login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Ծրագիրները Ներկայացուեցան Իռլանտայի Մայրաքաղաք Տուպլինի Հայկական Գաղութին 03/20/2015

20 Մարտ 2015-ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը այցելեց Տուպլին եւ հանդիպում ունեցաւ հայկական գաղութին հետ: Գաղութի ղեկավարները կազմակերպեցին հանրային ձեռնարկ, որուն ընթացքին Դոկտոր Զօրեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը, նպատակները, գաղափարը եւ առաքելութիւնը, բացայայտելով այն, ինչ մղեց կեանքի կոչել եւ զարգացնել հայագիտական միակ առցանց կրթական հաստատութիւնը:

Տուպլինի հայերը տեղեկութիւն ստացան թէ անհատական եւ թէ դպրոցներու/ խումբերու համար յատկացուած ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրին մասին, որ կ՚ընդգրկէ՝ հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի առցանց դասընթացքներ, ել. գիրքեր, ուեպինարներ, առցանց շրջագայութիւններ եւ ընկերային-մշակութային ձեռնարկներ:

Ներկաները ոգեւորուած կը լսէին ՀՀՀ-ի ձեռքբերումներու մասին: Իռլանտայի հայկական եկեղեցական խորհուրդի ղեկավար՝ Դոկտոր Փոլ Մանուկը նշեց. «Ելոյթը բաւական հետաքրքրական էր: Բոլորս հիացած ենք ՀՀՀ-ի գործունէութեամբ»:

Գաղութի ղեկավարները փափաքեցան հիպրիդ դասընթացքներ կազմակերպել գաղութի անդամներուն համար: Դոկտոր Արամ Հախումեանը, որ նշանակուեցաւ ՀՀՀ-ի դեսպան, պիտի համակարգէ սոյն ծրագիրի իրականացման աշխատանքները: