login
Հին շրջանի հայոց պատմութիւն – մաս 1
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Դասընթացքը կը ներկայացնէ հին շրջանի հայոց պատութեան համառօտ նկարագրութիւնը: Դասընթացքը կը բաղկանայ 8 դասերէ եւ կը ներառէ Հայկական բարձրաւանդակի աշխարհագրութիւնը, Հայաստանի աշխարհագրութիւնը, Հայաստանի յարաբերութիւնները հնդեւրոպացիներու հետ, հայկական կառավարութիւններու ծագումնաբանութիւնը, Հայաստանի անկախութեան խնդիրներուն սոցիալական, քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման պատմութիւնն ու հայկական եկեղեցւոյ պատմութիւնը:
Հին շրջանի հայոց պատմութեան դասընթացքը մատչելի է բոլորին:

Ուսումնական շրջանի օրացոյց 2025

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Ձմեռ 2025Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի)
Գարուն 2025Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի)
Ամառ 2025Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)
Աշուն 2025Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Հայկական լեռնաշխարհ (բնաշխարհ);
  • Նախնական -համահայկական հասարակարգը Հայաստանի մէջ;
  • Հայկական լեռնաշխարհը եւ հնդեւրոպական ժողովուրդներու նախահայրենիքը;
  • Հայկական հնագոյն պետական կազմաւորումները;
  • Վանի թագաւորութիւն (Ուրարտու);
  • Հայաստանը Երուանդունիներու օրոք;
  • Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը Արտաշէս Ա-ի օրոք;
  • Հայկական պետութեան հզօրացումը Տիգրան Մեծի օրոք:

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքն աւարտելէ ետք ուսանողները ծանօթացած կ’ըլլան Հալոց Պատմութեան նշանակալից իրադարձութիւններու թուագրութեան, գիտելիքներ կ’ունենան համաշխարհային պատմութեան մէջ Հայոց պատմութեան դերի մասին, պատմական գործընթացքները ուսումնասիրելու, վերլուծելու, մեկնաբանելու եւ խնդիրները լուծելու փորձ:

Դասընթացքի դասացուցակը

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ  Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն  իրենց ուսանելու ոճը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին: Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցման եւ ուսման միջոցներու հետ  եւ կիրարկեն զանոնք:

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8 ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթերը եւ տարբեր տեսակի  գիտելիքներու նիւթերը)
Անհատական եւ խմբային աշխատանքներ, հարցումներ:

Շաբաթ 3

Անհատական աշխատանքի յանձնում

Շաբաթ 7

Խմբային աշխատանքի յանձնում

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջքները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան հետ:  Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% - մասնակցութիւն
25% - անհատական աշխատանք
25% - խմբային աշխատանք
30% - աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Զեփիւռ Բաբիկեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան ուրուագիծերը ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու գործընթացքի մէջ: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն նիւթերը կազմուած են հասարակայնօրէն հասանելի մասնագիտական գրականութեան, գիտական գրականութեան, ուսումնական ծրագիրներու, հայ եւ օտար հեղինակներուն ուսումնասիրութիւններու, բազմալեզու աշխատութիւններու եւ հրապարակումներու հիման վրայ:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու, պատմութեան ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

•    Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն, ՀԳԱ հրատ., հատոր 1-8, Երեւան, 1967-1984
•    Է. Դանիէլեան, Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 2008
•    Ա. Մելքոնեան, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 1998