Առաջադէմ արեւելահայերէն
Ուսումնական շրջան | Արձանագրութիւն | Դասընթացք |
---|---|---|
Ձմեռ 2021 | Նոյեմբեր 27 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 20 (Կիրակի) 2020 | Յունուար11 (Երկուշաբթի) - Մարտ 16 (Երեքշաբթի) |
Գարուն 2021 | Մարտ 12 (Ուրբաթ) – Մարտ 28 (Կիրակի) | Ապրիլ 12 (Երկուշաբթի) – Յունիս 15 (Երեքշաբթի) |
Ամառ 2021 | Յունիս 11 (Ուրբաթ) – Յունիս 27 (Կիրակի) | Յուլիս 19 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 21 (Երեքշաբթի) |
Աշուն 2021 | Սեպտեմբեր 17 (Ուրբաթ) - Հոկտեմբեր 03 (Կիրակի) | Հոկտեմբեր 11 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 14 (Երեքշաբթի) |
Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)
Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային) | 1 - 2 ժամ |
Քննարկումներ | 2 - 3 ժամ |
Առաջադրանքներ | 2 - 3 ժամ |
Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն | 5 - 8 ժամ |
- Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skaype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
- Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը.
- Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:
Դասընթացքի նկարագրութիւնը եւ նպատակները
Դասին հիմնական նպատակն է ուսանողներուն լեզուական գիտելիքները եւ կարողութիւնները կատարելագործել: Ուսանողները այս ուսումնական շրջանին կը շարունակեն զարգացնել իրենց խօսելու, կարդալու, գրելու եւ լսելով ըմբռնելու կարողութիւնները երկխօսութիւններու եւ բնագիրներու միջոցաւ: Անոնք իրենց բառապաշարը կը հարստացնեն, կարելիութիւն կ’ ունենան թուականները, հոմանիշները, հականիշները, դարձուածքները աւելի ճկուն եւ հմտօրէն կիրարկելու եւ անսխալ գրելու: Ուսանողները նաեւ հնարաւորութիւն կ’ ունենան նախադասութեան գլխաւոր եւ երկրորդական անդամները զանազանելու, ինչն ալ իրենց կ’օգնէ կարդալ, հասկնալ եւ գրել բարդ նախադասութիւններ:
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:
- Ս. Աբրահամեան, «Հայոց լեզու, բառուխօսք», (Երեւան, 1972)
- Գ. Ջահուկեան, «Հայոց լեզու», (Երեւան, 1976)
- Ջ. Կիւլամիրեան, «Հայոց լեզուի տարրական ուսուցման եղանակ», (Yerevan, 2006).
- Վ. Ի. Կապինոս, «Развитие речи. Теория и практика обучения» [Խօսքի զարգացում, ուսուցման տեսութիւն եւ կիրարկում], (Մոսկուա, 1991)
- Ս. Ճ. Սավիկնօն եւ Մ.Ս. Պրնս, Communicative language teaching: Where are we going? Studies in Language Learning. [Հաղորդակցման ուսուցում, Ո՞ւր կ’ երթանք, Լեզուի ուսուցում], (Օքսֆօրտ; Օքսֆօրտ Համալսարանի հրատարակութիւն, 1983)
Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները թուականներու, հոմանիշներու, հականիշներու, դարձուածքներու, ինչպէս նաեւ նախադասութեան գլխաւոր եւ երկրորդական անդամներու մասին ընդլայնած գիտելիքներ պիտի ունենան, ինչն ալ պիտի նպաստէ ուսանողներուն մինչեւ հիմա ձեռք բերած գիտելիքներուն հարստացմանը: Նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ սորվելով ուսանողները պիտի հարստացնեն իրենց բառապաշարը, կարելիութիւն պիտի ունենան ճշգրիտ եւ պարզ արտայայտելու իրենց միտքերը` գործածելով բարդ նախադասութիւններ թէ´ բանաւոր, թէ´ գրաւոր:
- Բնագիր, հոմանիշներ, բաշխական թուականներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
- Բնագիր, հականիշներ, կոտորակային թուականներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
- Բնագիր, դարձուածքներ, նախադասութեան գլխաւոր անդամներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
- Բնագիր, դարձուածքներ, գոյականական անդամի լրացումներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
- Բնագիր, գոյականական անդամի լրացումներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
- Բնագիր, բայական անդամի լրացումներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
- Բնագիր, բայական անդամի լրացումներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
- Բնագիր, բայական անդամի լրացումներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:
Դասընթացքը կը տեւէ 9 շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Ուսանողին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր շաբթուայ 5 օրերու ընթացքին:
Շաբաթ 0 |
Ծանօթացումի շաբաթ: Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն իրենց ուսանելու ձեւը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին: Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցութեան եւ ուսման միջոցներու հետ եւ կիրարկեն զանոնք: |
Շաբաթ 1-8 | Դաս 1-8 Հարցումներ եւ առաջադրանքներ |
Շաբաթ 4 | Միջանկեալ քննութիւն |
Շաբաթ 8 | Աւարտական քննութիւն |
Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
- 20% - մասնակցութիւն
- 20% - առաջադրանքներ
- 30% - միջանկեալ քննութիւն
- 30% - աւարտական քննութիւն
Առաջադրանքները ուշ յանձնելու ժամանակ
Ուսանողը առաջադրանքները պէտք է ճիշդ ժամանակին յանձնէ, որպէսզի դասէն օգտուի, իսկ ուսուցիչը հնարաւորութիւն ունենայ առաջադրանքը գնահատելու: Ուսանողը եթէ առաջադրանքը սահմանուած օրէն մէկ շաբաթ ուշ յանձնէ, ապա գնահատականը 10%-ով կը պակսի, իհարկէ, եթէ ուսուցիչը նախապէս տեղեկացուցած չըլլայ այդ մասին: Երկու շաբաթ ուշ յանձնուած առաջադրանքը չի գնահատուիր ուսուցիչին կողմէ, այլ միայն կը սրբագրուի:
Արձանագրուելու համար ամբողջացուցէք Արձանագրութեան Թերթիկը:
Վերադառնալ դասընթացքներու ցանկ