login
Արեւելահայերէնի բարձրագոյն մակարդակ-1
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Դասին հիմնական նպատակն է ուսանողներուն լեզուական գիտելիքները եւ կարողութիւնները կատարելագործել: Ուսանողները այս ուսումնական շրջանին կը շարունակեն զարգացնել իրենց խօսելու, կարդալու, գրելու եւ լսելով ըմբռնելու կարողութիւնները երկխօսութիւններու եւ բնագիրներու միջոցաւ: Անոնք իրենց բառապաշարը կը հարստացնեն, կարելիութիւն կ’ ունենան թուականները, հոմանիշները, հականիշները, դարձուածքները աւելի ճկուն եւ հմտօրէն կիրարկելու եւ անսխալ գրելու: Ուսանողները նաեւ հնարաւորութիւն կ’ ունենան նախադասութեան գլխաւոր եւ երկրորդական անդամները զանազանելու, ինչն ալ իրենց կ’օգնէ կարդալ, հասկնալ եւ գրել բարդ նախադասութիւններ:

Ուսումնական շրջանի օրացոյց 2025

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Ձմեռ 2025Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի)
Գարուն 2025Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի)
Ամառ 2025Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)
Աշուն 2025Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ-2-3 ժամ
  • Առաջադրանքներ - 2-3 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 5-8 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը.
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Բնագիր, հոմանիշներ, բաշխական թուականներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
  • Բնագիր, հականիշներ, կոտորակային թուականներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
  • Բնագիր, դարձուածքներ, նախադասութեան գլխաւոր անդամներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
  • Բնագիր, դարձուածքներ, գոյականական անդամի լրացումներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
  • Բնագիր, գոյականական անդամի լրացումներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
  • Բնագիր, բայական անդամի լրացումներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
  • Բնագիր, բայական անդամի լրացումներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:
  • Բնագիր, բայական անդամի լրացումներ, նախադասութիւններ, երկխօսութիւն, ուղղագրութիւն:

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները թուականներու, հոմանիշներու, հականիշներու, դարձուածքներու, ինչպէս նաեւ նախադասութեան գլխաւոր եւ երկրորդական անդամներու մասին ընդլայնած գիտելիքներ պիտի ունենան, ինչն ալ պիտի նպաստէ ուսանողներուն մինչեւ հիմա ձեռք բերած գիտելիքներուն հարստացմանը: Նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ սորվելով ուսանողները պիտի հարստացնեն իրենց բառապաշարը, կարելիութիւն պիտի ունենան ճշգրիտ եւ պարզ արտայայտելու իրենց միտքերը` գործածելով բարդ նախադասութիւններ թէ´ բանաւոր, թէ´ գրաւոր:

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը(regular program),այդ պարագային ուս.շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ դաս շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը(slow-mode program),այդ պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ(1 դաս/2 շաբաթ)ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողը կը ծանօթանայ կրթական առցանց տիրոյթի, ուսանողի ուղեցոյցի հետ, կ՚ամբողջացնէ իր նկարագիրը (profile), կը մասնակցի ֆորում-քննարկումին։ Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ

Շաբաթ 4

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոդաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

  • Ս. Աբրահամեան, «Հայոց լեզու, բառուխօսք», (Երեւան, 1972)
  • Գ. Ջահուկեան, «Հայոց լեզու», (Երեւան, 1976)
  • Ջ. Կիւլամիրեան, «Հայոց լեզուի տարրական ուսուցման եղանակ», (Yerevan, 2006).
  • Վ. Ի. Կապինոս, «Развитие речи. Теория и практика обучения» [Խօսքի զարգացում, ուսուցման տեսութիւն եւ կիրարկում], (Մոսկուա, 1991)
  • Ս. Ճ. Սավիկնօն եւ Մ.Ս. Պրնս, Communicative language teaching: Where are we going? Studies in Language Learning. [Հաղորդակցման ուսուցում, Ո՞ւր կ’ երթանք, Լեզուի ուսուցում], (Օքսֆօրտ; Օքսֆօրտ Համալսարանի հրատարակութիւն, 1983)