Դոկտ. Զօրեանի Հանդիպումը ՀԲԸՄ-ի Լիոնի Մասնաճիւղի Եւ «Երիտասարդ Արհեստավարժներ» ու Ներկայացուցիչներու Հետ
11/29/2016
ՀՀՀ-ը, աշխարհագրականօրէն, անընդհատ կը տարածուի Եւրոպայի մէջ: 29 Նոյեմբեր, 2016-ին, ՀԲԸՄ-ի Լիոնի մասնաճիւղը եւ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ Արհեստավարժները հանդիպում կազմակերպեցին ՀՀՀ-ի հիմնադիր Դոկտ. Երուանդ Զօրեանի հետ:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու ատենապետ Վիգէն Քոճաքեանի բացման խօսքով: Ան ողջունեց Դոկտ. Զօրեանը եւ ծանօթացուց զինք գաղութի անդամներուն: Ապա, Դոկտ. Զօրեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի ծրագիրը: Ելոյթին յաջորդող զրոյցի հանգրուանին, ներկաները փոխանցեցին հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման հետ առնչուող իրենց պատկերացումներն ու գաղափարները: Լիոնի յայտնի դէմքերէն, ՀԲԸՄ-ի Լիոնի ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ակիլեանը, ոգեւորուած, յայտնեց պատրաստակամութիւնը նպաստելու ՀՀՀ-ի գործունէութեան տարածմանը՝ յատկապէս դպրոցի ծիրէն ներս:
Ձեռնարկին յաջորդեց ճաշկերոյթ, ի պատիւ Դոկտ. Զօրեանի: Ազատ եւ հաճելի քննարկումը շարունակուեցաւ ճաշկերոյթի ընթացքին: Երեկոն հասաւ իր աւարտին՝ ՀՀՀ-ի եւ Լիոնի հայկական գաղութի միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու դրական տրամադրութեամբ: