Բարձր առաջադէմ արեւելահայերէն
Ուսումնական շրջան | Արձանագրութիւն | Դասընթացք |
---|---|---|
Ձմեռ 2018 | Դեկտեմբեր 1 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր17 (Կիրակի) 2017 | Յունուար 8 (Երկուշաբթի) – Մարտ 13 (Երեքշաբթի) |
Գարուն 2018 | Մարտ 16 (Ուրբաթ) – Ապրիլ 1 (Կիրակի) | Ապրիլ 16 (Երկուշաբթի) – Յունիս 19 (Երեքշաբթի) |
Ամառ 2018 | Յունիս 15 (Ուրբաթ) – Յուլիս 1 (Կիրակի) | Յուլիս 23 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 25 (Երեքշաբթի) |
Աշուն 2018 | Սեպտեմբեր 14 (Ուրբաթ) – Սեպտեմբեր 30 (Կիրակի) | Հոկտեմբեր 15 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 18 (Երեքշաբթի) |
Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)
Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային) | 1 - 2 ժամ |
Քննարկումներ | 2 - 3 ժամ |
Առաջադրանքներ | 2 - 3 ժամ |
Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն | 5 - 8 ժամ |
- Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skaype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
- Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը.
- Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:
Դասընթացքի նկարագրութիւնը եւ նպատակները
Հայոց լեզուի «Բարձր Առաջադէմ Հայերէն» դասերը տրամաբանական յաջորդականութեամբ կազմուած են, սակայն ամէն դաս իր ներքին կառոյցը եւ առանձնայատկութիւնն ալ ունի: Իւրաքանչիւրը նոր նիւթի դասաւանդումին համար նախատեսուած մասէ մը եւ զայն ամրապնդելուն ուղղուած վարժութիւններէ կազմուած է: Նոր նիւթը իւրացնելու համար մշակուած մասնաւոր վարժութիւնները անմիջապէս կը յաջորդեն դասի ուսուցողական բաժինին: Ամէն դաս ընթերցանութեան մասնաւոր բաժին մը ունի, որ ուսանողին կարելիութիւն պիտի տայ կարդալու ոչ միայն դասի գլխաւոր բնագիրը, այլեւ տարբեր ոճերով գրուած բնագիրներ: Առաջին չորս դասերուն միջանկեալ քննութիւն մը պիտի յաջորդէ, իսկ ութերորդ դասէն վերջ՝ ուսանողը աւարտական քննութիւն մը պիտի յանձնէ: Երկու քննութիւններն ալ ուսանողին տրուած նիւթին հիման վրայ մշակուած պիտի ըլլան:
«Բարձր Առաջադէմ Հայերէն» դասընթացքի գլխաւոր նպատակը ուսանողին միայն նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ կամ քերականական օրէնքներ սորվեցնելը չէ, այլեւ անոր արդէն սորված եւ ձեռք բերած բառապաշարը եւ քերականական օրէնքները ճիշդ կիրարկելու եւ իր միտքերը շարադրելու կարելիութիւն տալն է: Այս մասին մէջ ուսանողը պիտի ծանօթանայ լեզուի արտայայտութեան տարբեր ձեւերուն՝ գիտական, պաշտօնական, խօսակցական, հրապարակախօսական եւ գեղարուեստական, ինչպէս նաեւ բնագիրներու տեսակներուն՝ հարցազրոյց, մենախօսութիւն, լրատուական բնագիրներ եւ բանավէճ: Իր գրաւոր եւ ոչ-գրաւոր խօսքը զարգացնելու միտումով՝ ուսանողին պիտի տրուին հայերէնի համեմատութեան եւ փոխաբերութեան առանձնայատկութիւնները եւ նրբութիւնները:
Միւս նպատակն է ուսանողին հայերէնով հանգիստ հաղորդակցելու, իր միտքերը հայերէնով տարածելու կարելիութիւն ընձեռելը: Այս փուլին անոնք մօտաւորապէս 150 շարահիւսական եւ ոճական կառոյցներ եւ 80-100 մասնագիտական բառեր պիտի սորվին:
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:
- Ս. Աբրահամեան, «Հայոց լեզու, բառուխօսք», (Երեւան, 1972)
- Գ. Ջահուկեան, «Հայոց լեզու», (Երեւան, 1976)
- Ջ. Կիւլամիրեան, «Հայոց լեզուի տարրական ուսուցման եղանակ», (Yerevan, 2006).
- Վ.Ի. Կապինոս, «Развитие речи. Теория и практика обучения» [Խօսքի զարգացում, ուսուցման տեսութիւն եւ կիրարկում], (Մոսկուա, 1991)
- Ս.Ճ. Սավիկնօն եւ Մ.Ս. Պրնս, Communicative language teaching: Where are we going? Studies in Language Learning. [Հաղորդակցման ուսուցում, Ո՞ւր կ’ երթանք, Լեզուի ուսուցում], (Օքսֆօրտ; Օքսֆօրտ Համալսարանի հրատարակութիւն, 1983)
«Բարձր Առաջադէմ Հայերէն» դաընթացքը աւարտելէ ետք՝ ուսանողը ցանկացած մարզի վերաբերող նիւթերու մասին եւ ցանկացած իրավիճակի մէջ պիտի կարենայ հայերէնով խօսիլ եւ արտայայտել իր մտածումը: Ան իր լսածը եւ կարդացածը դիւրութեամբ պիտի սկսի հասկնալու: Ուսանողը նաեւ բարդ եւ հարուստ բառապաշար ունեցող նիւթեր եւ յօդուածներ կարդալու, անոնց միտքը ճիշդ ըմբռնելու, իր կարդացածին մասին խօսելու եւ վիճելու, ինչպէս եւ զայն ուրիշներու հետ քննելու կարելիութիւնը պիտի ունենայ: Ան շարահիւսական եւ ոճական բազմաթիւ նոր կառոյցներ եւ մասնագիտական բառեր պիտի գիտնայ: Տարբեր մարզերու վերաբերող յաւելեալ բնագիրներու օգնութիւնով ան հարստացուցած պիտի ըլլայ իր բառապաշարը:
- Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, գիտական ոճին առանձնայատկութիւնները, երկխօսութիւն/բնագիր;
- Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, պաշտօնական ոճին առանձնայատկութիւնները, երկխօսութիւն/բնագիր;
- Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, խօսակցական ոճին առանձնայատկութիւնները, երկխօսութիւն/բնագիր;
- Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, հրապարակախօսական ոճին առանձնայատկութիւնները, բնագիրներուն տեսակները, հարցազրոյց, երկխօսութիւն/բնագիր;
- Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, գեղարուեստական ոճին առանձնայատկութիւնները, մենախօսութիւն, երկխօսութիւն/բնագիր;
- Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, բանավէճ, լրատուական բնագիրներ, երկխօսութիւն/բնագիր;
- Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, համեմատութիւն, երկխօսութիւն/բնագիր;
- Բնագիր / երկխօսութիւն, նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ, փոխաբերութիւն, երկխօսութիւն/բնագիր:
Դասընթացքը հեռակայ ուսուցումի եղանակով կ'իրականանայ, ճարտարագիտական նոր սարքերու օգնութիւնով: Այս մասին մէջ ալ դասաւանդումի համար որդեգրուած գլխաւոր սկզբունքը «պատկեր-գրութիւն-լսողութիւն»ն է: Դասաւանդումը նիւթը ընտրելու եւ այն մատուցանելու նպատակային յարմարութեան սկզբունքին վրայ կը հիմնուի, այսնիքն՝ տարբեր տեսակի նիւթեր եւ վարժութիւններ տրամադրելով՝ նոյն նպատակը իրականացնել: Այս մասին մէջ շեշտը քերականութեան վրայ չէ դրուած, որովհետեւ ուսանողը հայերէնի քերականութեան գլխաւոր իւրայատկութիւնները արդէն գիտէ: Իսկ հայերէն խօսիլը եւ գրելը զարգացնելու նպատակով ուսուցանուող տարբեր ոճերը պիտի տրուին այդ ոճերուն յատուկ եւ այդ ոճերը բնորոշող բառերով, բնագիրներով, երկխօսութիւններով:
Դասընթացքը կը տեւէ 9 շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Ուսանողին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր շաբթուայ 5 օրերու ընթացքին:
Շաբաթ 0 |
Ծանօթացումի շաբաթ: Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն իրենց ուսանելու ձեւը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին: Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցութեան եւ ուսման միջոցներու հետ եւ կիրարկեն զանոնք: |
Շաբաթ 1-8 | Դաս 1-8 Հարցումներ եւ առաջադրանքներ |
Շաբաթ 4 | Միջանկեալ քննութիւն |
Շաբաթ 8 | Աւարտական քննութիւն |
Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
- 20% - մասնակցութիւն
- 20% - առաջադրանքներ
- 30% - միջանկեալ քննութիւն
- 30% - աւարտական քննութիւն
Առաջադրանքները ուշ յանձնելու ժամանակ
Ուսանողը առաջադրանքները պէտք է ճիշդ ժամանակին յանձնէ, որպէսզի դասէն օգտուի, իսկ ուսուցիչը հնարաւորութիւն ունենայ առաջադրանքը գնահատելու: Ուսանողը եթէ առաջադրանքը սահմանուած օրէն մէկ շաբաթ ուշ յանձնէ, ապա գնահատականը 10%-ով կը պակսի, իհարկէ, եթէ ուսուցիչը նախապէս տեղեկացուցած չըլլայ այդ մասին: Երկու շաբաթ ուշ յանձնուած առաջադրանքը չի գնահատուիր ուսուցիչին կողմէ, այլ միայն կը սրբագրուի:
Արձանագրուելու համար ամբողջացուցէք Արձանագրութեան Թերթիկը:
Վերադառնալ դասընթացքներու ցանկ