avc_logo

Հայոց պատմութեան նոր ծրագիր համաշխարհային երկրորդական դպրոցներու համար

Օսթընի Համաշխարհային գործերու խորհուրդի «Global Scholars Diploma» ծրագիրին հետեւող երեք համաշխարհային երկրորդական վարժարաններ հետեւեցան Հայկական համացանցային համալսարանի Հայոց պատմութեան դասընթացքին: Ուսանողները պիտի հետեւին ՀՀՀ-ի հայոց պատմութեան դասընթացքներուն, ...


Ժիւլիէն Լեքուտուրիէ «Ես կ'ուզեմ ՀՀՀ-ի հետ շարունակել հայերէն սորվիլը»

30 տարեկան Ժիւլիէն Լեքուտուրը խօսեցաւ իր մասին, նշելով թէ ինք մէկն է այն երիտասարդներէն , որոնք թէեւ հայրենիքէն հեռու ծնած են, բայց իրենց արմատները կը փնտռեն:
Առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 2015-ին: ՀՀՀ-ի մասին տեղեկութիւն ստանալէ ետք որոշած է արձանագրուիլ ֆրանսերէնով մատուցուող արեւելահայերէնի սկսնակներու դասընթացքին ...


Ճատրակի համահայկական 2-րդ ճամբարը եւ մրցաշարքը մեծ յաջողութեամբ հասաւ իր աւարտին

Ճատրակի համահայկական 2-րդ առցանց ճամբարը (PACT-2), մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Յուլիս 26-Օգոստոս 12: Առաջին տարուան յաջողութենէն ետք, (PACT-2)-ի կազմակերպիչները մրցաշարքը հարստացուցին եւ ծրագիրը ընդլայնեցին։
Այս տարուան մրցաշարքին նախորդեց մէկ շաբաթուան ճամբար մը, որուն մասնակցեցան 850 ճատրակասէրներ...




 

Նոր դպրոց. NEHAS

Սեպտեմբերին, ՀԲԸՄ-ի Նոր Անգլիոյ մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ դպրոց մը հիմնուեցաւ: Նպատակն է ամբողջացնել տուեալ տարածաշրջանի հայկական կրթութեան բացը: NEHAS-ը (New England District Hybrid Armenian School), այսինքն Նոր Անգլիոյ հայկական դպրոցը ամբողջովին որդեգրած է ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը, արեւմտահայերէնի նոր դասընթացքը (v 2.0)՝ իր վերամշակուած ծրագիրով եւ ոճով։
ՀՀՀ-ի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, «HEHAS»-ի ուսուցիչները կը վարեն շաբաթական իրենց դասերը: Դասերէն բացի աշակերտները ունին արտադասարանային հետաքրքրական պահ մը, ուր տարբեր ձեռնարկներու եւ խաղերու կը մասնակցին՝ հայերէն լեզուով:


«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը

Վերջին տարիներուն ՀՀՀ –ը, համագործակցելով ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի հետ, «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն կը տրամադրէ արեւմտահայերէնի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի դասընթացքներ։
Այս տարի մօտաւորապէս 360 հայ երիտասարդ, 25 տարբեր երկիրներէ, մասնակցեցան ՀՀՀ-ի ծրագիրնու ներկայացման հանդիպումին: Անոնցմէ շատեր, աւելի քան150 մասնակիցներ, փափաքեցան յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալ ՀՀՀ-ի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ կրթական նոր նախագիծերուն մասին։ Պելառուսի հայկական համայնքի երիտասարդական միութեան անդամները այցելեցին ՀՀՀ-ի գրասենեակ, որպէսզի իրենց համայնքին համար հակիրճ տեսանիւթ մը պատրաստեն ...


ՀԲԸՄ-ի առաջնորդութեան համաշխարհային ծրագիր-խորհրդատուութեան երեւութական ծրագիր 2021

Այս տարի մեծ յաջողութեամբ իրականացուած ՀԲԸՄ-ի առաջնորդութեան համաշխարհային ծրագիրին մասնակիցները հետեւեցան ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի (v 2.0) դասընթացքներուն:

ՀՀՀ-ը ծրագիրին 60 մասնակիցներուն համար կազմակերպեց առցանց երկու ձեռնարկ, ներկայացնելով հայկական ժառանգութիւնը:
Մասնակիցները ՀՀՀ-ի կողմէ ստացան վկայագիրներ՝ աշխոյժ մասնակցութեան համար:
Անոնք ներկայացուցին իրենց տպաւորութինը յատուկ տեսանիւթով:


ՀՀՀ-ի կրթական հարթակ-«Հայկական ժառանգութեան հետքերով»

ՀՀՀ-ի կրթական հարթակի կազմակերպած «Հայկական ժառանգութեան հետքերով» մրցոյթը յաջողութեամբ ամփոփուեցաւ 5 Յունիս, 2021-ին: Պրազիլէն, Արժանթինէն, ԱՄՆ-էն, Պուլկարիայէն, Իտալիայէն, եւ Ռուսիայէն մասնակիցները, ոչինչ խնայեցին իրենց համայնքներու հայկական ժառանգութիւնը լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու համար:
Առցան քուէարկութենէն ետք յաղթող հանդիսացան.
-Սապրինա Մոնտի, Իտալիա- լաւագույն տեղեկատուական նախագիծ
-Մարինեէ Մանճիկեան, Հայաստան- լաւագոյն վարպետաց դաս
-Ֆլորենսիա Տեմիրճեան, Արժանթին- լաւագույն ժամանցային, հետաքրքրական նախագիծ

Ներկայացուած բոլոր նախագծերը տեսնելու համար, սեմեցէք հետեւեալ յղումը եւ արձանագրուեցէք
ՀՀՀ-ի կրթական հարթակ .

Մրցանակաբաշխութեան տեսագրութիւնը


Հայ մանկավարժներու կապը ՀՀՀ-ի հարթակի հետ կը շարունակուի

Հայ մանկավարժներու առցանց համայնքը կազմուեցաւ 2020 թուականի Օգոստոսին, Համահայկական կրթական առցանց խորհրդաժողովի ընթացքին։ Այսօր այս համայնքը ունի աւելի քան 1360 անդամ՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն։
Այս հարթակէն ներս, 28 Օգոստոս 2021-ին, «Հայերէնի դասաւանդման հարցեր» խորագիրով առցանց հանդիպում-քննարկում մը կազմակերպուեցաւ: Օրուան բանախօսն էր բանասէր, ազգագրագէտ, հայերէնի դասագիրքերու հեղինակ, գիրքերու խմբագիր եւ կրթական գործիչ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը: Այս առցանց համայնքը մեծ առիթ է մասնակիցներուն համար: Անոնք այս համայնքի շնորհիւ կրնան իրարու հետ կապի մէջ մնալ եւ զիրար մասնագիտական տեղեկութիւններ փոխանցել ...


Սիամանթօ լսարանը կը շարունակէ իր համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի հետ

Նիւ Եորքի Սիամանթօ լսարանի 45 աշակերտները կը հետեւին ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դասընթացքներուն:

29 Մայիս 2021-ին, ամավերջի առցանց ձեռնարկին, Հայ ազգային ուսումնական խորհուրդի (ANEC) տնօրէն Մարի Կիւլիւմեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀՀ-ին եւ հեռավար ուսուցիչներուն, առցանց կրթութեան ոլորտի մէջ իրենց ձեռք ձգած յաջողութեան համար ...


Յաջողութեամբ լեցուն ուսումնական տարեշրջան մը եւս . Գանատայի ՀՀՀ-ի հիպրիթ դպրոցներ

12 Յունիս 2021-ին, ՀԲԸՄ-ի Մոնթրէալի «Հայորդեաց օր» շաբաթօրեայ ծրագիրի 30 աշակերտները եւ ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի 12 անդամները ստացան իրենց վկայականները: Անոնք յաջողութեամբ աւարտեցին ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի (v 2.0) եւ ճատրակիի դասընթացքները։ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը, հեռավար ուսուցիչներ Միքայէլ Անտրիասեանը եւ Զեփիւռ Խպլիկեանը մասնակցեցան առցանց ձեռնարկին ու իրենց շնորհաւորական խօսքը յղեցին ուսանողներուն եւ ՀԲԸՄ-ի Գանատայի երկու մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն ...

 

Կապի Մէջ Մնացէք

ՀՀՀ-ի Մասին

ՀԲԸՄ –ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) առցանց առաջին ուսումնական հաստատութիւնն է, որ կը միտի վերափոխել հայկական կրթութիւնը՝ հեռավար ուսուցման արդի ճարտարագիտութեան միջոցով։ 2009 –էն ի վեր, ՀՀՀ-ը կը տրամադրէ հաւատարմագրուած եւ համապարփակ հեռավար կրթութիւն՝ առաջարկելով բազմաբնոյթ բովանդակութիւն, երեւութական եւ/կամ հիպրիթ ուսուցման հարթակ: Հեռավար ուսուցումը կեանքի կը կոչուի հեռավար ուսուցիչներու, երեւութական դասարաններու եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցով։ ՀՀՀ-ը հասանելի է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին հայկական կրթութիւն ստանալ եւ առցանց կապ հաստատել աշխարհով մէկ տարածուած հայ ուսանողներու հետ։