Հիպրիթ կրթութիւնը աւանդական եւ առցանց կրթութեան զուգորդումն է, նպատակն է աւանդական ուսուցումը հարստացնել արդի ճարտարագիտութեամբ։ Կրթական այս ոճը առաջին անգամ կիրառուած է 2009-ին, Շարժայի Օհաննէսեան դպրոցէն ներս։
Այս ծրագիրին կարելի է մասնակցիլ, ՀՀՀ-ի եւ դպրոցի/համայնքի միջեւ հաստատուած նախնական համաձայնութենէ ետք։
Ուսուցումը ընթացք կ՚առնէ դասարանի ուսուցիչի եւ ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցիչի համագործակցութեամբ եւ կը շարունակուի ամբողջ ուսումնական շրջանին։ Մասնակցութեան համար անհրաժեշտ է ՝ համացանցային կապ, համակարգչային սրահ կամ դասարան, համակարգիչ՝ աշակերտի համար, կամ լուսարձակ/պաստառ՝ ամբողջ դասարանի համար:
Տեսանիւթ
կրնաք կապ հաստաել հետեւեալ հասցէով՝ hybrideducation@avc-agbu.org
ԴՊՐՈՑՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐ
ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը կ՚իրականացուի Լատին Ամերիկայէն մինչեւ Վրաստան եւ Գանատայէն մինչեւ Ռուսիա գտնուող 66 հայկական համայնքներու եւ դպրոցներու մէջ։