Դասախօսութիւն ՀՀՀ-ի Մասին - Իսթանպուլի Դպրոցներու Տնօրէններուն Եւ Ուսուցիչներուն Համար
12/14/2015
ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի Նախագահ Երուանդ Զօրեանի այցելութիւնը, Իսթանպուլի հայկական գաղութին, փաստօրէն, հետաքրքրական աւանդոյթի մը վերածուեցաւ: 14 Դեկտեմբեր 2015-ին, “VADİP” կրթական յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ, Դոկտոր Զօրեանը, միօրեայ այցելութեամբ, կրկին ճամբորդեց դէպի Իսթանպուլ, հանդիպում մը ունեցաւ հայկական գաղութին հետ եւ ներկայացուց ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ֆերիգիւղ թաղամասը գտնուող Նազար Շիրինօղլուի անուան սրահին մէջ, ուր ներկայ էին դպրոցի տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Հանդիպումը սկիզբ առաւ գաղութի աշխոյժ անդամներէն՝ Թամար Քարասուի ողջոյնի ջերմ խօսքով, որուն յաջորդեց Դոկտոր Զօրեանի համապարփակ եւ հետաքրքրական խօսքը՝ ՀՀՀ-ի գործունէութեան մասին: Դոկտոր Զօրեանը յատկապէս շեշտեց ՀՀՀ-ի վերջին ձեռքբերումները, անդրադառնալով, որ Թուրքիայէն մասնակցող ուսանողներուն թիւը բազմապատկուած է ՀՀՀ-ի դասաւանդման լեզուներուն մէջ թրքերէնը ներգրաւուելէն ետք: Հանդիպումը հարուստ էր տեսողական եւ բազմապիսի մուլթիմետիա նիւթերով. իսկապէս, առցանց այցելութիւն մըն էր՝ Հայկական Հանացանցային Համալսարանի եւ առցանց կրթութեան աշխարհի մէջ:
Հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ ՀՀՀ-ի հիպրիդ կրթութեան մասին, որ առցանց եւ աւանդական կրթութեան զուգորդումն է: Դպրոցի ուսուցիչները եւ տնօրէնները գաղափար մը ունեցան, թէ ինչպէս կրնան այս ծրագիրը կիրարկել գաղութի դպրոցի կամ կեդրոնի ուսումնական ծրագիրին մէջ` նորագոյն եւ հետաքրքրական միջոցներով բաւարարելով այսօրուան ուսանողներուն պահանջքը:
Պրն. Սարգիս Գաւուսեանի եւ Պրն. Նուրհան Պալըքօղլուի հետ, Դոկտ. Զօրեան այցելեց «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրատուն, ուր գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանի հետ տեղի ունեցաւ հանդիպում-քննարկում՝ գաղութի եւ ՀՀՀ-ի հեռանկարներու մասին:
Իսթանպուլ կատարած այցելութիւնը եւ հայկական դպրոցներու հետաքրքրութիւնը անգամ մը եւս փաստեցին ՀՀՀ-ի առաքելութեան կարեւորութիւնը, խթանելով աշխատակազմը շարունակելու աշխատանքը աւելի մեծ ոգեւորութեամբ եւ նուիրուածութեամբ: