Բարձր - միջակայ արեւելահայերէն
Ուսումնական շրջան | Արձանագրութիւն | Դասընթացք |
---|---|---|
Ձմեռ 2021 | Նոյեմբեր 27 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 20 (Կիրակի) 2020 | Յունուար11 (Երկուշաբթի) - Մարտ 16 (Երեքշաբթի) |
Գարուն 2021 | Մարտ 12 (Ուրբաթ) – Մարտ 28 (Կիրակի) | Ապրիլ 12 (Երկուշաբթի) – Յունիս 15 (Երեքշաբթի) |
Ամառ 2021 | Յունիս 11 (Ուրբաթ) – Յունիս 27 (Կիրակի) | Յուլիս 19 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 21 (Երեքշաբթի) |
Աշուն 2021 | Սեպտեմբեր 17 (Ուրբաթ) - Հոկտեմբեր 03 (Կիրակի) | Հոկտեմբեր 11 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 14 (Երեքշաբթի) |
Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)
Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային) | 1 - 2 ժամ |
Քննարկումներ | 2 - 3 ժամ |
Առաջադրանքներ | 2 - 3 ժամ |
Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն | 5 - 8 ժամ |
- Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skaype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
- Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը.
- Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:
Դասընթացքի նկարագրութիւնը եւ նպատակները
Դասին հիմնական նպատակն է ուսանողներուն լեզուական գիտելիքները կատարելագործել: Ուսանողները բայի ըղձական, ենթադրական, հարկադրական եւ հրամայական ժամանակներուն խոնարհումը կը սորվին, ինչպէս նաեւ գոյականի հոլովումը: Կը շարունակեն զարգացնել իրենց խօսելու, կարդալու, գրելու եւ լսելով ըմբռնելու կարողութիւնը երկխօսութիւններու եւ բնագիրներու միջոցաւ եւ կամրապնդեն իրենց սորվածը զանազան վարժութիւններու օգնութեամբ:
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:
- Ս. Աբրահամեան, «Հայոց լեզու, բառուխօսք», (Երեւան, 1972)
- Գ. Ջահուկեան, «Հայոց լեզու», (Երեւան, 1976)
- Ջ. Կիւլամիրեան, «Հայոց լեզուի տարրական ուսուցման եղանակ», (Yerevan, 2006).
- Վ.Ի. Կապինոս, «Развитие речи. Теория и практика обучения» [Խօսքի զարգացում, ուսուցման տեսութիւն եւ կիրարկում], (Մոսկուա, 1991)
- Ս.Ճ. Սավիկնօն եւ Մ.Ս. Պրնս, Communicative language teaching: Where are we going? Studies in Language Learning. [Հաղորդակցման ուսուցում, Ո՞ւր կ’ երթանք, Լեզուի ուսուցում], (Օքսֆօրտ; Օքսֆօրտ Համալսարանի հրատարակութիւն, 1983)
Արեւելահայերէնի դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները բայերու եւ գոյականներու մասին իրենց ունեցած գիտելիքները ընդլայնած պիտի ըլլան, ինչն ալ պիտի նպաստէ ուսանողներուն մինչեւ հիմա ձեռք բերած գիտելիքներուն հարստացմանը: Ուսանողները նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ սորվելով կարելիութիւն պիտի ունենան ճշգրիտ եւ պարզ արտայայտելու իրենց միտքերը թէ´ բանաւոր, թէ´ գրաւոր:
- Բառեր, ըղձական ապառնի, ՙԻ՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
- Բառեր, ըղձական անցեալ, ՙՈւ՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
- Բառեր, Ենթադրական ապառնի, ՙԱն՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
- Բառեր, ենթադրական անցեալ, ՙՎա՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
- Բառեր, հարկադրական ապառնի, ՙՈջ՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
- Բառեր, հարկադրական անցեալ, ՙՑ՚ արտաքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն;
- Words; Imperative mood; «ա» internal conjunction, dialogue and text;
- Բառեր, արգելական հրամայական, ՙՈ՚ ներքին հոլովում, բնագիր եւ երկխօսութիւն:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:
Դասընթացքը կը տեւէ 9 շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Ուսանողին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր շաբթուայ 5 օրերու ընթացքին:
Շաբաթ 0 |
Ծանօթացումի շաբաթ: Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն իրենց ուսանելու ձեւը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին: Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցութեան եւ ուսման միջոցներու հետ եւ կիրարկեն զանոնք: |
Շաբաթ 1-8 | Դաս 1-8 Հարցումներ եւ առաջադրանքներ |
Շաբաթ 4 | Միջանկեալ քննութիւն |
Շաբաթ 8 | Աւարտական քննութիւն |
Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
- 20% - մասնակցութիւն
- 20% - առաջադրանքներ
- 30% - միջանկեալ քննութիւն
- 30% - աւարտական քննութիւն
Առաջադրանքները ուշ յանձնելու ժամանակ
Ուսանողը առաջադրանքները պէտք է ճիշդ ժամանակին յանձնէ, որպէսզի դասէն օգտուի, իսկ ուսուցիչը հնարաւորութիւն ունենայ առաջադրանքը գնահատելու: Ուսանողը եթէ առաջադրանքը սահմանուած օրէն մէկ շաբաթ ուշ յանձնէ, ապա գնահատականը 10%-ով կը պակսի, իհարկէ, եթէ ուսուցիչը նախապէս տեղեկացուցած չըլլայ այդ մասին: Երկու շաբաթ ուշ յանձնուած առաջադրանքը չի գնահատուիր ուսուցիչին կողմէ, այլ միայն կը սրբագրուի:
Արձանագրուելու համար ամբողջացուցէք Արձանագրութեան Թերթիկը:
Վերադառնալ դասընթացքներու ցանկ