login
Հիպրիթ կրթութիւն

Հիպրիթ կրթութիւնը աւանդական եւ առցանց կրթութեան զուգորդումն է, նպատակն է աւանդական ուսուցումը հարստացնել արդի ճարտարագիտութեամբ։ Կրթական այս ոճը առաջին անգամ կիրառուած է 2009-ին, Շարժայի Օհաննէսեան դպրոցէն ներս։  

Այս ծրագիրին կարելի է մասնակցիլ, ՀՀՀ-ի եւ  դպրոցի/համայնքի միջեւ հաստատուած նախնական համաձայնութենէ ետք։

Ուսուցումը ընթացք կ՚առնէ  դասարանի ուսուցիչի եւ ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցիչի համագործակցութեամբ եւ կը շարունակուի ամբողջ ուսումնական շրջանին։  Մասնակցութեան համար անհրաժեշտ է ՝ համացանցային կապ, համակարգչային սրահ կամ դասարան, համակարգիչ՝ աշակերտի համար, կամ լուսարձակ/պաստառ՝ ամբողջ դասարանի համար:

Տեսանիւթ

Ո՞վ կրնայ դիմել Դպրոցները, որոնք կը փափաքին նորանոր եւ գրաւիչ կրթական ոճեր ներառել իրենց ուսումնական ծրագիրներուն մէջ: Համայնքի ղեկավարները, որոնք կը փափաքին հայագիտական նիւթերու նուիրուած դասընթացքներ կազմակերպել:
note Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու եւ կամ մասնակցելու համար
կրնաք կապ հաստաել հետեւեալ հասցէով՝ hybrideducation@avc-agbu.org


ԴՊՐՈՑՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐ


ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը կ՚իրականացուի Լատին Ամերիկայէն մինչեւ Վրաստան եւ Գանատայէն մինչեւ Ռուսիա գտնուող 66 հայկական համայնքներու եւ դպրոցներու մէջ։

yellow_note ՀՀՀ-ը ստացած է արտօնագիր ՀՀ կրթութեան,
գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան կողմէ:

Բաժիններ

Բոլոր դասընթացքները կարելի է համապատասխանեցնել դպրոցի եւ/կամ համայնքի կրթական պահանջքներուն եւ ուս. տարուան ժամանակացոյցին հետ:
language_img
Հայոց լեզու
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝ En, Fr, Rus, Sp, Tr, Est. Arm, Wst. Arm

Հայոց լեզուի դասընթացքի շնորհիւ ուսանողները կրնան սորվիլ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն՝ որպէս երկ...

Աւելին՝ courses_arrow
language_img
Հայկական մշակոյթ
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝ En, Fr, Rus, Sp, Est. Arm, Wst. Arm

Այս բաժինի նպատակն է ուսանողներուն ներկայացնել հայկական մշակոյթի պատմութիւնն ու հարստութիւնը:  ...

Աւելին՝ courses_arrow
language_img
Հայոց պատմութիւն
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝ En, Fr, Rus, Sp, Est. Arm, Wst. Arm

Հայոց պատմութեան դասընթացքը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի անցեալն ու ներկան: Ուսանողը կը ծանօթանայ հա...

Աւելին՝ courses_arrow
language_img
Ճատրակ
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝ En, Est. Arm

ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց դասերը պատրաստուեցան Հայաստանի Ճատրակի ակադեմիայի եւ Հայկական Համացանցային Համա...

Աւելին՝ courses_arrow
language_img
Արհեստական բանականութիւն
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝ Est. Arm

«Արհեստական բանականութիւն» դասընթացքը նախատեսուած է Հայաստանի երկրորդական վարժարաններու աշակերտներու...

Աւելին՝ courses_arrow


ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒՄ

Դպրոցի կամ համայնքի ներկայացուցիչները կրնան մասնակցիլ ՀՀՀ-ի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրին: Մասնակիցները ձեռք կը ձգեն գիտելիքներ՝ հեռավար կրթութեան եւ թեքնիք առանձնայատկութիւններու մասին ու կը ծանօթանան  ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներու բովանդակութեանը: Ծրագիրի հիմնական նպատակն է զարգացնել մասնակիցի տեսական եւ գործնական հմտութիւնները՝ առցանց դասընթացքը հիպրիթ ոճով դասաւանդելու համար: 


Վերապատրաստման ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտած մասնակիցները վկայական կը ստանան:


67
դպրոց եւ համայնք միացած են ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին։

ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ

Մեր ուսանողները եւ շրջանաւարտները՝ իրենց փորձառութեան մասին:
Ծովինար Սարգսեան Հիպրիթ ծրագիրի դասախօս, ՀԴՀ, Տոնի Ռոսթով, Ռուսիա

ՀՀՀ-ի հետ աշխատիլը հաճելի է. որպէս ուսուցման տարբերակ առցանց լեզուի դասընթացքը կ'օգտագործեմ:

Դասընթացքի բովանդակութիւնն ու ոճը  ամբողջովին կը բաւարարեն տարիքային տարբեր խումբերու պահանջքը: Դասընթացքին օգտագործուող ել. ուսուցման տարբեր միջոցներու շնորհիւ դասերը աւելի մատչելի են ու հետաքրքրական:

Հալի Պութուին Smithsonian հաստատութիւն, ԱՄՆ

«Վայոց ձոր» ել. գիրքի շնորհիւ պատմական, մշակութային եւ տարբեր տեղեկութիւններու մեծ շտեմարան մը, մատչելի ձեւաչափով, արդէն բոլորին հասանելի է: Յաջորդ անգամ, երբ Հայաստան այցելեմ, անպայման պիտի օգտագործեմ ել. այս գիրքը, որպէսզի Վայոց Ձորի անյայտ վայրերը ինքնուրոյն շրջելու կարելիութիւնը ունենամ։

Ռիքարտօ  Թորես ՀՀՀ –ի ուսանող, Արժանթին

Ես հայ չեմ: Սպանական եւ իտալական ծագում ունիմ, բայց քանի մը անգամ Հայաստան այցելած եմ: Արեւմտահայերէն կը սորվիմ:  Մասնագիտացուած, կազմակերպուած հաստատութիւն մը ըլլալուն  եւ հայերէնը առցանց սորվելու շատ լաւ հնարաւորութիւն  մը ըլլալուն համար, մեծ ուրախութեամբ կ'առաջարկեմ, որ հետեւիք ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն:

Ժիւլիէն Լեքուտուրիէ ՀՀՀ-ի ուսանող, ֆրանսա

Այս ծրագիրը յատկապէս օգտակար է շատ զբաղած մարդոց եւ կրթական աւանդական կեդրոններէն՝ դպրոցներէ ու համալսարաններէ հեռու ապրող մարդոց համար: Առաւել, բոլոր անոնք, որոնք չեն կրնար ամէն օր շատ ժամանակ տրամադրել, կրնան ընտրել ուսման երկարատեւ ընթացքը:

Ճէնիս Օքումեան ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

Ես հայերէն կը սորվիմ, որովհետեւ կ՚ուզեմ հայերէնին տիրապետել եւ աշխարհը տեսնել նոր, տարբեր անկիւնէ։ Առաւել, կ՚ուզեմ սորվիլ այն լեզուն, որով խօսած են իմ մեծ հայրերս եւ հիմա, հայերէն նոր բառեր, արտայայտութիւններ եւ նախադասութիւններ սորվելով կարծես թէ աւելի կը մօտենամ մեծ հայրերուս։

Ժոզէֆ Սիրեն ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

Հայկական Համացանցային Համալսարանը ինծի համար փրկութիւն մըն է, քանի որ հայերէն սորվելու միջոցները քիչ են։ ՀՀՀ-ը առիթ տուաւ, որ հայերէն սորվիմ այնպիսի ուսուցիչի մը օգնութեամբ, որուն համար հայերէնը իր մայրենի լեզուն է

Նիմա Սատաթ-Թեհրանի ՀՀՀ-ի ուսանող, Թորոնթօ, Գանատա

Ամբողջովին կը յանձնարարեմ հետեւիլ Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) դասընթացքներուն բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրութիւն ունին այս գեղեցիկ լեզուի հանդէպ:  Արդէն մօտաւորապէս մէկուկէս տարիէ  հայերէն կը սորվիմ հետեւելով ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներուն: Կրթական բարձր մակարդակը խիստ գնահատելի է:  Խորին շնորհակալութիւն իմ հրաշալի ուսուցչուհիներուս՝ Մարինային եւ Մանէին։

Արամ Շրեստինեան ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

ՀՀՀ-ը հայերէն սորվելու եւ հայկական արժէքները բացայայտելու լաւագոյն միջոցն է: Այս դասընթացքներու շնորհիւ ես կրնամ զրուցել Հայաստան ապրող իմ խնամիներուս հետ: Մանէն եւ Մարինան շատ լաւ ուսուցչուհիներ են. անոնք շատ լաւ մարդիկ են: Փափաքս է ուսումս շարունակել, լեզուի գիտելիքներս զարգացնել եւ հայ ազգին օգտակար դառնալ:

Էրիք Գրիգորեան ՀՀՀ-ի ուսանող Վրաստան

ՀՀՀ-ը հիանալի միջոց մըն է հայերէն լեզուն սորվելու եւ մշակոյթին ծանօթանալու համար։ Հիմա ես հպարտօրէն կը յայտարարեմ, որ հայ եմ, քանի որ կրնամ կարդալ, գրել եւ խօսիլ իմ մայրենի լեզուով

Մայք Քանինկհէմ ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը փոխեց իմ կեանքիս ընթացքը:  Եթէ կը փափաքիք սորվիլ եւ հանդիպիլ աշխարհի լաւագոյն հեռավար ուսուցիչներուն՝  անպայման հետեւեցէ՛ք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ին. վստահ եմ, որ շատ գոհ պիտի ըլլաք:

Վիէօլէթ Խաչատուրեան Արարատ հայկական դպրոցի տնօրէն, Թորոնթօ, Գանատա

Ես շատ սիրեցի ձեր ծրագիրը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգած է: Նախ շատ յարմար եւ դիւրին է օգտագործողի համար, ապա պատկերներն ու վարժութիւնները շատ հրապուրիչ են՝ երեխաներու համար: Ծրագիրի բառապաշարն ու երկխօսութիւնները իսկապէս կ'օգնեն, որ աշակերտները սորվին եւ զարգացնեն հայերէն խօսելու ունակութիւնը: Ուսուցիչները, երեխաները եւ ես շատ գոհ ենք ՀՀՀ-էն:


Տեսնել աւելին

43,168
Առցանց կրթութիւն
Հայագիտական գիտելիքներ ձեռք ձեցէք եւ հետեւեցէք ՀՀՀ-ի անհատական դասընթացքին:
Տեսնել աւելին
38,027
Ել. գիրքեր
Կարդացէ՛ք ՀՀՀ-ի ել. գիրքերը Հայաստանը աւելի լաւ ճանչնալու համար:
Տեսնել աւելին