ՀՀՀ-ի հեղինակային իրաւունքը եւ սահմանափակ արտօնագիրը
Որպէս ՀՀՀ-ի ուսանող Դուք կ'ունենաք սահմանափակ արտօնագիր: Առանց ենթաարտօնագիրին, Դուք իրաւունք կ' օգտուելու դասընթացքի նիւթերէն ու ՀՀՀ-ի ծառայութիւններէն միայն Ձեր ուսման համար եւ ոչ թէ առեւտրական եւ անձնական նպատակներով:
ՀՀՀ-ի ուսանողը դառնալու համար Դուք կը համաձայնիք`
- չվերարտադրել, չվերավաճառել, չվարձել, չփոխանցել կամ առեւտրական նպատակներով չօգտագործել Դասընթացքի նիւթերը եւ ծառայութիւնները:
- չբաժնել Դասընթացքի նիւթերը եւ ծառայութիւնները:
- չհրատարակել Դասընթացքի նիւթերը եւ ծառայութիւնները:
- չստեղծել ածանցեալ ստեղծագործութիւններ` ուսուցման ծրագրակազմի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ չփոխել, չվերամշակել, չթարգմանել Դասընթացքի նիւթերը եւ ծառայութիւնները:
- չստեղծել կամ չփորձել ստեղծել Դասընթացքի նիւթերու եւ ծառայութիւններու միջոցով փոխարինող նիւթ, կամ նմանող արտադրանք, կամ ալ ծառայութիւն:
Սոյն պայմաններով, անթոյլատրուած Դասընթացքի նիւթերը եւ ծառայութիւնները ցանկացած օգտագործման կամ օգտագործման փորձի ժամանակ, ՀՀՀ-ն իր որոշումով կ'արգիլէ ուսանողին մուտքը Դասընթացքին մէջ:
Օն-լայն ծրագիրի գործիքները, ուսման բովանդակութիւնը եւ դասաւանդումը
Ըլլալով ՀՀՀ-ի ուսանող, Դուք ձեռք կը բերէք անվերջ օգտագործելու օն-լայն ծրագրերու գործիքներ, որը իր մէջ կը պարունակէ` ֆօրըմը, չաթի սենեակները եւ հաղորդագրութիւններու վահանակը (այսուհետ` օն-լայն ծրագիրի գործիքներ) ինչպէս նաեւ բացարձակ հնարաւորութիւն կ'ունենաք մուտք գործելու Ձեր եւ այլ ուսանողներուն կողմէ պատրաստուած տարածքը`բեռնաւորելով հաղորդագրութիւնները, նիւթերը, տուեալները, տեղեկութիւնները, գծագրութիւնները, նկարները, ձայնագրութիւններ, տեսագրութիւններ (յետոյ`Ուսնամ բովանդակութիւն): Դուք պատասխանատու էք Օն-լայն ծրագիրի գործիքները օգտագործելու համար եւԴուք պէտք է հասկնաք, որ Ձեր կողմէ բեռնաւորուած եւ տեղադրուած ուսման բովանդակութիւնը կրնայ մատչելի ըլլալ նաեւ ուրիշին: ՀՀՀ-ը պատասխանատու չէ Ձեր կամ մէկ այլ ուսանողին կողմէ օն-լայն ծրագիրի գործիքներու միջոցով Ուսման բովանդակութիւնը հասանելի դարձնելու: ՀՀՀ-ն պարտաւոր չէ Ուսման բովանդակութիւնը ստուգելու եւ վերահսկելու համար: Ամէն պարագային, ՀՀՀ-ն իրաւունք ունի ցանկացած ժամանակ, որեւէ պատճառով կամ առանց պատճառի հանել կայքէջէն Ուսումնական բովանդակութիւնը` նախապէս ծանուցելով եւ բացատրութիւն տալով կամ առանց ծանուցելու եւ բացատրութիւն տալու: Տեղադրելով կամ բեռնաւորելով Ուսման բովանդակութիւնը օն-լայն ծրագիրի գործիքներու միջոցով` Դուք ՀՀՀ-ին կու տաք ոչ բացառիկ եւ հեղինակային վարձատրութիւն չպահանջող իրաւունք օգտագործելու, վերարտադրելու, հրապարակելու, թարգմանելու, փոխելու եւ անոնց ստեղծած ածանցեալ ստեղծագործութիւնները: Դուք համաձայն էք, որ Ձեր կողմէ օն-լայն ծրագիրի գործիքներու միջոցով հասած ցանկացած Ուսման բովանդակութիւնը գաղտնի չէ: ՀՀՀ-ն իրաւունք ունի առանց տեղեկութիւն տալու Ձեզի, օգտագործել եւ տարածել Ուսման բովանդակութիւնը ցանկացած նպատակով, նոյնիսի առեւտուրի նպատակով:
Դուք համաձայն չէք օգտագործելու օն-լայն ծրագիրի գործիքներ ստորեւ նշուած նպատակներով`
- Առեւտրային, ներառեալ առանց սահմանափակումի` քաղաքական, քարոզարշաւներու, գովազդներու եւ միջնորդութիւններու կամ ունենալ ուսանողներուն ելեկտրոնային նամակները չցանկացած ելեկտրոնային նամակներ ուղարկելու նպատակով:
- Բեռնաւորելու, տեղադրելու կամ տարածելու ցանկացած Ուսման բովանդակութիւն, որը կրնայ փոխել ցանկացած հեղինակային իրաւունքներ, արտօնագրային իրաւունքներ, ապրանքային նշանի կամ այլ մտաւոր սեփականութեան կամ գոյքային իրաւունք:
- Բեռնաւորելու, տեղադրելու կամ տարածելու անօրինական, անհամեստ, անպարկէշտ կայքեր, սպառնական, վիրաւորական եւ անձնական կեանք ներխուժող Ուսման բովանդակութիւն:
- Բեռնաւորելու, տեղադրելու կամ տարածելու համակարգչային հիւանդութիւններ, վնասարար կամ քայքայիչ թղթապանակներ:
- Բեռնաւորելու, տեղադրելու կամ տարածելու Ուսման բովանդակութիւն, որը կ'առաջացնէ կամ կը դրդէ քրեօրէն պատժելի արարքի:
Դուք` որպէս ուսանող, պէտք է յարգալից վերաբերմունք ցոյց տաք Ձեր դասընկերներուն եւ օն-լայն ուսուցիչներուն`ինչպէս նշուած է Ուսանողի ուղեցոյցին մէջ:
ՀՀՀ-ն իրաւունք ունի իր իսկ հայեցողութեամբ կիրառել պատիժներ վերոյիշեալ օրէնքները խախտելու պարագային:
Ինքնութիւն եւ անձնական տուեալներ
Օգտուելով Դասընթացքի նիւթերէն եւ ծառայութիւններէն` Դուք համաձայն կ'ըլլաք`
- Տրամադրելու ճիշդ եւ լիարժէք տեղեկութիւններ Ձեր ինքնութեան մասին թէ՜ արձանագրութեան դիմումը ամբողջացնելու ժամանակ, թէ՜ ՀՀՀ-ի եւ Ձեր դասընկերներուն հետ շփման ժամանակ
- Միշտ նորոգել Ձեր եւ Ձեր անձի մասին ցանկացած տեղեկութիւնները:
- Պատասխանատու ըլլալ Ձեր հաշուի, կայքէջ մուտք գործելու եւ ծածկագիրի անվտանգութեան համար:
Դուք պէտք է չափահաս ըլլաք Դասընթացքի նիւթերէն եւ ծառայութիւններէն օգտուելու եւ պայմանագիր կնքելու համար: Իսկ եթէ անչափահաս ըլլաք, ապա Ձեր ծնողքը պէտք է ամբողջացնէ եւ ստորագրէ արձանագրութեան դիմումը: