Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ը Կ’ուսումնասիրէ Առցանց Ուսուցման Հնարաւորութիւններու Ընդլայնումը ՀՀՀ-ի Հետ
28 եւ 29 Յունուար, 2017-ին, Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ի շրջանակէն մօտաւորապէս 40 անդամ, Պրիւքսէլի մէջ ներկայ գտնուեցան Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ի ժողովին, մշակելու համար յառաջիկայ հինգ տարիներու ռազմավարութեան ծրագիրը:
Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ի ռազմավարութեան չորս հիմնական սիւներէն է՝ լեզուն եւ ժառանգութիւնը: Այս առումով, առանցքային որոշում հանդիսացաւ ՀՀՀ-ի միջոցով առցանց ուսուցման հնարաւորութիւններու հզօրացումը: Աշխատանքային չորս ...
|
|
|
|
|
ՀՀՀ-ի Ել. Գիրքերը՝ Երեւանի Հանրային Դպրոցներէն Ներս
ՀՀՀ-ի ել. գիրքերը աշակերտները կ՚օգտագործեն թէ՛ իբրեւ ընթերցանութեան գիրքեր, թէ՛ կրթական նպատակներով: Այս գարնան, ՀՀՀ-ը շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի դպրոցներուն հետ: Թիւ 136 եւ 108 դպրոցներու աշակերտները ել. գիրքերուն ծանօթանալէ ետք, յաճախ սկսան օգտագործել այդ գիրքերը:
ՀՀՀ-ի շնորհիւ, 22 Մարտ, 2017-ին, Երեւանի թիւ 108 հանրային դպրոցի աշակերտները եւ ուսուցիչները ծանօթացան ել. գիրքերու հրաշալի աշխարհին, գրաւիչ յատկանիշներուն...
|
|
|
Սիտնիի Լոյս Հայկական Վարժարանը Կը Միանայ ՀՀՀ-ի Հիպրիթ Ծրագիրին
ՀՀՀ-ին միացող հայկական դպրոցներուն թիւը կ’աւելնայ իւրաքանչիւր ուսումնական շրջան, արձանագրելով նոր յաջողութիւններ: Վերջերս, ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին միացաւ Սիտնիի Լոյս Հայկական Վարժարանը, աւանդական կրթական ծրագիրը հարստացնելով առցանց կրթութեան նոր միջոցներով:
Աւստրալիոյ մէջ ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ Միհրան Լեփէճեանի հետեւողական ջանքերուն եւ վարժարանի ուսուցչուհի Իրինա Ղուկասեանին շնորհիւ, ...
|
|
|
|
|
Կապուածութեան Հիանալի Զգացում
Պոլսահայ Արման Կոճայեան ՀՀՀ-ի մասին խօսելու ատեն յստակօրէն կը նշէ, թէ Հայկական Համացանցային Համալսարանը մարդիկը իրար միացնելու ուժ ունի. «Շատ հաճելի իրականութիւն է այն, որ ՀՀՀ տարբեր տարածքներու վրայ ապրող մարդիկը կրնայ իրար միացնել. օրինակ՝ եթէ անհատ մը կ՚ապրի Գանատա, իսկ անոր մայրը՝ Պոլիս, ՀՀՀ-ի շնորհիւ անոնք կրնան միանալ մէկ ընդհանրական տարածքի մէջ։ Ասիկա միասնութեան եւ կապուածութեան հոյակապ զգացում մը կը ստեղծէ »։
Արման կ՚աշխատի շքեղ ապրանքներու վաճառք իրականացնող հաստատութեան մը մէջ, ...
|
|
|
|
|
|
ՀՀՀ-ի Ճատրակի Վարպետաց Դասընթացքը՝ Երեւանի Հանրային Դպրոցներէն Ներս
Կրթական տարբեր ոճեր օրէ օր կը զարգանան եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն, քանի որ կրթական շատ հաստատութիւններ, կը փափաքին օգտագործել ոչ միայն աւանդական կրթութիւնը, այլեւ՝ առցանցը. երբեմն, նոյնիսկ, կիրառելով կրթական երկու ոճերը:
17 Մարտ, 2017-ին, ՀՀՀ-ի ճատրակի հեռավար ուսուցիչ՝ Վահագն Քալանթարեանը, ճատրակի վարպետաց դասընթացք կազմակերպեց Երեւանի Արտեմ Միկոյեանի անուան թիւ 166 հիմնական...
|
|
|
Կրանատա- Հռչակաւոր Եւրոպական Համալսարանը Կը Տրամադրէ Հայոց Լեզուի Դասընթացքներ
ՀՀՀ-ը միշտ կը համագործակցի ուսումնական տարբեր հաստատութիւններու հետ: Կրանատայի համալսարանի հետ համագործակցութիւնը սկսած է 4 տարի առաջ: Դոկտ. Ե. Զօրեանի Կրանատա կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած են քննարկումներ, նոր ծրագիրներու մասին:
Առաջին համագործակցութիւնը հաստատուած է համալսարանի թարգմանչական բաժինի հայ ուսանողներու նախաձեռնութեամբ, որոնք փափաքած են ներառել ՀՀՀ-ի հայերէնի առցանց դասընթացքները, ...
|
|
|
|
|
«Nouvelle d’Armenie» Ամսագիրը Կը Ներկայացնէ ՀՀՀ-ը Ճարտարագիտական Միջոցները՝ Կրթութեան Համար
8 տարուան գործունէութեան ընթացքին, ՀՀՀ-ի մասին անդրադարձած են միջազգային բազմաթիւ լրատուական միջոցներ։ Վերջինը, Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող «Nouvelles d’Arménie» ամսագիրն էր։
Սոյն ամսագիրը ՀՀՀ-ի գործունէութեան մասին անդրադարձած էր դեռ անցեալ տարի։ Այս անգամ, կրկին անդրադարձած է Ապրիլին լոյս տեսած թիւին մէջ։ Ամսագիրը ընդգծած է ՀՀՀ-ի կարեւորութիւնը՝ աշխարհասփիւռ հայութեան համար, ...
|
|
|
Գիտաժողով Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Մէջ Առցանց Կրթութեան Առանձնայատկութիւնները
Հայկական Համացանցային Համալսարանը, ինչպէս նաեւ առցանց կրթութեան այլ մասնագէտներ եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ապրիլ 14-ին մասնակցեցան Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին, որ նուիրուած էր առցանց կրթութեան առանձնայատկութիւններուն։ Մասնակիցները խօսեցան իրենց ունեցած փորձառութեան մասին՝ այս ասպարէզէն ներս։
ՀՀՀ-ի Կրթական Բաժինի տնօրէն՝ փրոֆ. Յասմիկ Խալափեանը ...
|
|
|
|
|
Երուսաղէմի Ս. Թարգմանչաց Հայկական Վարժարանի Միացումը ՀՀՀ-ի Հիպրիթ Ծրագիրին
ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը միշտ նոր յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ եւ ուսուցման նորարարութիւններով մեծ հետաքրքրութիւն կ՚առաջացնէ։ Երուսաղէմ կատարած իր վերջին այցելութեան ժամանակ, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեանը հանդիպեցաւ Ս. Թարգմանչաց հայկական վարժարանի տնօրէնին հետ։ Վարժարանը արդէն նախատեսած էր ՀՀՀ-ի հայոց պատմութեան դասընթացքը ընդգրկել իր ծրագիրէն ներս։
Վարժարանի տնօրէն Տ. Նորայր Վրդ. Գազազեանի ...
|
|
|
Հայ-Ռուսական (Սլաւոնական) Համալսարանի Համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի Հետ
Հայ- ռուսական (սլաւոնական) համալսարանի հետ համագործակցութիւնը սկիզբ առաւ 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին (2016 -ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 2017-ի Յունիս)։ Դասընթացքին կը մասնակցին կառավարման եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի 16 ուսանող։ Դասընթացքը կը տրամադրուի ռուսերէն լեզուով։ Ուսանողները կրնան յաջորդաբար հետեւիլ ՀՀՀ-ի արեւելահայերէնի դասընթացքի 3 մակարդակներուն` սկսնակ, տարրական եւ նախամիջին։
ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի շնորհիւ, ուսանողները կ՚օգտուին ...
|
|
|
|
|
Պէյրութի Հայ Աւետարանական Դպրոցը Կը Միանայ Հիպրիթ Ծրագիրին
Պէյրութի Հայ Աւետարանական Դպրոցի եւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի համագործակցութեան հիմքը դրուած է 2017-ի գարնանային ուսումնական շրջանի սկիզբը` ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ջանքերով։
ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթական ծրագիրը նախատեսուած է այն դպրոցներուն, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումնական ծրագիրներուն կողքին կիրառել ուսումնական նոր ոճեր։ Հայկական Աւետարանական Դպրոցի տնօրէնութեան կարծիքով, ...
|
|