Հին շրջանի հայոց պատմութիւն - մաս 1
Ուսումնական շրջան | Արձանագրութիւն | Դասընթացք |
---|---|---|
Ձմեռ 2021 | Նոյեմբեր 27 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 20 (Կիրակի) 2020 | Յունուար11 (Երկուշաբթի) - Մարտ 16 (Երեքշաբթի) |
Գարուն 2021 | Մարտ 12 (Ուրբաթ) – Մարտ 28 (Կիրակի) | Ապրիլ 12 (Երկուշաբթի) – Յունիս 15 (Երեքշաբթի) |
Ամառ 2021 | Յունիս 11 (Ուրբաթ) – Յունիս 27 (Կիրակի) | Յուլիս 19 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 21 (Երեքշաբթի) |
Աշուն 2021 | Սեպտեմբեր 17 (Ուրբաթ) - Հոկտեմբեր 03 (Կիրակի) | Հոկտեմբեր 11 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 14 (Երեքշաբթի) |
Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)
Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային) | 1 - 2 ժամ |
Քննարկումներ, անհատական եւ խմբային աշխատանքներ | 2 - 3 ժամ |
Հարցումներ, առաջադրանքներ | 1 - 2 ժամ |
Ակնկալուող շաբաթական մասնակցութիւնը | 4 - 7 ժամ |
- Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցուին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսահաղորդակցութեան միջոցով։
- Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը։
- Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը։
Դասընթացքի նկարագրութիւնը եւ նպատակները
Դասընթացքը կը ներկայացնէ հին շրջանի Հայոց Պատութեան համառօտ նկարագրութիւնը: Դասընթացքը կը բաղկանայ 8 դասերէ եւ կը նեռարէ Հայկական բարձրավանդակի աշխարհագրութիւնը, Հայաստանի աշխարհագրութիւնը, հնդեւրոպացիներուն հետ Հայաստանի հարաբերութիւնները, հայկական կառավարման կառոյցներուն հայակական ծագումնաբանութիւնը, Հայաստանի անկախութեան խնդիրներուն սոցիալական, քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման եւ հայկական եկեղեցիին պատմութիւնը:
Հին Շրջանի Հայոց Պատմութեան դասընթացքը մատչելի է մեծ լսարանի համար:
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերուն մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն նիւթերը կազմուած են հասարակայնօրէն հասանելի մասնագիտական պատմական գրականութեան, գիտական գրականութեան ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակախօութիւններու, դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու, պատմագիտական քննարկումներու եւ բանավէճերու հիման վրայ:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչ-համալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու պատմութեան ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար:
- Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն, ՀԳԱ հրատ., հատոր 1-8, Երեւան 1967-1984
- Է. Դանիէլեան, Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան 2008
- Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան 1998
Դասընթացքն աւարտելէ ետք ուսանողները ծանօթացած կ’ըլլան Հալոց Պատմութեան նշանակալից իրադարձութիւններու թուագրութեան, գիտելիքներ կ’ունենան համաշխարհային պատմութեան մէջ Հայոց պատմութեան դերի մասին, պատմական գործընթացքները ուսումնասիրելու, վերլուծելու, մեկնաբանելու եւ խնդիրները լուծելու փորձ:
- Հայկական լեռնաշխարհ (բնաշխարհ);
- Նախնական -համահայկական հասարակարգը Հայաստանի մէջ;
- Հայկական լեռնաշխարհը եւ հնդեւրոպական ժողովուրդներու նախահայրենիքը;
- Հայկական հնագոյն պետական կազմաւորումները;
- Վանի թագաւորութիւն (Ուրարտու);
- Հայաստանը Երուանդունիներու օրոք;
- Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը Արտաշէս Ա-ի օրոք;
- Հայկական պետութեան հզօրացումը Տիգրան Մեծի օրոք:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու գործընթացքի մէջ: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:
Դասընթացքը կը տեւէ 9 շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Ուսանողին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր շաբթուայ 5 օրերու ընթացքին:
Շաբաթ 0 |
Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն իրենց ուսանելու ոճը` ամբողջացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին: Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցման եւ ուսման միջոցներու հետ եւ կիրարկեն զանոնք: |
Շաբաթ 1-8 | Դաս ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթեր եւ տարբեր տեսակի գիտելիքներու նիւթերը) Անհատական եւ խմբային աշխատանքներ, հարցումներ: |
Շաբաթ 3 | Անհատական աշխատանքի յանձնում |
Շաբաթ 7 | Խմբային աշխատանքի յանձնում |
Շաբաթ 8 | Աւարտական քննութիւն |
Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները:
Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի ակադեմիական քաղաքականութեան հետ:
Անհատական նախագիծի նկարագրութիւնը: Իւրաքանչիւր ուսանող պէտք է մշակէ անհատական նախագիծ եւ նշուած ժամկետին ներկայացնէ զեկոյց: Նախագիծը պէտք է հիմնուած ըլլայ դասընթացքի ընթացքին քննարկուած թեմայի վրայ: Ուսանողները նախ պէտք է ուսուցիչին հետ խորհրդակցին ընտրուած թեմայի եւ բովանդակութեան շուրջ: Անոնք, որոնք թեման կ’ընտրեն նախօրոք , հնարաւորութիւն կ’ունենան դասընթացքի ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ քննարկումները օգտագործելու իրենց նախագիծին մէջ:
Խմբային նախագիծի նկարագրութիւնը: Խմբային նախագիծը հիմնուած է համեմատական մեթոդի վրայ: Ուսանողները համեմատական եզրեր կ’անցնեն իրենց երկիրներուն մէջ կատարուած իրադարձութիւններու եւ հայոց Պատմութեան դասընթացքին քննարկուող թեմայի ժամանակաշրջաններու միջեւ: Խումբի անդամները միասին կ’որոշեն իրենց աշխատանքի ձեւը, Word, PowerPoint կամ այլ թուային ծրագիրներու օգնութեամբ կը ստեղծեն զեկոյցներ` ներկայացնելով կատարուած համեմատութիւնները եւ ուսումնասիրութիւններու զուգահեռները:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
- 20% - մասնակցութիւնվ
- 25% - անհատական աշխատանք
- 25% - խմբային աշխատանք
- 30% - աւարտական քննութիւն
Առաջադրանքները ուշ յանձնելու ժամանակ
Ուսանողը առաջադրանքները պէտք է ճիշդ ժամանակին յանձնէ, որպէսզի դասէն օգտուի, իսկ ուսուցիչը հնարաւորութիւն ունենայ առաջադրանքը գնահատելու: Ուսանողը եթէ առաջադրանքը սահմանուած օրէն մէկ շաբաթ ուշ յանձնէ, ապա գնահատականը 10%-ով կը պակսի, իհարկէ, եթէ ուսուցիչը նախապէս տեղեկացուցած չըլլայ այդ մասին: Երկու շաբաթ ուշ յանձնուած առաջադրանքը չի գնահատուիր ուսուցիչին կողմէ, այլ միայն կը սրբագրուի:
Արձանագրուելու համար ամբողջացուցէքվ արձանագրութեան թերթիկը:
Վերադառնալ դասընթացքներու ցանկ