ՀՀՀ-ն Կը Նշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի համար, Ապրիլ ամիսը բոլոր հայերը միաւորելու եւ հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակելու ամիսն է։
Այս առթիւ կազմակերպեց «Ոգեկոչում Եւ Երախտագիտութիւն» խորագիրով ընկերային-մշակութային հանդիպում մը։ Հանդիպումի ընթացքին ներկայացուեցան վերապրողներուն պատմութիւնները, ականատեսներու վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ հայերու կեանքը՝ ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք։
Ապրիլ 28 –ին եւ 29-ին, աւելի քան 60 ուսանողներ, ՀՀՀ-ի ուսուցիչներուն հետ, առցանց, այցելեցին Ցեղասպանութեան Թանգարան եւ ծաղիկ զետեղեցին յարգելով յիշատակը զոհերուն։...
|
|
|
|
|
ՀՀՀ-ն Գիտելիքներու Հարստացման Աղբիւր
Մինչեւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին տեղեկութիւն ստանալը, Վալերի Նովոսելսկին գիտէր հայերէն որոշ խօսակցական նախադասութիւններ եւ սիրային արտայայտութիւններ, որոնք սորված էր իր հայ ընկերներէն ։ Այսօր, Վալերին, զարգացուցած է հայոց պատմութեան, ճարտարապետութեան, լեզուի, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան մասին իր ունեցած գիտելիքները, մասնակցելով ՀՀՀ-ի օնլայն դասընթացքներուն եւ աւարտելով այդ դասընթացքներու մեծ մասի բարձր մակարդակները։ ...
|
|
|
Եւրոպական Խորհուրդ-ՀՀՀ-ն Կը Մասնակցի Պրիւքսէլի Համաժողովին
2 Մայիս, 2016-ին, հայ, ասորի, հրեայ եւ գնչու համայնքներու ներկայացուցիչները հանդիպեցան Պրիւքսէլի մէջ, որպէսզի պարզեն ու գնահատեն սփիւռքի վիճակը Եւրոպայի մէջ եւ խթանեն փորձի փոխանակումը, համագործակցութիւնը եւ համատեղ շահերու պաշտպանութիւնը:
Գործօն անհատներու, ակադեմականներու եւ տարբեր կազմակերպութիւններու կողքին, Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ը մեծ դեր ունեցաւ այս իւրայատուկ համաժողովին մէջ:...
|
|
|
|
|
Առցանց Միջոցառումները Կը Հարստացնեն ՀՀՀ-ի Ծրագիրները
2016-ի ձմեռնային ուսումնական շրջանին, ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ը իր ուսանողներուն համար կազմակերպեց առցանց երկու հանդիպում, նուիրուած Բարեկենդանին եւ Ս. Սարգիս ու Տեառնընդառաջ տօներուն։
Մեծ պահքին նախորդող տօնը՝ բարեկենդանը, հարուստ է հետաքրքրական ծէսերով, տօնակատարութիւններով։ ՀՀՀ-ի ուսուցիչները մասնակիցներուն ներկայացուցին հետաքրքրական սովորութիւնները եւ փոխանցեցին տօնի խանդավառ մթնոլորտը։ ...
|
|
|
ԱՄԷ- Երկարատեւ Գործակցութիւն
ՀՀ-ի եւ Շարժայի Օհաննէսեան հայկական դպրոցի միջեւ համագործակցութիւնը սկիզբ առաւ 2009-էն, ՀՀՀ-ի հիմնադրութեան առաջին օրէն։ Առաջին անգամ ՀՀՀ-ն իր ծրագիրը ընդարձակեց, ներգրաւելով դպրոցներ։ Այդ օրէն, Օհաննէսեան դպրոցը հանդիսացաւ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի օրինակելի մասնակիցներէն մէկը։
Դպրոցի կրթական յանձնախումբի նախկին ղեկավար՝ Հրաչ Պռունսուզեանի շնորհիւ եւ նախկին տնօրէն՝ Նշան Պասմաճեանի նախաձեռնութեամբ, դպրոցը սկսաւ համագործակցիլ ՀՀՀ-ի հետ, ՀՀՀ-ի պատմութեան դասընթացքը կիրառելով երկրորդականի բաժինին մէջ։ ...
|
|
|
|
|
Աննա Տոլապճեան` Լեզուաբան, Խորհրդատու Եւ ՀՀՀ-ի Դեսպան՝ Եգիպտոսի Մէջ
2013 -ին Աննա Տոլապճեանը կը նշանակուի Հայկական Համացանցային Համալսարանի ներկայացուցիչը Եգիպտոսի մէջ եւ այդ օրէն ի վեր, ՀՀՀ-ի առաքելութիւնը իրականացնելու համար, աշխոյժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ: Դեկտեմբեր 2015-ին, Եգիպտոս կատարած այցելութեան ժամանակ, ՀՀՀ-ի հիմնադիր Դոկտ. Ե. Զօրեան անոր կը շնորհէ շնորհակալագիր եւ ՀՀՀ-ի դեսպանի պատուաւոր կոչում` առ ի գնահատանք իր մատուցած ջանքերուն եւ անսահման նուիրուածութեան: ...
|
|
|
Պրահա- Հայերը Հիւրընկալեցին ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահը
17 Մարտ, 2016-ին, Չեխիայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը հիւրընկալեց ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Ե. Զօրեանը։ Այստեղ, ան հանդիպում ունեցաւ դեսպան՝ Տիգրան Սեդրակեանին, գաղութի ղեկավարներուն, մանկավարժներուն, « Օրեր» ամսագիրի եւ կայքի խմբագիրներուն, հայկական շաբաթօրեայ դպրոցի ուսուցիչներուն եւ գաղութի այլ անդամներուն հետ։
Այս հանդիպումը մէկն էր աշխարհասփիւռ գաղութներ կատարուած այցելութիւններէն։...
|
|
|
|
|
Լոս Անճելըս-ՀՀՀ-ն Կ՚Օգնէ, Որ Հայերը Հաղորդակցին
Լոս Անճելըսի Ս. Ճէյմս եկեղեցւոյ կից գործող հայկական դպրոցի եւ ՀՀՀ-ի միջեւ համագործակցութիւնը սկիզբ առաւ 2014-ին, երբ դպրոցի տնօրէնութիւնը դիմեց ՀՀՀ-ին, առցանց դասընթացքները դպրոցի ծրագիրին մէջ կիրառելու նպատակով: ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը, իր նորարարական եւ գրաւիչ մեթոտներով, կը բաւարարէր կիրակնօրեայ դպրոցի պահանջքները:
Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Կէյլ Չելէպեանը ՀՀՀ-ի մասին տեղեկութիւն ստացած էր համացանցէն:...
|
|
|
Պելառուսի Պատուիրակութիւնը Ծանօթացաւ ՀՀՀ-ի Ճատրակի Առցանց Ծրագիրին
23 Մարտ, 2016-ին, Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիան հրաւիրեց ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, որպէսզի Պելառուսի պատուիրակութեան ներկայացնէ ճատրակի առցանց ծրագիրը։
Պատուիրակութիւնը Հայաստան այցելած էր ծանօթանալու ճատրակի դասաւանդման աւանդական եւ առցանց փորձառութեան։
ՀՀՀ-ի ճատրակի ուսուցիչ՝ Վահագն Քալանթարեանը եւ ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրը համակարգող՝ Մարինա Խաչատուրեանը ներկայացուցին ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց ծրագիրը։...
|
|
|