avc_logo

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, Smithsonian Հաստատութիւնը Եւ USAID-ը Պիտի Հրապարակեն Վայոց Ձորի Զբօսաշրջութեան Նուիրուած Մուլթիմետիա Ել. Գիրք

21 Հոկտեմբեր 2016-էն, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը պաշտօնապէս սկսաւ համագործակցիլ USAID-ի (ԱՄՆ ՄԶԳ) հիմնած եւ Smithsonian հաստատութեան կողմէ իրագործուած «Իմ Հայաստան» ծրագիրի հետ։
Համագործակցութեան նպատակն է...


ՀՀՀ-ի Ճատրակի Առցանց Ծրագիրը Ներկայացուեցաւ Միջազգային Երկու Համաժողովներու Ընթացքին

ՀՀՀ-ի համար 2016 թուականը յատկանշուեցաւ ճատրակի երկու միջազգային համաժողովներու մասնակցութեամբ։ «Ճատրակի Ուսուցման Տեսական Եւ Գործնական Հիմնահարցերը Դպրոցի Մէջ» խորագիրը կրող համաժողովը տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ, իսկ «Ճատրակի Ուսուցում» համաժողովը՝ Պաթումի (Վրաստան) մէջ։
Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիայի կազմակերպած ...


ՀՀՀ-ը Պիտի Հրապարակէ ՀԲԸՄ-ի Մէկդարեայ Պատմութիւնը՝ Ել. Տարբերակով

2 Դեկտեմբեր, 2016-ին ՀԲԸՄ-ի 110 -ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն ընթացքին, ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ը պաշտօնապէս ներկայացուց իր երրորդ ել. գիրքը՝ «Դար Մը Պատմութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» երկհատորեակը։
Ռայմոնտ Յ. Գէորգեանի եւ Վահէ Թաշճեանի հեղինակութեամբ երկհատորեակի բնօրինակը լոյս տեսած է 2006-ին ...




 

Համագործակցութեան Նոր Հեռանկարներ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան Դպրոցին Հետ, ԱՄՆ

ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան դպրոցը (ԱՄՆ) տարիներ շարունակ մասնակցած է ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին։ Սակայն, դպրոցի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները ընդարձակուեցան, ՀՀՀ-ի ակադեմական տնօրէն Դոկտոր Յասմիկ Խալափեանի այցելութենէն ետք։
11 Յունուար 2017-ին, Դոկտ. Յասմիկ Խալափեանը դպրոցի ուսուցիչներուն ներկայացուց ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը...


ՀՀՀ-ը Մասնակցեցաւ «Ռուսաստանի Հայկական Սփիւռքը» Խորագիրով Համաժողովին

Սոյն թուականի Հոկտեմբերի 13-ին եւ 14-ին, ՀՀՀ-ը մասնակցեցաւ «Ռուսաստանի Հայկական Սփիւռքը» խորագիրը կրող միջազգային երկօրեայ համաժողովին։ Համաժողովը կազմակերպած էին Երեւանի Պետական Համալսարանը, Պատմութեան Ֆակուլտետի Սփիւռքագիտութեան Ամպիոնը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի հայկական բաժինը: ՀՀՀ-ի անձնակազմն ալ մասնակցեցաւ համաժողովին, քննարկելու համար Ռուսաստանի հայկական գաղութի ներկայ իրավիճակը, Ռուսաստանի հայերուն բնորոշ առանձնայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնութեան պահպանման հետ առնչուող ...


2016 Թուականի Աշնանային Ուսումնական Շրջանը Համալրուեցաւ Ընկերային-Մշակութային Նոր Ձեռնարկով

2016 թուականի աշնանային ուսումնական շրջանին, ՀՀՀ-ը կազմակերպեց ընկերային-մշակութային նոր ձեռնարկ. այցելութիւն եւ վարպետաց դասընթացք ՀՀՀ-ի հետ:
ՀՀՀ-ը կազմակերպեց այցելութիւն դէպի «Մաչանենց» կեդրոն, որ հիւրատուն եւ ազգագրական թանգարան է՝ Էջմիածինի մէջ: Այստեղ, այցելուները կրնան տեսնել հայկական արուեստի նմոյշներ, ինչպէս նաեւ, հետեւիլ եւ մասնակցիլ կաւագործութեան, գորգագործութեան, ...


«Բացայայտենք Երեւանը» Ել. Գիրքի Ցուցադրութիւն. «Բարի Գալուստ Հայաստան. Զբօսաշրջութեան Ֆորում -2016»

28 Հոկտեմբեր, 2016-ին, ՀՀՀ-ը ներկայացուց «Բացայայտենք Երեւանը» ել.գիրքը՝ «Բարի Գալուստ Հայաստան. Զբօսաշրջութեան ֆորում 2016»-ին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի գործարար-գործընկերներու(BPA) եւ Երեւանի ՀԲԸՄ-ի համատեղ ջանքերով։ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին համար կազմակերպուած այս միջոցառումին մասնակցած էին զբօսաշրջութեան ասպարէզի տարբեր կազմակերպութիւններ:
Միջոցառումի ընթացքին ՀՀՀ-ը ներկայացուց «Բացայայտենք ...


ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահի Հանդիպումը Պրիւքսէլի Երիտասարդ Արհեստավարժներու Հետ

27 Նոյեմբեր, 2016-ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Ե. Զօրեան այցելեց Պրիւքսէլ եւ հանդիպում ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Երիտասրդ Արհեստավարժներու հետ:
Մտերմիկ հանդիպումին մասնակցեցան մօտաւորապէս 20 երիտասարդներ, գլխաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Պրիւքսէլի Երիտասարդ Արհեստավարժներու ատենապետ Սարգիս Պետրոսեանի եւ փոխ-ատենապետ Սեւակ Աբէլեանի։ Դոկտ. Զօրեան խօսեցաւ ՀԲԸՄ-ի երետասարդական ծրագիրներուն, Հայկական Համացանցային Համալսարանին եւ ...


Արեւմտահայերէնը Հայաստանի Մէջ. Մարտահրաւէրներ Եւ Հեռանկարներ

26 Նոյմբեր, 2016-ին, ՀՀՀ-ը մասնակցեցաւ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի Մէջ. Մարտահրաւէրներ Եւ Հեռանկարներ» խորագիրը կրող համաժողովին: Համաժողովը կազմակերպած էր «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան Երիտասարդաց Խորհուրդը, ՀՀ Կրթութեան Նախարարութեան եւ ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ:
Համաժողովին մասնակցած էին յայտնի լեզուաբաններ, հայագէտներ, պետական եւ ոչ -պետական կազմակերպութիւններու ...


ՀՀՀ-ի Ճատրակի Դասընթացքը Ներկայացուեցաւ Կոտայքի Եւ Երեւանի Ճատրակի Ուսուցիչներուն

ՀՀՀ-ը կ’ընդլայնէ ճատրակի իր ծրագիրը ոչ միայն Հայաստանի սահմաններէն դուրս, այլ նաեւ Հայաստանէն ներս։ Հայաստանի ճատրակի ուսուցիչներուն ծրագիրը ներկայացնելու համար` ՀՀՀ-ը ունեցաւ երկու կարեւոր հանդիպում. առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Կոտայքի ճատրակի ուսուցիչներուն հետ, երկրորդը` Երեանի ուսուցիչներուն հետ։
12 Նոյեմբեր 2016-ին, ՀՀՀ-ի անձնակազմը Աբովեան քաղաքի ճատրակի դպրոցի մէջ ներկայացուց ճատրակի իր առցանց ծրագիրը ...


ՀՀՀ-ի Ել. Գիրքերը Ներկայացուեցաւ ԵԿՏԱ-ի Եւ ԵՊՀ-ի Զբօսաշրջութեան Ֆակուլտետի Ուսանողներուն

ՀՀՀ-ի ել. գիրքերը, յատկապէս «Բացայայտենք Երեւանը» ելեկտրոնային ուղեցոյցը կը գրաւէ զբօսաշրջութեան զարգացման հետեւող լսարանի ուշադրութիւնը։ 2016 թուականի Նոյեմբերին, ՀՀՀ-ի ել. գիրքերու շարքը յատուկ դասախօսութեամբ ներկայացուեցաւ Եւրոպական Կրթական Տարածաշրջանային Ակադեմիայի (ԵԿՏԱ) զբօսաշրջութեան ֆակուլտետի եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի(ԵՊՀ) կայուն զբօսաշրջութեան կառավարման ֆակուլտետի ուսանողներուն:
Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 15-ին ...


ՀԲԸՄ-ի Վահէ Կարապետեան Կեդրոնի Ներկայացուցիչները Ծանօթացան ՀՀՀ-ին

24 Հոկտեմբեր, 2016-ին, ՀՀՀ-ի ծրագիրի առաւելութիւններուն ծանօթացան ՀԲԸՄ-ի Վահէ Կարապետեան Կեդրոնի ներկայացուցիչները, ուսանողները եւ այն գիտաշխատողները՝ Հայաստանէն ու արտասահմանէն, որոնք կը հետեւին Հայաստանի տարբեր համալսարաններուն եւ կը մասնակցին տարբեր նախաձեռնութիւններուն:
ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրը համակարգող Մարինա Խաչատուրեան խօսեցաւ ՀՀՀ-ի ծրագիրի մասին եւ ներկայացուց առցանց կրթութեան ...


ՀՀՀ-ի Ընդլայնումը

30 Սեպտեմբեր 2016 –ին, ՀՀՀ-ի անձնակազմը այցելեց Երեւանի ԵՊԲՀ Հերացի աւագ դպրոցը, ՀՀՀ-ի ծրագիրը՝ ընդհանրապէս եւ հիպրիթ ծրագիրը՝ յատկապէս աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին ներկայացնելու համար:
ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը ներկայացուց համալսարանի գործունէութիւնը, խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչպէս ճարտարագիտութիւնը վերափոխեց սորվելու սովորոյթը, շեշտելով, որ ՀՀՀ-ը կ’օգտագործէ ճարտարագիտութեան արդի միջոցները ...

 

Կապի Մէջ Մնացէք

ՀՀՀ-ի Մասին

ՀԲԸՄ –ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) առցանց առաջին ուսումնական հաստատութիւնն է, որ կը միտի վերափոխել հայկական կրթութիւնը՝ հեռավար ուսուցման արդի ճարտարագիտութեան միջոցով։ 2009 –էն ի վեր, ՀՀՀ-ը կը տրամադրէ հաւատարմագրուած եւ համապարփակ հեռավար կրթութիւն՝ առաջարկելով բազմաբնոյթ բովանդակութիւն, երեւութական եւ/կամ հիպրիթ ուսուցման հարթակ: Հեռավար ուսուցումը կեանքի կը կոչուի հեռավար ուսուցիչներու, երեւութական դասարաններու եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցով։ ՀՀՀ-ը հասանելի է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին հայկական կրթութիւն ստանալ եւ առցանց կապ հաստատել աշխարհով մէկ տարածուած հայ ուսանողներու հետ։