login
Արեւելահայերէնի միջին մակարդակ-1
Դասավանդման լեզուներ
infoՈւսանողի մասնակցության տեսակը

Դասի հիմանակն նպատակը ուսանողներուն գիտելիքները կատարելագործելն է` արեւելահայերէնի քերականական, ձեւաբանական, շարահիւսական եւ ուղղագրական կանոնները սորվեցնելով: Ուսանողները կը սորվին հայոց լեզուի դարձուաքներու կազմութիւնը, ուղղագրական կանոնները եւ ձեւաբանական եւ հնչիւնաբանական կառոյցներ, ինչպէս նաեւ կը շարունակեն զարգացնել իրենց լսելու, կարդալու եւ գրելու կարողութիւնը:

Ուսումնական շրջանի օրացույց 2025

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԳՐԱՆՑՄԱՆ ՓՈՒԼԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐ
Ձմեռ 2025դեկտեմբեր 6 (ուրբաթ) – դեկտեմբեր 22 (կիրակի), 2024թ.հունվար 6 (երկուշաբթի) – մարտ 11 (երեքշաբթի)
Գարուն 2025մարտ 7 (ուրբաթ) – մարտ 23 (կիրակի)ապրիլ 7 (երկուշաբթի) – հունիս 10 (երեքշաբթի)
Ամառ 2025հունիս 6 (ուրբաթ) – հունիս 22 (կիրակի)հուլիս 7 (երկուշաբթի) – սեպտեմբեր 9 (երեքշաբթի)
Աշուն 2025սեպտեմբեր 5 (ուրբաթ) – սեպտեմբեր 21 (կիրակի)հոկտեմբեր 6 (երկուշաբթի) – դեկտեմբեր 9 (երեքշաբթի)

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ-2-3 ժամ
  • Առաջադրանքներ - 2-3 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 5-8 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը.
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

 

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, անձնական դերանուն, երկհնչիւններ, բառակազմութիւն, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, որոշեալ դերանուն, յատուկ գոյական, բարդածանց բառեր, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, անորոշ դերանուն, դերբայ, ապառնի ժամանակ, գծիկով գրուող բառեր, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ժխտական դերանուն, փոխադարձ դերանուն, անցեալ ապառնի ժամանակը, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ըղձական ապառնիի կիրառումը, անորոշ դերբայ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ըղձական անցեալի կիրառումը, ենթադրական անցեալ ժամանակը, յարակատար դերբայ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, հարկադրական անցեալ ժամանակի կիրառումը, անկանոն բայեր, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ենթակայական դերբայ, դերբայներ (անդէմ բայեր), անկանոն բայեր, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, վարժութիւններ, բառապաշար:

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները բնագրային բառերու, բառակապակցութիւններու, տարբեր արտայայտութիւններու եւ նախադասութիւններու միջոցով անհրաժեշտ հաղորդակցութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը կ'ունենան: Լեզուական տարբեր գիտելիքներու՝ անձնական, որոշեալ, անորոշ, ժխտական եւ փոխադարձ դերանուններու միջոցով  աստիճանաբար կը բարելաւեն հայերէնի իմացութիւնը: Ապա, կ'ուսումնասիրեն յատուկ գոյականները, բարդածանց բառերը, դերբայները, ապառնի ժամանկը, ըղձական եղանակը եւ դերբայները: Երկխօսութիւններու, բնագիրներու եւ վարժութիւններու միջոցով կը հարստացնեն իրենց բառապաշարը, հայերէն հասկնալու եւ խօսելու ունակութիւնները եւ կը տիրապետեն հայերէնի միջին մակարդակին:

 

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը(regular program),այդ պարագային ուս.շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ դաս շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը(slow-mode program),այդ պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ(1 դաս/2 շաբաթ)ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ 
Ուսանողները կը ծանօթանան կրթական հարթակին, պահանջքներուն, կ'ամբողջացնեն անհատական թերթիկը (profile), զիրար կը ծանօթանան, կը մասնակցին ֆորում- քննարկումին եւ խմբային առցանց հանդիպումին, ինչպէս նաեւ կը նշեն ժամային գօտիները: Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8
Առաջադրանքներ եւ վարժութիւններ

Շաբաթ 1-16

Դաս 1-8 
Առաջադրանքներ եւ վարժութիւններ - երկարատեւ ընթացք

Շաբաթ 4

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

Միջանկեալ քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Շաբաթ 16

Աւարտական քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.  20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

 

 

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոդաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

  • Ս. Ս. Մինասեան, Վ. Ն. Յարութիւնեան, Ն. Ս. Այվազեան, Լ. Վ. Պետրոսեան, Երեւանի պետական համալսարան, Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆաքուլթեթ, «Առաւել գործածական եզրերու բառարան (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն)», (Երեւան, 2000)
  • Ս. Գալստեան, «Ուսումնական ձեռնարկ. Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆաքուլթեթներու համար», (Երեւան, 1968)
  • Ս. Գալստեան եւ Գրիգոր Գարեգինեան «Հայերէն զրուցարան», (Երեւան, 1990)