login
Մամլոյ հաղորդագրութիւն
ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Եւ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը Կը Համգործակցին Ի Նպաստ Հայապահպանութեան 10/20/2018

ԵՐԵՒԱՆ – ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր. պաշտօնապէս հաստատուեցաւ նախարարութեան եւ ՀՀՀ-ի միջեւ առկայ երկարատեւ համագործակցութիւնը, որ կը միտի պահպանել հայ ինքնութիւնը՝ սփիւռքի մէջ։ Յուշագիրի համաձայն, համալսարանը պիտի աջակցի իրագործելու նախարարութեան երիտասարդական, հայրենաճանաչողական ու այլ ծրագիրներու կրթական միջոցառումները։ ՀՀՀ-ը նաեւ պիտի տրամադրէ հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի դասընթացքներ՝ նախարարութեան կազմակերպած «Քայլ Դէպի Տուն» եւ այլ ծրագիրներու մասնակիցներուն:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանը իր ելոյթի մէջ ըսաւ. «Մեզի համար շատ կարեւոր է ունենալ այնպիսի գործընկեր, ինչպիսին է Հայկական Համացանցային Համալսարանը»։ Ան նշեց. «Սփիւռքի նախարարութիւնը ստանձնած է սփիւռքի մէջ ծրագիրը տարածելու պատասխանատուութիւնը, քանի որ էական են ու որակաւոր այն գիտելիքները, որոնք կը տրամադրուին Համալսարանին կողմէ։ Առայժմ այդ բոլորէն օգտուողներու թիւը այնքան ալ մեծ չէ։ Նախարարութիւնը պիտի խրախուսէ, որ տարբեր գաղութներ աւելի ծանօթանան համալսարանի գործունէութեան»։

ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեանը նշեց. «Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայկական Համացանցային Համալսարանը մէկ նպատակ ունին՝ պահպանել հայկական ինքնութիւնը՝ արագ փոփոխուող աշխարհի մէջ։ Հաւատարիմ մնալով այս առաքելութեանը եւ միաւորելով ջանքերը՝ մենք պիտի հարստացնենք մեր ծրագիրները»։

Այս համագործակցութիւնը սկիզբ առաւ «Քայլ Դէպի Տուն» ծրագիրի մեկնարկով։ 440 մասնակիցներ հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ սորվեցան՝ 8-օրեայ դասընթացքներու ընթացքին: Ծրագիրը հիմնուած էր ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներու եւ հիպրիթ կրթութեան վրայ, որ կը զուգորդէ առցանց եւ աւանդական կրթութիւնները։ ՀՀՀ-ը նաեւ անվճար կազմակերպեց աւելի քան 20 ուսուցիչներու վերապատրաստումը։

Դասընթացքները հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ էին, որովհետեւ նկատի առնուած էր ուսանողներու լեզուի իմացութեան մակարդակը եւ յագեցած էին նկարներով, տեսանիւթերով ու ներգործօն վարժութիւններով։ Ծրագիրի աւարտին բոլոր մասնակիցները ստացան ՀՀՀ-ի վկայականը: ՀՀՀ-ը կազմակերպեց նաեւ շարք մը միջոցառումներ՝ համալսարանի ծրագիրները եւ առցանց կրթութեան հնարաւորութիւնները ներկայացնելու համար։

Առաւել, ՀՀՀ-ը «Քայլ Դէպի Տուն» ծրագիրի մասնակիցները քաջալերելու համար, դասընթացքի մը անվճար հետեւելու հնարաւորութիւնը տրամադրեց: Անոնցմէ շատեր արդէն արձանագրուած են ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն։