Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Ֆրանսացի բժիշկ Թիֆֆէն Պուասսօն մինչեւ 2017 ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէր Հայաստանի մասին: Բայց, արդէն 7 տարիէ ի վեր, եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի քանի մը դասընթացքներուն հետեւելէ ետք, հայերէն կրնայ հասկնալ եւ խօսիլ: Նոյնիսկ մէկ անգամ Հայաստան այցելած է:
Հայաստանի հետ իր կապը սկսած է երբ Ֆրանսայի մէջ ծանօթացած է ապագայ ամուսինին եւ հետեւաաբար՝ Հայաստանի եւ հայկական մշակոյթի հետ: Ամուսինին հետ առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 2020-ի Փետրուարին: Այդ ատեն, ամուսինին եւ անոր ընտանիքին հետ սկսած է ռուսերէն խօսիլ, բայց յետոյ որոշած է հայերէն սորվիլ, որպէսզի հանգիստ հաղորդակցի ընտանիքին հետ:
Ան կ'ըսէ. «Սկիզբը որոշեցի ինքնուրոյն սորվիլ այնպէս, ինչպէս սորվեցայ ռուսերէնը: Բայց յետոյ զգացի որ հաստատ ծրագիրի մը միջոցով սորվելու կարիքն ունիմ: Թէեւ ունէի ընտանիք եւ ընկերներ, որոնք կրնային ինծի սորվեցնել, բայց ամուր հիմքի մը պէտքն ունէի: Համացանցային փնտռտուք մը ըրի եւ գտայ ՀՀՀ-ը»:
Հակառակ որ Թիֆֆէնը հայոց լեզուի տառերը գիտէր եւ քիչ մըն ալ կրնար խօսիլ, այնուամենայնիւ նախընտրեց հետեւիլ ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի սկսնակ մակարդակին՝ գիտելիքները համալրելու համար: Ան կը նշէ. «Սկսնակ մակարդակին հետեւելու որոշումս շատ ճիշդ էր: Շատ բաներ սորվեցայ: Դասընթացքը շատ լաւ մշակուած է: Տարբեր նիւթեր կ'ըդգրկէ եւ հարուստ է տեսողական-լսողական ուսուցողական մեթոտներով: Հաճելի ուսումնական ընթացք մը ունենալու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ապահովուած են:
Թիֆֆէնի համար ամենահետաքրքրականը այն էր, որ դասընթացքին կարելի է հետեւիլ ուսանողին յարմարող ժամանակացոյցին համաձայն: Ան կը նշէ. «Այս դասընթացքը իմ ակնկալիքներս գերազանցեց»:
«ՀՀՀ-ի ծրագիրի կարեւոր մէկ յատկութիւնն է նաեւ հեռավար ուսուցիչի ներկայութիւնը: Առաջին անգամ երբ խօսեցայ հեռավար ուսուցիչիս հետ ան ըսաւ, որ ես հայերէն լաւ առոգանութիւն ունիմ: Այսպիսի հաճոյախօսութիւն եւ քաջալերող մօտեցում չէի սպասեր»:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Ովսաննա Ճորոխեան կ'ըսէ.«Թիֆֆէնը պարտաճանաչ եւ բարի ուսանող է: Ան շատ ազնիւ է»:
Սկսնակ մակարդակը աւարտելէ ետք Թիֆֆէնը կ'ուզէ շարունակել ուսումը, հայերէն աւելի լաւ խօսելու համար: Ան կ'ըսէ, «Որպէս «Santé Arménie» կազմակերպութեան բժիշկ, կ'ուզեմ հարստացնել բժշկական բնագաւառի բառապաշարս, որպէսզի երբ Հայաստան այցելեմ, հանգիստ խօսիմ հիւանդներուն եւ գործընկերներուս հետ»: Ապա կ'աւելցնէ.
«ՀՀՀ-ի դասընթացքները մեծ ազդեցութիւն ունեցան իմ աշխատանքային եւ անհատական կեանքիս վրայ: Ընտանիքս եւ ընկերներս հայերէնի իմ առաջընթացս կը նկատեն: Այդ մէկը ես ալ կը զգամ երբ կը խօսիմ Ֆրանսա կամ Հայաստան գտնուող հայ հիւանդներուն հետ»:
Որպէս եզրակացութիւն խօսքը կը փակէ ըսելով. «Անոնք, որոնք կը փափաքին հայերէն սորվիլ կամ կատարելագործել իրենց գիտելիքները, թող հետեւին ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն»: