login
Ներսէն Հայեացք
Թօփալեան դպրոցի աշակերտները՝ ՀՀՀ-ի մասին 10/10/2022

ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի եւ Ժընեւի Թօփալեան վարժարանի միջեւ հաստատուած համագործակցութեան շնորհիւ, 2019-էն ի վեր հայկական առցանց կրթութիւնը հասանելի է դպրոցի աշակերտներուն՝ հիպրիթ ծրագիրի միջոցով

 

Երկարատեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը յատկանշական դարձաւ 2022-ին: 10 տարեկան Ալեք Ընքսզեանն ու Ցոլակ Տիօստատօ տէ Գասօնարդէն դպրոցի շրջանաւարտներէն են: Անոնք յաջողութեամբ  ամբողջացուցին ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի դասընթացքին առաջին մակարդակը: Դպրոցի շրջանաւարտներու աւարտական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ  Յունիս 8-ինՀանդիսութեան ընթացքին  Ալեքն ու Ցոլակը ստացան թէ՛ Թօփալեան դպրոցի, թէ՛ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի կողմէ տրամադրուած վկայականները:  

 

 Ցոլակը կ'ըսէ. «Մեծ հաճոյքով 7 տարի յաճախեցի Թօփալեան վարժարանը: Այսօր ես շնորհակալ եմ դպրոցին եւ Հայկական Համացանցային Համալսարանին, քանի որ այս տարիներու ընթացքին ունեցայ  հայ ընկերներ, սորվեցայ հայոց աբուբենը, սորվեցայ հայերէն կարդալ, գրել եւ երգել»:

 

Իսկ Ալեքը դասընկերոջ խօսքը շարունակելով կ'ըսէ. «Ես ալ սիրով եկայ դպրոց. ՀՀՀ-ի ծրագիրին շնորհիւ սորվեցայ հայոց լեզուն, ծանօթացայ հայկական  մշակոյթին. շատ շնորհակալ եմ»:

 

Թօփալեան դպրոցի ուսուցչուհի Մարալ Վուրին կը հաստատէ, որ երկուքն ալ աշխատասէր աշակերտներ եղած են եւ արդէն հայերէն լաւ կը խօսինՀայերէնի դասընթացքները կազմակերպուած են դպրոցի ուսուցչուհիին եւ ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի հարցերը համակարգող, հեռավար ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեանի անմիջական մասնակցութեամբ եւ աջակցութեամբ: Առցանց դասերուն զուգահեռ աշակերտները մասնակցած են Կաղանդի, ԲարեկենդանիՅարութեան տօնի, Հայաստանի անկախութեան, Թարգմանչաց տօնի եւ Մծբինի Սուրբ Յակոբ հայրապետի հիշատակի օրուան նուիրուած ընկերային ու մշակութային առցանց ձեռնարկներուն:

 

Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին, ՀՀՀ-ը տարբեր եկիրներէ հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին միացած դպրոցները համախմբեց. այդ ձեռնարկին միացած էր նաեւ  Թօփալեան վարժարանը: Աշակերտները լսելով Վահան Թէքէեանի «Տաղ հայերէն լեզուի» բանաստեղծութիւնը, անկէ ներշնչուած, գեղեցիկ պատկերներ կը գծեն:

Դիտել տեսանիւթ: 

 

Թօփալեան վարժարանը հիմնուած է 1994-ին, մեծ հայրենասէր եւ բարերար Յակոբ Թօփալեանի ջանքերով: Անոր նպատակն  էր զարկ տալ հայկական մշակոյթին եւ ազգային ինքութեան պահպանման՝ սփիւռքի մէջ: