ-ը կը տրամադրէ հաւատարմագրուած եւ համապարփակ հեռավար կրթութիւն՝ առաջարկելով բազմաբնոյթ բովանդակութիւն, երեւութական եւ/կամ հիպրիթ ուսուցման հարթակ: Հեռավար ուսուցումը կեանքի կը կոչուի հեռավար ուսուցիչներու, երեւութական դասարաններու եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցով։ ՀՀՀ-ը հասանելի է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին հայկական կրթութիւն ստանալ եւ առցանց կապ հաստատել աշխարհով մէկ տարածուած հայ ուսանողներու հետ։