Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Իտալիա ծնած Անթոնիօ Է. Փորագան, որ ՀՀՀ-ի ուսանողներէն է, այժմ Ֆրանսա կ'ապրի: Ան Aix-Marseille համալսարանէն ներս դասախօս է եւ համակարգչային գիտութիւններու հետազօտող: Ծագումով հայ չէ, բայց կնոջ մայրենի լեզուն արեւմտահայերէնն է, եւ քանի որ լեզուներ սորվիլ շատ կը սիրէ, կ'որոշէ հետեւիլ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի լեզուի դասընթացքներուն:
Համացանցի վրայ համապատասխան դասեր պրպտելու ընթացքին կը գտնէ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի կայքը, կ'արձանագրուի եւ յաջորդաբար կը հետեւի Արեւմտահայերէնի դասընթացքի 4 մակարդակներուն (սկսնակ, տարրական, նախամիջին, միջին):
Անթոնիոն կը համարէ, որ հայերէնի իմացութեան մակարդակը դեռ շատ տարրական է: Ան կ'ուզէ հարստացնել իր հայերէնի բառապաշարը, որպէսզի սահուն խօսի. «Հայերէնը հնդեւրոպական լեզու է, բայց շատ կը տարբերի իմ գիտցած լեզուներէս: Ես հայերէն շատ չեմ խօսիր, որովհետեւ կ'ուզեմ աւելի լաւ սորվիլ եւ բարձրացնել իմ մակարդակս»:
Նկատի ունենալով, որ կինը հայ է եւ կը կրէ հայկական մշակոյթի ազդեցութիւնը, Անթոնիոն կը փափաքի կնոջ հետ հայերէն խօսիլ: Անոր համար, ամէն օր քիչ մը հայերէն կը սորվի, կը հետեւի ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասերուն, կը սորվի նոր բառեր, նախադասութիւններ, կը կարդայ հայերէն բնագիրներ, նոյնիսկ հայկական ձայնասփիւռէն հաղորդումներ կը լսէ:
Անթոնիոյի փափաքն էր գտնել սկսնակներուն մակարդակին համապատասխանող այնպիսի դասընթացք մը, որ հարուստ ըլլայ նիւթերով, բնագիրներով, ձայնագրութիւններով, տեսանիւթերով եւ միեւնոյն ատեն մասնակցութեան ընթացքն ու ձեւը համապատասխանէ իր առօրեայ եւ աշխատանքային խճողուածութեան:
«ՀՀՀ-ի շնորհիւ գտայ այն՝ ինչ կ'ուզէի: Բացի այդ, հեռավար ուսուցչուհիս՝ Անի Տեկիրմէնճեանը միշտ պատրաստ էր ինծի օգնելու եւ բոլոր հարցումներուս պատասխանելու: Դասի քննարկումը, մեր շաբաթական հանդիպումները՝ իմ հեռավար ուսուցչուհիիս հետ, ինծի համար շատ հաճելի էին: Ուսուցչուհիս միշտ կը քաջալերէր զիս»:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Անի Տեկիրմէնճեան կը հաստատէ.«Անթոնիոն աշխատասէր եւ պարտաճանաչ ուսանող մըն է: Մեր շաբաթական հանդիպումներու ընթացքին անպայման կը փորձէ օգտագործել դասի մէջ կիրարկուող բառերը, արտայայտութինները: Ան շատ կը սիրէ հայոց լեզուն եւ շատ կը սիրէ նաեւ մեր դասերը. այս մէկը զիս՝ որպէս ուսուցչուհի, իսկապէս կ'ուրախացնէ եւ կ'ոգեւորէ»:
Անթոնիոն որոշած է շարունակել իր ուսումը: Ան կ'ըսէ. «Հիմա շատ հետաքրքրուած եմ տարբեր լեզուներով, անոր համար որոշած եմ շարունակել եւ արձանագրուիլ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի աւելի բարձր մակարդակի դասընթացքներուն»: Ան կը փափաքի նաեւ հետեւիլ ՀՀՀ-ի միւս դասընթացքներուն:
Անթոնիօն կը հաստատէ. «Բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են հայոց լեզուով, կը փափաքին ծանօթանալ հայկական մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան՝ անպայման թող հետեւին ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: Ինծի համար մեծ առաւելութիւն է, որ դասերուն կաելի է առցանց հետեւիլ: Զիս գրաւեց ծրագիրի նիւթերուն բարձր որակն ու ուսուցիչներուն կարողութիւնը»: