Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ուսանողներէն Նիգ Պաղտասար, որ կը բնակի Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքը, կը խօսի իր հայկական արմատներուն, հայրենիք կատարած այցելութիւններուն եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներու միջոցով հայերէնի իր իմացութիւնը բարելաւելուն մասին:
Նիգի հայրը ծնած է Արցախ՝ Մելիքաշէն գիւղ: Ինք Մելիքաշէն երբեք չէ գացած, բայց 70-80-ական թուականներուն քանի մը անգամ Հայաստան այցելած է, տեսած է Երեւանը, Ծաղկաձորը, Սեւանն ու Դիլիջանը:
Հակառակ հայերէնի որոշ իմացութեան, Ֆրանքֆուրթի հայկական համայնքի անդամներուն հետ հայերէն խօսելու ընթացքին դժուարութիւններու հանդիպած է: Անոր համար կ'որոշէ հետեւիլ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներուն՝ լեզուական կարողութիւնները բարելաւելու ցանկութեամբ:
Նիգ կ'ըսէ. «ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի լեզուի դասերուն հետեւելէս առաջ որեւէ պատկերացում չունէի, որ կրնամ հայերէն լաւ սորվիլ, բայց ուսումնական ծրագիրն ու դասերու բովանդակութիւնը շատ սիրեցի»: Երկու տարուան ուսումնառութենէ ետք, ամբողջացնելով արեւելահայերէնի դասընթացքի միջին մակարդակէն մինչեւ բարձրագոյն մակարդակի ծրագիրը, վերջերս, ան կը ստանայ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի վկայականը:
Նիգի համար դասերը իսկապէս հաճելի էին. սերտելու համար միշտ յաւելեալ նիւթեր կը խնդրէր եւ կը փափաքէր, որ դասի հանդիպումները աւելի երկար տեւէին:
Ան կը նշէ. «Կը փափաքիմ միշտ զարգացնել լեզուս: Ֆրանքֆուրթի մեր համայնքի բոլոր անդամներուն կը յանձնարարեմ, որ հետեւին ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: Շատեր դասերուն արդէն արձանագրուեցան: Ես համոզուած եմ, որ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ծրագիրը արդիւնաւէտ է եւ շատ հաճելի»:
Լեզուի դասընթացքէն բացի մեծ պարտաճանաչութեամբ հետեւած է նաեւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ճատրակի դասընթացքին: Ան կը միտի ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի միջոցով զարգացնել եւ ամրապնդել իր գիտելիքները՝ հայագիտական բնագաւառէն ներս: