avc_logo

2015 –ին ՀՀՀ-ի Ել. Գիրքը Ունեցաւ Աւելի Քան 12.000 Հետեւող

2015 -ին ՀՀՀ-ի մուլթիմետիա ել. գիրքերու շարքը, իր երկու հրապարակումներով, ունեցաւ աւելի քան 12.000 ընթերցող: Ամէն օր, ներբեռնումներու թիւի յաւելումի շնորհիւ, ել. գիրքերու շարքը դարձաւ ռահվիրայ՝ հայագիտական ոլորտին մէջ...


Թուրքիոյ Ծպտեալ Հայերու Համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի Հետ

5 Օգոստոս 2015 -ին ՀՀՀ-ն, հիւրընկալեց Թուրքիայէն ժամանած 80 ծպտեալ հայեր, որոնք Հայաստան եկած էին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրի միջոցով: Բացայայտելով իրենց ազգային ինքնութիւնը` անոնք կը փնտռէին միջոցներ եւ հնարաւորութիւններ նախնիներու լեզուին, մշակոյթին եւ պատմութեանը վերադառնալու համար...


Արեան Կանչը

1/8 տոկոսով հայկական արմատներ ունեցող Լինսի Բեկհէմը, իր հօրենական մեծ մօր հետ ունեցած ջերմ յարաբերութիւններու շնորհիւ, միշտ հետաքրքրուած է ամէն ինչով, որ կապ ունի Հայաստանի եւ հայկական մշակոյթի հետ: Լինսիի հայրը, իր եւ եղբայրներուն մէջ, սերմանած է հայ ըլլալու հպարտութեան զգացումը, անընդհատ հետաքրքրական պատմութիւններ պատմելով ծագումով հայ իրենց մեծ հօր մասին ...


ՀՀՀ-ի Հիմնադիրը Կ՚այցելէ Արմէնոպոլիս Պատմական Քաղաքը

ՀՀՀ-ի հիմնադիր Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, Ռումանիա կատարած ուղեւորութեան ընթացքին, այցելեց պատմական Արմէնոպոլիս (այժմ՝ Կեռլա) քաղաքը, որ հաստատած են հայերը, Դրանսիլվանիոյ մէջ, երեք դար առաջ: Այստեղ, Ս. Սողոմոն եկեղեցւոյ մէջ, հանդիպում ունեցաւ Արմէնոպոլիսի հոգեւոր առաջնորդներուն եւ հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ...


Հայկական Համացանցային Համալսարանը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Եւ INALCO-ի Համատեղ Կազմակերպած Համաժողովին

Հայկական Համացանցային Համալսարանի ակադեմական տնօրէն Դոկտոր Յասմիկ Խալափեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ն միջազգային համաժողովին, որ կը կրէր «Նորարարութեան Խթանումը Կրթութեան Մէջ. Արեւմտահայերէնի Ուսուցման Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները 21-րդ Դարուն» խորագիրը ...


ՀՀՀ-ն Մասնակցեցաւ «Strada Armeneasca» Փառատօնին

Այս տարի, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, հայկական տարբեր ծրագիրներու կողքին, մասնակցեցաւ Ռումանիոյ հայերու կազմակերպած «Strada Armeneasca» («հայկական փողոց») փառատօնին: 7-9-ը Օգոստոս, ՀՀՀ-ն , գեղագրութեան տաղաւարին մէջ, հայկական գեղագրական արուեստի կողքին, ներկայացուց իր ծրագիրը, որ կը միտի ժամանակակից եւ արդի ճարտարագիտական միջոցներով...


Առցանց Կրթութեան Անուանի Փորձագէտներուն Հիացուցած է ՀՀՀ-ի Փորձառութիւնը

24 Սեպտեմբեր, 2015-ին, առցանց կրթութեան բնագաւառի նշանաւոր փորձագէտները այցելեցին ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, գործունէութեանը եւ ծրագիրներուն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան ուղիները քննարկելու համար ...


«Արի Տուն» ի Այցելութիւնները ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարան

ՀՀՀ այցելեցին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի Տուն» ծրագիրին մասնակցած 800 երիտասարդներ: Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀՀ-ի երկարատեւ գործակցութեան շնորհիւ, ամռան երեք ամիսներու ընթացքին կազմակերպուած այցելութիւններուն նպատակն է ներկայացնել կրթական եզակի հնարաւորութիւնը, որ կը տրամադրուի ՀՀՀ-ի օնլայն դասընթացքներու եւ ել. գիրքերու միջոցով...


IEEE CSIT Գիտաժողովի Հիմնական Զեկոյցը՝ Նուիրուած ՀՀՀ-ի Առցանց Ուսուցման

29 Սեպտեմբեր 2015 –ին, ՀՀՀ-ի հոգեբարձուներու խորհուրդի անդամ Փրոֆ. Սամուէլ Շուքուրեանը եւ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը ներկայ էին համակարգչային գիտութեան եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութեան նուիրուած 10-րդ միջազգային գիտաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ...


ՀԲԸՄ-ի Երեւանի Ամառնային Փորձառութեան Ծրագիրի Մասնակիցները Աւարտեցին ՀՀՀ-ի Հիպրիդ ծրագիրը

2015 –ի Յունիսի կէսերէն մինչեւ Օգոստոս, 9 շաբաթ տեւող ամառնային ծրագիրի ընթացքին, ՀԲԸՄ-ի Երեւանի ամառնային փորձառութեան ծրագիրին հետեւողները մասնակցեցան ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրի արեւմտահայերէնի դասընթացքին...


Երուսաղէմի Հայկական Գաղութը Կ՜ողջունէ Հայկական Համացանցային Համալսարանը

Երուսաղէմ կատարած այցի ընթացքին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեան այցելեց Երուսաղէմի հայկական գաղութը, հանդիպեցաւ գաղութի ներկայացուցիներուն հետ եւ ներկայացուց ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը...


ՀՀՀ-ի Համագործակցութիւնը Տալլասի Ս. Սագիս Շաբաթօրեայ Դպրոցին Հետ

ՀՀՀ-ի եւ Տալլասի Ս.Սարգիս շաբաթօրեայ վարժարանի համագործակցութեան հնարաւորութեան շուրջ քննարկումներ կատարուելէ ետք, 23 Յուլիս 2015-ին, ՀՀՀ այցելեց վարժարանի տնօրէն Մարալ Ազնաւուրը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ յետագայ համագործակցութեան ծրագիրը...


Թումոյի Ամառնային Ճամբարի Մասնակիցները Ծանօթացան ՀՀՀ-ին

24 Յուլիս 2015-ին, Հայկական Համացանցային Համալսարանը հիւրընկալուեցաւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոն: ՀՀՀ-ի կրթական բաժինի տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը, ամառնային ճամբարի մասնակիցներուն ներկայացուց ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ ծրագիրները...


ՀԲԸՄ-ի Լոնտոնի Ամառնային Փորձառութեան Ծրագիրի Մասնակիցներու Հանդիպումը ՀՀՀ –ի Հիմնադիր Նախագահին Հետ

24 Յուլիս 2015 –ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը հանդիպում ունեցաւ Լոնտոնի ՀԲԸՄ-ի ամառնային փորձառութեան ծրագիրի մասնակիցներուն հետ: Դոկտ. Զօրեան կիսեց իր մասնագիտական փորձառութիւնը մասնակիցներուն հետ եւ ներկայացուց ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի այլ ծրագիրները...


Պուլկարիան Կը Շարունակէ Համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի Հետ

28 Սեպտեմբեր 2015 –ին, Սոֆիայի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի ատենապետուհի Սոնիա Աւագեան- Պետրոսեանը եւ Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքէն Ռիչարտ Մակինաճեանը այցելեցին ՀՀՀ: Խօսեցան Սոֆիայի ՀԲԸՄ-ի ‹‹Հայլեռ›› կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս ՀՀՀ-ի հիպրիդ կրթութեան ծրագիրի արձանագրած յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ յետագայ համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին...


 



 
 

Կապի Մէջ Մնացէք

ՀՀՀ-ի Մասին

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական առցանց կրթութիւն առաջարկող հաւատարմագրուած առաջատար կառոյցներէն մէկն է։ Իր նպատակն է հայկական կրթութիւն տրամադրել՝ ճարտարագիտական նորագոյն միջոցներով։ ՀՀՀ-ի առցանց լսարանները, 2009-էն ի վեր, յատկացուած են այն ուսանողներուն, որոնք կարելիութիւնը չեն ունեցած հետեւելու հայկական աւանդական կրթական ծրագիրներուն։ Զուգահեռ, ՀՀՀ-ն օժանդակ նիւթեր կը տրամադրէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին օգտուիլ իր տարբեր հնարաւորութիւններէն։ Ելեկտրոնային գիրքերու շարքի թողարկումը եկաւ հաստատելու, որ ՀՀՀ-ն կ’ընդլայնէ իր աշխատանքային ոլորտը, ընդգրկելով նոր ուղղութիւններ։