Կրթական նոր դասընթացք -Ազգային անվտանգութեան ուղղուած լաւագոյն գործառքները
Ազգային անվտանգութիւնը խիստ կարեւոր անհրաժեշտութիւն է, յատկապէս ներկայ օրերուս, երբ ամբողջ աշխարհը վտանգուած է տարատեսակ ահաբեկչութիւններու եւ աշխահաքաղաքական լարուածութեան պատճառով: Առ այդ, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) ձեռնարկեց նոր դասընթացքի մը իրագործման՝ «Ազգային անվտանգութիւն. ռազմավարութիւն եւ ծրագրաւորում» խորագիրով:
|
|
|
|
|
Երեւանի եւ Գիւմրիի աշակերտները ՀՀՀ-ի միջոցով կը սորվին Արհեստական բանականութեան հիմքերը
2022 թուականի Դեկտեմբերին, Երեւանի Լէոյի անուան թիւ 65 դպրոցի 10-12-րդ դասարաններու աշակերտներէն խումբ մը հետեւեցաւ ՀՀՀ-ի արհեստական բանականութիւն (AI) դասընթացքին: Դասընթացքը կիրարկուեցաւ հիպրիթ մեթոտով՝ առցանց եւ անցանց կրթութեան մօտեցումներով:
Թէեւ դասընթացքը առցանց էր, բայց Մհեր Երզնկեանը (հեռավար ուսուցիչ) այս անգամ կրցաւ անձամբ ներկայ գտնուիլ դասարանէն ներս, դպրոցի դաստիարակ Մէյրի Սիմոնեանի հետ տրամադրելով անհրաժեշտ աջակցութիւնն ու գիտելիքները:
|
|
|
Հիպրիթ ծրագիրին միացած վարժարանները նշեցին Մայրենի լեզուի միջազգային օրը
Փետրուար 21-ին, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին միացած վարժարաններն ու կրթական հաստատութիւնները նշեցին Մայրենի լեզուի միջազգաին օրը, արտասանելով այբուբենի 36 տառերուն նուիրուած աղօթքը:
Ինչպէս միշտ, հայկական մշակոյթը պահպանելու եւ տարածելու միտումով, ՀԲԸՄ ՀՀՀ այս անգամ եւս կրցաւ միաւորել աշխարհի տարածքի երիտասարդ հայերը:
|
|
|
|
|
|
Ծանօթանալ հայկական մշակոյթի արժէքներուն՝ ՀՀՀ-ի ձեռնարկներուն միջոցով
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական մշակոյթն ու ժառանգուած արժէքները պահպանելու միտումով յաճախ կը կազմակերպէ ընկերային ձեռնարկներ, առցանց այցելութիւններ, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրը կը հարստացնէ տարբեր պատկերաշարժերով, վարժութիւններով եւ տարաբնոյթ ուսումնական նիւթերով: Բնականաբար ընկերային ձեռնարկները կը նպաստեն նաեւ ի մի բերելու ՀՀՀ-ի աշխարհատարած ուսանողները:
|
|
|
|
|
Մասնագիտական աճ՝ կրթական ոլորտի աշխատակիցներուն համար
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ), Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի (ՀՀ ԳԿՄՍ), նախարարութեան հետ կը կազմակերպէ առցանց աշխատանիստերու շարք, որ կ'իրագործուի ՀՀՀ Համայկական կրթական ֆորումի հարթակին (PAEF) կողմէ: Այս ծրագիրին նպատակն է ներկայացնել մանկավարժութեան եւ կրթութեան յուզող խնդիրները եւ ամրապնդել մանկավարժներու եւ հայագիտութեամբ հետաքրքրուողներու մասնագիտական գիտելիքները:
|
|
|
Նոր համագործակցութիւն Հ․ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի հետ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ -ի գրասենեակէն ներս, արդիւնաւէտ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ՀՀ ԳԱԱ) Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի Արեւմտահայերէնի բաժինի անձնակազմին հետ: Երկու կազմակերպութիւնները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը եւ քննարկուեցան համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
|
|
|
|
|
Թեքսասի աշակերտներուն Հայող ղեղասպանութեան դասաւանդումը՝ աշխարհագրութեան դասապահին
ՀՀՀ-ի կրթականի բաժինի ղեկավար Մարինէ խաչատուրեանը եւ Օսթընի Համաշխարհային յարաբերութիւններու խորհուրդի Global Scholars Diploma ծրագիրի տնօրէն Մայքլ Գանինկհէմը քննարկեցին Թեքսասի դպրոցի երկրորդական բաժինի աշակերտներուն Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւն փոխանցելու հնարաւորութիւնը ծրագիրով մը, որ կարելի է դասաւանդել աշխարհագրութեան նիւթի դասապահի ընթացքին:
|
|
|
|
|
|
ՀՀՀ-ի միջազգային ձեռնարկները
ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) , հայկական կրթութիւն տարածելու եւ աշարհասփիւռ հայութիւնը համախմբելու միտումով միջազգային տարբեր ձեռնարկներու կը մասնակցի:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան, որպէս պատուոյ հիւր, միշտ կը մասնակցի տարբեր ձեռնարկներու, podcast-երու, հարցազրոյցներու եւ առցանց աշխատանիստերու:
|
|
|