ՀՀՀ-ն Մասնակցեցաւ Եւրոպական Գիտական Բաց Ֆորըմին (ESOF), Քոփէնհակըն, 2014
06/30/2014
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) մասնակցեցաւ Եւրոպայի ամենամեծ գիտական միջոցառումին: 2014թ., Յունիս, 21-26-ը Քոփէնհակընին մէջ կազմակերպուեցաւ երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող Եւրոպական գիտական բաց ֆորըմը (ESOF) եւ «Գիտութիւնը Քաղաքին մէջ» համատեղ փառատօնը:
Ճարտարագիտական, հումանիտար ինչպէս նաեւ ընկերային գիտութիւններու մէջ նորանոր ուղղութիւններ եւ նոր բացայայտումներ որոնելու միտումով, համաեւրոպական այս միջոցառումին մասնակցեցան եւրոպացի հանրայայտ գիտնականներ, հետազօտողներ, գործարարներ, սեփականատէրներ, գիւտարարներ եւ հետաքրքրուողներու լայն զանգուած մը:
2014-ին Եւրոպական գիտական բաց ֆորըմին Հայաստանը ներկայացնելու պատիւն ունեցաւ նաեւ ՀՀՀ-ն` իր ճարտարագիտական նորարարութիւններով: Հայաստանէն ֆորըմին մասնակցեցան այլ երեք կազմակերպութիւններ եւս` TUMO, Dasaran.am եւ Instigate: Մասնակցութեան հրաւէրը ՀՀՀ-ն ստացած էր դանիական-հայկական AmStream հասարակական կազմակերպութեան կողմէ: Սոյն հրաւէրի նպատակն էր նոր կապեր ստեղծել Հայաստանի եւ սկանտինավեան երկիրներու միջեւ` առեւտուրի, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի բնագավառներու մէջ:
AmStream-ի անդամները` Դանիա ապրող երիտասարդ հայերու եւ դանիացիներու խումբը, ամէն միջոց կ’օգտագործեն օգնելու համար հայկական կազմակերպութիւնները, ցուցադրելով ճարտարարուեստի միջոցով առաջարկուող կրթութեան ոլորտի հայկական արդի լուծումները, նպաստելու համար Դանիա-Հայաստան համագործակցութեան զարգացմանը:
ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ Էլվիրա Միրզոեանի հետ միասին AmStream-ի գործադիր տնօրէն` Տաթեւիկ Ռեւազեանը, Վիքթոր Մոքիստը, Սուրէն Գէորգեանը, Լարա Ջեւինան, Ֆատիմա Բաուտիստա Կանանը, Նազիլա Ամիրը եւ շատ ուրիշներ հանդէս եկան որպէս կամաւորներ եւ նախանձախնդրութեամբ ներկայացուցին ՀՀՀ-ի արտադրանքներն ու ծառայութիւնները Եւրոպական գիտական բաց ֆորըմի ընթացքին:
ՀՀՀ-ն հիմնական շեշտը դրած էր իր երկու վերջին նորարարութիւններուն` ճատրակի օնլայն ծրագիրի եւ ելեկտրոնային բազմաբնոյթ գիրքերու շարքի վրայ: Երկու ծրագիրներն ալ մեծ հաճոյքով ընդունուեցան եւ հետաքրքրութիւն առաջացուցին այցելուներու մօտ:
Ճատրակի դասաւանդման իւրօրինակ մօտեցումը հիացուց մասնակիցները: Անոնք նշեցին, թէ, այսօր, ճատրակի դասաւանդման բազմաթիւ միջոցներու մէջ այս ծրագիրը առաջինն է որ կ’առաջարկէ ճատրակի օնլայն դասընթացք` օնլայն այնպիսի ուսուցիչի օգնութեամբ, որ միեւնոյն ժամանակ ճատրակի միջազգային վարպետ է: Ներկաները ճատրակի օնլայն խաղատախտակի դիմացը կանգնած, կը հետեւէին բացատրութեանը, կը խաղային, կը մրցէին իրարու հետ բացայայտելով իրեց ունակութիւնները ճատրակի մէջ:
ֆորըմի ընթացքին ՀՀՀ-ի ներկայացուցած երկրորդ տպաւորող ծրագիրը, ՀՀՀ-ի առաջին ելեկտրոնային գիրքն է` «Հայկական Բարձրաւանդակ»ը: Ան ունի հարուստ բովանդակութիւն, հասանելի է 7 լեզուներով եւ մատչելի: Առաւել` հարուստ է ճարտարագիտական հնարաւորութիւններով: Սոյն ծրագիրը այնքան գրաւիչ էր ռուս այցելուի մը համար, որ այսպէս արտայայտուեցաւ. «Այս գիրքի շնորհիւ ես հասկցայ, որ այս փոքր ազգը ունի մեծ պատմութիւն: Սա Հայաստանի մասին հզօր ուղեցոյց մըն է, եւ ես անպայման կ’այցելեմ Հայաստան, հայկական լեռնաշխարհն աւելի լաւ բացայայտելու համար»:
Հինգօրեայ ցուցահանդէսին յաջորդեց Յունիսի 26-ի եզրափակող միջոցառումը, որ կը կրէր «Կրթութիւնը վերաիմաստաւորելով» խորագիրը: Միջոցառումին մասնակցեցան ճարտարագիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներու նախաձեռնողները` քննարկելու համար արդի կրթական ծրագիրները եւ նոր լուծումները: Միջոցառումին ներկայացուեցան դանիական երեք յայտնի հաստատութիւններ եւ Հայաստանի կողմէ «Նոր Սիլիքոն Վելլի»-ն:
Երկու միւս հայկական կազմակերպութիւնները` Instigate-ը եւ Tumo-ն, ցոյց տուին, թէ ինչպէս Հայաստանը կը կիրառէ կրթական նոր ուղղութիւններ, հետեւելով` «սորվիլ խաղի միջոցով» կարգախօսին: Եզրափակիչ միջոցառումին, ՀՀՀ հիմնադիր նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ն, ընդծելով վերջին հինգ տարիներուն ՀՀՀ-ի ձեռքբերած բացառիկ փորձը, ինչպէս նաեւ այն գործունէութիւնը, որուն շնորհիւ ՀՀՀ-ն դարձաւ հայկական օնլայն կրթութիւն առաջարկող առաջատար հաստատութիւնը:
Եզրափակիչ միջոցառումէն ետք տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն Քոփէնհակընի հայկական դեսպանատան մէջ, որուն մասնակցեցան ճարտարագիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներու առաջատար դէմքերը` Դանիայէն եւ Հայաստանէն:
Քոփէնհակընի 2014-ի. Եւրոպական գիտական բաց ֆորըմը յաջողութեամբ հասաւ իր աւարտին` ստեղծելով ճարտարագիտական եւ կրթական ոլորտներու մէջ միջազգային կարելիութիւններ ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ ՀՀՀ-ի համար: