avc_insights
Ժիւլիէն Լեքուտուրիէ «Ես կ'ուզեմ ՀՀՀ-ի հետ շարունակել հայերէն սորվիլը»

30 տարեկան Ժիւլիէն Լեքուտուրիէն իրենց արմատները փնտռող հայրենիքէն հեռու ծնած երիտասարդներէն է: ֆրանսա մեծցած Ժիւլիէնը ներկայիս Վերսալ կը բնակի: Ան կը նշէ.« Թէեւ իմ հայկական արմատները հեռաւոր անցեալի մէջ մնացած են, բայց միշտ մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած եմ Հայաստանի, հայկական մշակոյթի ու պատմութեան հանդէպ»:

Ժիւլիէնը շատ քիչ տեղեկութիւն ունի մեծ մօր ծնողներուն մասին: Միայն գիտէ, որ մեծ մօր ծնողները վերապրած են հայոց ցեղասպանութենէն եւ ծագումով Սեբաստիոյ Մանճելեխ գիւղէն են:

Ժիւլիէնը կ'ըսէ. «Ես երբեք չեմ գացած իմ նախնիներուս հայրենիքը։ Այդ մէկը իմ երազանքս է: Մեծ մայրիկս, հիմա այլեւս հայերէն չի խօսիր, թէեւ իր սորված առաջին լեզուն հայերէնն էր»:

Ժիւլիէնը 15 տարեկանին որոշեր է հայերէն սորվիլ: Նախ Փարիզի քով գտնուող համայնաքային կեդրոնի մէջ հետեւած է արեւմտահայերէնի դասերուն, ապա յաճախած է Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային ինստիտուտը (INALCO)։
Ան առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 2015-ին, եւ մէկ տարի մնացած է որպէս Եւրոպական կամաւորական ծառայութեան անդամ.« Անմոռանալի եւ արդիւնաւէտ փորձառութիւն էր: Միշտ կը յիշեմ խաղաղ եւ հանգիստ Իջեւանը, գրաւիչ միջավայրը, համալսարանի ֆրանսերէն բաժինի խելացի ուսանողները»:

Հայաստան բնակելու ընթացքին հետեւած է արեւելահայերէնի դասերուն: ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի մասին (ՀՀՀ) տեղեկութիւն ունեցած է լիբանանահայ ծանօթէ մը: Երբ Երեւան տեղի ունեցած Digitech ցուցահանդէսին կը ծանօթանայ ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչներուն, կ'որոշէ արձանագրուիլ սկսնակներու դասընթացքին։ Հիմա արդէն արեւելահայերէնի բարձր մակարդակի ուսանող է։

Ան որոշած է ՀՀՀ-ի միջոցով շարունակել սորվիլը, մինչեւ որ

տիրապետէ արեւելահայերէնին. «Խորհուդ կու տամ բոլոր անոնց, որոնք կ'ուզեն սորվիլ կամ բարելաւել հայերէն լեզուն, հետեւին ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն»: Ան կը նշէ. «Այս ծրագիրը յատկապէս օգտակար է շատ զբաղած մարդոց եւ կրթական աւանդական կեդրոններէն՝ դպրոցներէ ու համալսարաններէ հեռու ապրող մարդոց համար: Առաւել, բոլոր անոնք, որոնք չեն կրնար ամէն օր շատ ժամանակ տրամադրել, կրնան ընտրել ուսման երկարատեւ ընթացքը (16-շաբաթ)»:

Ժիւլիէնը հաճոյքով կը հետեւի ՀՀՀ-ի ներգործօն առցանց դասերուն: Շատ կը սիրէ կարդալ հայերէն կարճ, հետաքրքրական եւ գեղեցիկ գրութիւնները:

Ան հայախօս ընկերներ եւ ծանօթներ շատ չունի. անոր համար կը փորձէ յաճախ գործնական հանդիպումներ ունենալ հեռավար ուսուցչուհիիս՝ Ովսաննա Ճորոխեանին հետ:

Ժիւլիէնը այսպէս կ'եզրափակէ իր խօսքը. «Ես պէտք է յատկապէս շեշտեմ իմ ուսուցչուհիի՝ տիկին Ովսաննա Ճորոխեանի արհեստավարժ մօտեցումը եւ բարութիւնը։ Զինք վեց տարիէ կը ճանչնամ: Ան միշտ իմ կողքիս է: Զիս կը քաջալերէ, որ յաղթահարեմ դժուարութիւնները եւ հայերէն սորվիմ: Երախտապարտ եմ ՀՀՀ-ի ամբողջ անձնակազմին այս հոյակապ եւ շատ կարեւոր աշխատանքին համար»:

Հեղինակ՝ Նաիրա Ադամյան
Facebook     Twitter



Կապի Մէջ Մնացէք

ՀՀՀ-ի Մասին

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական առցանց կրթութիւն առաջարկող հաւատարմագրուած առաջատար կառոյցներէն մէկն է։ Իր նպատակն է հայկական կրթութիւն տրամադրել՝ ճարտարագիտական նորագոյն միջոցներով։ ՀՀՀ-ի առցանց լսարանները, 2009-էն ի վեր, յատկացուած են այն ուսանողներուն, որոնք կարելիութիւնը չեն ունեցած հետեւելու հայկական աւանդական կրթական ծրագիրներուն։ Զուգահեռ, ՀՀՀ-ն օժանդակ նիւթեր կը տրամադրէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին օգտուիլ իր տարբեր հնարաւորութիւններէն։ Ելեկտրոնային գիրքերու շարքի թողարկումը եկաւ հաստատելու, որ ՀՀՀ-ն կ’ընդլայնէ իր աշխատանքային ոլորտը, ընդգրկելով նոր ուղղութիւններ։