login
Առցանց Կրթութիւն

 ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ 2025/ ԱՆՎՃԱՐ

Հիմա արձանագրուեցէ՛ք

 

ՈՒՍՈՒՄ՝ ՑԱՆԿԱՑԱԾ ՎԱՅՐԷ

Տարբեր լեզուներով հետեւեցէք հայագիտական հիմնական առարկաներուն, ընտրելով Ձեզ յարմարող ժամանակացոյցը.

8 կամ 16 շաբթուան ուսուցում

Ազատ ուսուցում.

Ինչպէ՛ս արձանագրուիլ. հետեւեցէ՛ք ուղեցոյցին քայլ առ քայլ:

ՀՀՀ-ը հայկական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն կու տայ  իւրաքանչիւրին՝ անկախ տարիքէ, բնակութեան վայրէ եւ գիտելիքներու մակարդակէ: Ուսուցումը տեղի կ'ունենայ առցանց,  ճկուն ժամանակացոյցով. դասընթացքները հասանելի են դասաւանդման եօթը լեզուներով:

1 Սորվեցէ՛ք առցանց
2 Ամրապնդեցէ՛ք գիտելիքները՝ վարժութիւններով եւ առաջադրանքներով
3 Կապ հաստատեցէ՛ք հեռավար ուսուցիչի հետ
4 Կապ հաստատեցէ՛ք դասընկերներու հետ
5 Մասնակցեցէ՛ք առցանց ձեռնարկներու
6 Ստացէ՛ք նոր գիտելիքներ՝ ընթերցելով ՀՀՀ-ի ել. գիրքերը

Ինչպէ՞ս սկսիլ

Արձանագրուիլ
  • Դասընթացքը ընտրեցէ՛ք
  • Ամբողջացուցէ՛ք

Ծանօթացման շաբաթ
  • Կապ հաստատեցէ՛ք հեռավար ուսուցիչի հետ
  • Կարդացէ՛ք եւ ծանօթացէ՛ք մասնակցութեան կարգին, պահանջքներուն եւ ժամանակացոյցին
Ուսումնական շրջան
  • Սորվեցէ՛ք առցանց
  • Ամրապնդեցէ՛ք գիտելիքները՝ վարժութիւններով եւ առաջադրանքներով
  • Կապ հաստատեցէ՛ք հեռավար ուսուցիչի հետ
  • Կապ հաստատեցէ՛ք դասընկերներու հետ
  • Մասնակցեցէ՛ք առցանց քննարկումներու, ձեռնարկներու եւ այցելութիւններու
  • Ստացէ՛ք նոր գիտելիքներ՝ ընթերցելով ՀՀՀ-ի ել. գիրքերը

Դասընթացքը աւարտելէ ետք.

  • Միշտ կրնաք տեսնել աւարտած դասընթացք(ներ)ը
  • Կրնաք միանալ ՀՀՀ-ի ուսանողներու եւ շրջանաւարտներու համայնքին
yellow_note ՀՀՀ-ը ստացած է արտօնագիր ՀՀ կրթութեան,
գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան կողմէ:

Մասնակցութեան կարգավիճակ

Ընտրեցէք մասնակցութեան կարգավիճակը՝ նկատի ունենալով Ձեր կրթական նպատակները եւ զբաղուածութիւնը։

Դուք կրնաք.

  • Արձանագրուիլ «Անհատական ուսուցում» ծրագիրին՝  որպէս մասնակից ուսանող, ստանալ վարկանիշ, վկայագիր, վկայական
  • Արձանագրուիլ «Անհատական ուսուցում» ծրագիրին՝  որպէս ունկնդիր ուսանող եւ ստանալ վկայագիր
  • Արձանագրուիլ «Ազատ դասընթացքներ» ծրագիրին եւ մասնակցիլ առցանց դասընթացքին՝ ճկուն ժամանակացոյցով:

Ուսանողը կրնայ մէկ դասընթացքը աւարտել 8 շաբաթուան ընթացքին (կանոնաւոր ընթացք/regular) կամ 16 շաբաթուան ընթացքին (երկարատեւ ընթացք/slow-mode):

 

«Անհատական ուսուցում» ծրագիր

   Մասնակից ուսանող (վարկանիշով) 

Դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտած ուսանողը կը ստանայ 5 վարկանիշ (credit): Մասնակից ուսանողները պէտք է կատարեն շաբաթական առաջադրանքները, միջանկեալ/աւարտական քննութիւնները, առցանց վարժութիւնները, առաւել պէտք է մասնակցին ֆորում-քննարկումներուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքներուն եւ հեռավար ուսուցիչի հետ՝ առցանց հանդիպումներուն:

   Ունկնդիր ուսանող

Ունկնդիր ուսանողը վարկանիշ (credit) չի ստանար: Ունկնդիր ուսանողները պէտք է հետեւին ուսումնական ժամանակացոյցին, մասնակցին ֆորում-քննարկումներուն, հեռավար ուսուցիչի հետ առցանց հանդիպումներուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքներուն: Ունկնդիր ուսանողը, եթէ չի փափաքիր, կրնայ չյանձնել միջանկեալ/աւարտական քննութիւնները։ Դասընթացքի աւարտին իր մասնակցութիւնը կը գնահատուի բաւարար կամ անբաւարար նիշով:
 

Ուսումնական շրջանի օրացոյց 2025

 

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Ձմեռ 2025Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի)
Գարուն 2025Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի)
Ամառ 2025Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)
Աշուն 2025Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր 21 (Կիրակի)Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)



«Ազատ դասընթացքներ» ծրագիր

«Ազատ դասընթացքներ» ծրագիրը ունի աւելի ճկուն համակարգ։ Այս ծրագիրին կարելի է մասնակցիլ ե՛ւ որպէս մասնակից ե՛ւ որպէս ունկնդիր ուսանող, բայց վարկանիշ ստանալու համար ուսանողը պէտք է յանձնէ միջանկեալ եւ աւարտական քննութիւնները: Դասընթացքի տեւողութիւնը 16 շաբաթ է։


«Ազատ դասընթացքներ» ծրագիրի իւրաքանչիւր ուսանող դասընթացքին կը հետեւի ազատ ժամանակացոյցով, բայց կրնայ մասնակցիլ ֆորում-քննարկումներուն եւ առցանց այն ձեռնարկներուն, որոնք կը կազմակերպուին «Անհատական ուսուցում» ծրագիրի մասնակիցներուն համար:

Ծնթ. ՀՀՀ-ի ընդունած սկզբունքին համաձայն, ուսանողը ամէն մէկ բաժինէն կրնայ մէկ դասընթացքի արձանագրուիլ: 

 

Այլ տեղեկութիւններ ստանալու համար կարդացէք՝ Կրթական այլ հնարաւորութիւններ:

Մասնակից ուսանող՝ վարկանիշով
Ուսանողը կը ստանայ՝
5 վարկանիշ իւրաքանչիւր դասընթացքի համար
Տեւողութիւնը
8 շաբաթ | 1 ուս. շրջան
16 շաբաթ | 2 ուս. շրջան
Ուս. շրջանի ընթացքին՝
դասի բովանդակութիւն
շաբաթական առաջադրանքներ
խմբային աշխատանքներ
քննութիւններ
ճկուն ժամանակացոյց
Ունկնդիր ուսանող
Ուսանողը կը ստանայ՝
բաւարար կամ անբաւարար
Տեւողութիւնը
8 շաբաթ | 1 ուս. շրջան
16 շաբաթ | 2 ուս. շրջան
Ուս. շրջանի ընթացքին՝
դասի բովանդակութիւն
շաբաթական առաջադրանքներ
խմբային աշխատանքներ
քննութիւններ
ճկուն ժամանակացոյց
«Ազատ դասընթացքներ» ծրագիր
Ուսանողը կը ստանայ՝
բաւարար կամ անբաւարար
5 վարկանիշ իւրաքանչիւր դասընթացքի համար
Տեւողութիւնը
1 դասընթացք/ առաւելագոյնը՝ 16 շաբաթ
Ուս. շրջանի ընթացքին՝
դասի բովանդակութիւն
շաբաթական առաջադրանքներ
խմբային աշխատանքներ
քննութիւններ
ճկուն ժամանակացոյց

43,168
ուսանող արդէն հետեւած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն

ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ

Մեր ուսանողները եւ շրջանաւարտները՝ իրենց փորձառութեան մասին:
Ծովինար Սարգսեան Հիպրիթ ծրագիրի դասախօս, ՀԴՀ, Տոնի Ռոսթով, Ռուսիա

ՀՀՀ-ի հետ աշխատիլը հաճելի է. որպէս ուսուցման տարբերակ առցանց լեզուի դասընթացքը կ'օգտագործեմ:

Դասընթացքի բովանդակութիւնն ու ոճը  ամբողջովին կը բաւարարեն տարիքային տարբեր խումբերու պահանջքը: Դասընթացքին օգտագործուող ել. ուսուցման տարբեր միջոցներու շնորհիւ դասերը աւելի մատչելի են ու հետաքրքրական:

Հալի Պութուին Smithsonian հաստատութիւն, ԱՄՆ

«Վայոց ձոր» ել. գիրքի շնորհիւ պատմական, մշակութային եւ տարբեր տեղեկութիւններու մեծ շտեմարան մը, մատչելի ձեւաչափով, արդէն բոլորին հասանելի է: Յաջորդ անգամ, երբ Հայաստան այցելեմ, անպայման պիտի օգտագործեմ ել. այս գիրքը, որպէսզի Վայոց Ձորի անյայտ վայրերը ինքնուրոյն շրջելու կարելիութիւնը ունենամ։

Ռիքարտօ  Թորես ՀՀՀ –ի ուսանող, Արժանթին

Ես հայ չեմ: Սպանական եւ իտալական ծագում ունիմ, բայց քանի մը անգամ Հայաստան այցելած եմ: Արեւմտահայերէն կը սորվիմ:  Մասնագիտացուած, կազմակերպուած հաստատութիւն մը ըլլալուն  եւ հայերէնը առցանց սորվելու շատ լաւ հնարաւորութիւն  մը ըլլալուն համար, մեծ ուրախութեամբ կ'առաջարկեմ, որ հետեւիք ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն:

Ժիւլիէն Լեքուտուրիէ ՀՀՀ-ի ուսանող, ֆրանսա

Այս ծրագիրը յատկապէս օգտակար է շատ զբաղած մարդոց եւ կրթական աւանդական կեդրոններէն՝ դպրոցներէ ու համալսարաններէ հեռու ապրող մարդոց համար: Առաւել, բոլոր անոնք, որոնք չեն կրնար ամէն օր շատ ժամանակ տրամադրել, կրնան ընտրել ուսման երկարատեւ ընթացքը:

Ճէնիս Օքումեան ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

Ես հայերէն կը սորվիմ, որովհետեւ կ՚ուզեմ հայերէնին տիրապետել եւ աշխարհը տեսնել նոր, տարբեր անկիւնէ։ Առաւել, կ՚ուզեմ սորվիլ այն լեզուն, որով խօսած են իմ մեծ հայրերս եւ հիմա, հայերէն նոր բառեր, արտայայտութիւններ եւ նախադասութիւններ սորվելով կարծես թէ աւելի կը մօտենամ մեծ հայրերուս։

Ժոզէֆ Սիրեն ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

Հայկական Համացանցային Համալսարանը ինծի համար փրկութիւն մըն է, քանի որ հայերէն սորվելու միջոցները քիչ են։ ՀՀՀ-ը առիթ տուաւ, որ հայերէն սորվիմ այնպիսի ուսուցիչի մը օգնութեամբ, որուն համար հայերէնը իր մայրենի լեզուն է

Նիմա Սատաթ-Թեհրանի ՀՀՀ-ի ուսանող, Թորոնթօ, Գանատա

Ամբողջովին կը յանձնարարեմ հետեւիլ Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) դասընթացքներուն բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրութիւն ունին այս գեղեցիկ լեզուի հանդէպ:  Արդէն մօտաւորապէս մէկուկէս տարիէ  հայերէն կը սորվիմ հետեւելով ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներուն: Կրթական բարձր մակարդակը խիստ գնահատելի է:  Խորին շնորհակալութիւն իմ հրաշալի ուսուցչուհիներուս՝ Մարինային եւ Մանէին։

Արամ Շրեստինեան ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

ՀՀՀ-ը հայերէն սորվելու եւ հայկական արժէքները բացայայտելու լաւագոյն միջոցն է: Այս դասընթացքներու շնորհիւ ես կրնամ զրուցել Հայաստան ապրող իմ խնամիներուս հետ: Մանէն եւ Մարինան շատ լաւ ուսուցչուհիներ են. անոնք շատ լաւ մարդիկ են: Փափաքս է ուսումս շարունակել, լեզուի գիտելիքներս զարգացնել եւ հայ ազգին օգտակար դառնալ:

Էրիք Գրիգորեան ՀՀՀ-ի ուսանող Վրաստան

ՀՀՀ-ը հիանալի միջոց մըն է հայերէն լեզուն սորվելու եւ մշակոյթին ծանօթանալու համար։ Հիմա ես հպարտօրէն կը յայտարարեմ, որ հայ եմ, քանի որ կրնամ կարդալ, գրել եւ խօսիլ իմ մայրենի լեզուով

Մայք Քանինկհէմ ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը փոխեց իմ կեանքիս ընթացքը:  Եթէ կը փափաքիք սորվիլ եւ հանդիպիլ աշխարհի լաւագոյն հեռավար ուսուցիչներուն՝  անպայման հետեւեցէ՛ք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ին. վստահ եմ, որ շատ գոհ պիտի ըլլաք:

Վիէօլէթ Խաչատուրեան Արարատ հայկական դպրոցի տնօրէն, Թորոնթօ, Գանատա

Ես շատ սիրեցի ձեր ծրագիրը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգած է: Նախ շատ յարմար եւ դիւրին է օգտագործողի համար, ապա պատկերներն ու վարժութիւնները շատ հրապուրիչ են՝ երեխաներու համար: Ծրագիրի բառապաշարն ու երկխօսութիւնները իսկապէս կ'օգնեն, որ աշակերտները սորվին եւ զարգացնեն հայերէն խօսելու ունակութիւնը: Ուսուցիչները, երեխաները եւ ես շատ գոհ ենք ՀՀՀ-էն:

Տեսնել աւելին

67
Հիպրիթ դպրոցներ
Միացէ՛ք հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին եւ աւանդական ուսուցումը հարստացուցէ՛ք արդի ոճերով։
Տեսնել աւելին
38,027
Ել. գիրքեր
Կարդացէ՛ք ՀՀՀ-ի ել. գիրքերը Հայաստանը աւելի լաւ ճանչնալու համար:
Տեսնել աւելին