Աւստրալիա Բնակող Սինկափորացի Աղջիկը Հայերէն Կը Սորվի
ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի համար, Ապրիլ ամիսը բոլոր հայերը միաւորելու եւ հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակելու ամիսն է։
Քարմէն Խուի համար տարբեր վայրերու մէջ բնակիլը եւ տարբեր լեզուներ սորվիլը արտասովոր երեւոյթ չէ։ Ծնած եւ հասակ առած է Սինկափորի մէջ, բայց դպրոցական ուսումնառութեան շրջանին տեղափոխուած է Աւստրալիա։ Շատ լաւ սորված է խօսիլ ֆրանսերէն լեզուն, ինչպէս նաեւ՝ սպաներէն եւ գերմաներէն լեզուները։ Այժմ հետաքրքրուած է լատիներէն լեզուով եւ կը պատրաստուի մեկնելու Միացեալ Թագաւորութիւն ՝ պատմութիւն սորվելու համար։ ...
|
|
|
|
|
ՀՀՀ-ի Եւ Ռոսթովի Համայնքի Համագործակցութիւնը
2016-ին ամբողջացաւ ՀՀՀ-ի եւ Ռոսթովի հայ համայնքի համագործակցութեան 5-րդ տարին: Համագործակցութիւնը սկիզբ առաւ 2011-ին, երբ տեղի ունեցաւ ՀՀՀ-ի աշխատանոցի բացումը հայկական համայնքի կեդրոնին մէջ: Առաջին դասարանը բաղկացած էր 30 ուսանողէ: Այնուհետեւ համայնքի ղեկավար Յարութիւն Սուրմալեանի, գործադիր տնօրէն Սերկէյ Սայատովի եւ հիպրիթ ծրագիրի նուիրեալ ուսուցչուհի Արմինէ Վարդանեանի համատեղ ջանքերով, ծրագիրը ընդարձակուեցաւ եւ ուսանողութեան թիւը հասաւ 250-ի: ...
|
|
|
ՀԲԸՄ-ի Ամառնային Ծրագիրի Համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի Հետ- Հիպրիթ Ուսուցումի Լաւագոյն Փորձը
Այս ամառ, ՀԲԸՄ-ի Ամառնային Ծրագիրին հետեւող 18 մասնակիցները ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին հետեւելով հարստացուցին արեւմտահայերէնի իրենց գիտելիքները:
Ծրագիրը սկիզբ առաւ Յունիս 20-ին եւ իր աւարտին հասաւ Յուլիս 29-ին: Մասնակիցները, ըստ լեզուի մակարդակի, բաժնուեցան երկու խումբի: ՀՀՀ-ի ուսուցչուհիներ՝ Անի Տեկիրմէնճեան եւ Զեփիւռ Խպլիկեան, ամբողջ դասընթացի տեւողութեան, հետեւեցան ուսանողներուն:...
|
|
|
|
|
«Արի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցները Այցելեցին ՀՀՀ
ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան եւ ՀՀՀ-ի միջեւ կայացած երկարատեւ համագործակցութեան ծիրէն ներս, ՀՀՀ-ը հիւրընկալեց «Արի Տուն» ծրագիրի մասնակիցները։ Այս տարի ՀՀՀ այցելեցին 800 մասնակիցներ։
Կազմակերպուած ութը այցելութիւններու ընթացքին, ներկաները ծանօթացան ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրներուն։ Անոնք մասնակցեցան հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած հարցում-պատասխան խաղին, ...
|
|
|
|
|
|
Սփիւռքահայ Ուսուցիչները Ծանօթացան ՀՀՀ-ին
2016 թուականի ամրան շրջանին, ինչպէս նախորդ տարիներուն, ՀՀՀ հարուստ էր իրադարձութիւններով: Բազմաթիւ հիւրեր այցելեցին ՀՀՀ եւ ծանօթացան առցանց կրթութեան հնարաւորութիւններուն:
Յատկանշական էր հանդիպումը սփիւռքահայ ուսուցիչներու հետ, որոնք Հայաստան եկած էին մասնակցելու ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած «Ամառնային Դպրոց» ծրագիրին: Յուլիս 7-ին, ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը ...
|
|
|
ՀՀՀ-ի Եւ «Անի» Ծրագիրի Համագործակցութիւնը
2015-ին սկիզբ առած «Անի» ծրագիրի նպատակն է նպաստել հայկական միջնակարգ դպրոցներու աշակերտութեան անգլերէն լեզուի իմացութեան զարգացման: Այս ծրագիրի յաջողութեան եւ իրագործման համար «Անի» ծրագիրը համգործակցեցաւ ՀՀՀ-ի հետ, ակնկալելով վերջինիս աջակցութիւնը:
2016 թուականի Մարտ ամիսէն, ՀՀՀ-ի համագործակցութեան զարգացման մասնագէտ Նայիրա Գասպարեան, աշխուժօրէն համագործակցեցաւ տարբեր դպրոցներու հետ:...
|
|
|
|
|
|
ՀԲԸՄ-ի Դպրոցներու Սաները Եւ Ծրագիրներու Մասնակիցները ՀՀՀ Այցելեցին
Յունիս 10-ին, ՀՀՀ-ը շուրջ 30 աշակերտ հիւրընկալեց Գալիֆորնիոյ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան դպրոցէն եւ 40 սան Փասատենայի ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան դպրոցէն: ՀՀՀ-ի համագործակցութեան եւ զարգացման բաժինի մասնագէտ Նայիրա Գասպարեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի առաքելութիւնը, նպատակները, համալսարանի գործունէութիւնը եւ հնարաւորութիւնները:
Օգոստոս 9-ին, ՀԲԸՄ-ի « Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագիրի մասնակիցները եւս այցելեցին ՀՀՀ, ...
|
|
|