login
Յօդուածներ
Հայկական Ժառանգութեան յիշատակում. Առնօ Բաբաջանեան-105 ամեակ եւ Լեզուի միջազգային օր 03/29/2026

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) համար Փետրուար ամիսը ճոխ էր եւ արդիւնաւէտ: Փետրուարին նշեցինք Առնօ Բաբաջանեանի 105 ամեակը եւ Մայրենի լեզուի միջազգային օրը:


Ակադեմական ծրագիրներու կողքին, ՀՀՀ-ը միշտ կը կազմակերպէ այնպիսի ձեռնարկներ, որոնք հայագիտական տարբեր նիւթերով հետաքրքրուողները համախմբելու առիթ կը դառնան: Հաւատարիմ մնալով ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի նպատակին, այս ձեռնարկները կը միտին պահպանել հայկական ինքնութիւնը եւ խթանել հետաքրքրութիւնը հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ պատմութեան հանդէպ:  


Առնօ Բաբաջանեանին նուիրուած առցանց դասախօսութիւն


Փետրուար 28-ին, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ նուիրուած Առնօ Բաբաջանեանի 105 ամեակին:  

 

ՀՀՀ-ի Կրթական հարթակին իրականացուող առցանց դասախօսութիւնը կը կրէր «Առնօ Բաբաջանեան՝ 105 ամեակ.  հայկական շունչ մը՝ երաժշտութեան, ժամանակաշրջանի եւ յիշողութեան ընդմէջէն» խորագիրը: Օրուան բանախօսն էր դոկտ. Նունէ Մելիքեան: Ան «Առնօ Բաբաջանեան, Խորհրդային շրջանի հայկական ռիթմը» գիրքին հեղինակն է:  


Դոկտ. Մելիքեան փոխանցեց կարեւոր տեղեկութիւններ մեծ երաժիշտի եւ երգահանի կեանքի, ստեղծագործական ուղիին մասին: Ան կրցաւ գրաւել ձեռնարկին միացած մասնակիցներու ուշադրութիւնը, ներկայացնելով հետաքրքրական տեսանիւթեր եւ  պատումներ: Դասախօսութենէն ետք, տեղի ունեցաւ աշխոյժ քննարկում, հարց-պատասխանի նիստ: Աւարտին, աշխարհի տարբեր անկիւններէն միացած երաժշտասէրները ներկայացուցին իրենց միտքերը:  


Ձեռնարկին կրնաք հետեւիլ սեղմելով այստեղ:


ՀՀՀ-ի Կրթական հարթակին տեղադրուած են հայկական մշակոյթին առնչուող բազմաթիւ տեղեկութիւններ եւ առցանց դասախօսութիւններու տեսերիզներ: Այս հարթակին շնորհիւ կրնաք առցանց այցելել Առնօ Բաբաջանեանի Դիլիջանի բնակարանը եւ ստանալ բազմաթիւ տեղեկութիւններ մեծ երաժիշտ-երգահանի մասին:  


Հետեւեցէ՛ք ՀՀՀ Կրթական հարթակին՝ սեղմելով այստեղ:


Մայրենի լեզուի միջազգային օր


Փետրուար 21-ին, Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առթիւ, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը պատրաստեց յատուկ տեսերիզ մը՝ հաստատութեան անձնակազմի մասնակցութեամբ: ՀՀՀ-ի աշխատակիցներուն առաջարկուեցաւ արձագանգել հետեւեալ հարցումներուն.

 

  1. 1- Գրէ՛ քեզի համար ամենէն կարեւոր բառը:
  2. 2- Գրէ՛ քեզի համար ամենէն գեղեցիկ բառը:
  3. 3- Ո՞ր բառը քեզ կը կապէ քու արմատներուդ:


Պատասխանները անմիջական էին եւ յուզիչ:  Այս պարզ, բայց կարեւոր տեսերիզով ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը նշեց մայրենի լեզուի պահպանման կարեւորութիւնը եւ հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութիւնը:


Տեսերիզը կրնաք դիտել սեղմելով այստեղ:


Հետեւեցէ՛ք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ընկերային ցանցի էջերուն՝ մեր ձեռնարկներուն եւ տեսերիզներուն  ծանօթանալու համար: