login
Ճատրակ՝ սկսնակներու համար - մաս 1
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Այս դասընթացքի մէջ կը տեսնենք ճատրակի համառօտ նկարագրութիւնը: Դասընթացքը 8 դասէ կը բաղկանայ: Դասերը խաղի կարեւոր տարրերը, խաղի կանոնները, իւրաքանչիւր քարը գործածելու ճիշդ ձեւը եւ կարգ մը հնարներ կը սորվեցնէ: Դասընթացքը մատչելի է բոլորին:   

 

 

Ուսումնական շրջանի օրացոյց 2025

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Ձմեռ 2025Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի)
Գարուն 2025Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի)
Ամառ 2025Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)
Աշուն 2025Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ,ճատրակային խաղեր,վարժութիւններ -1-2 ժամ
  • Հարցումներ, առաջադրանքներ - 1-2 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 4-6 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով:
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը:
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

•    Ճատրակի հետ ծանօթանալ, թագաւոր
•    Թագուհի, շախ
•    Շախ եւ մատ, պատ
•    Նաւակ, փիղ
•    Ձի,  զինուոր
•    Քարերու սկսնական դասաւորութիւն, խաղաքարերու մօտաւոր  արժէքները
•    Փոխանակում, փոխատեղում
•    Քովէն վերցնելը, զինուորին փոխելը: 

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքն աւարտելէ ետք ուսանողները ծանօթացած կ’ըլլան ճատրակի խաղին,  կ’իմանան խաղի կարեւոր սկզբունքները, ինչպէն նաեւ կարելիութիւն կ’ ունենան ցանկակացծ իրավիճակ լուծել:

 

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը(regular program),այդ պարագային ուս.շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ դաս շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը(slow-mode program),այդ պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ(1 դաս/2 շաբաթ)ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ Ուսանողը կը ծանօթանայ կրթական առցանց տիրոյթի, ուսանողի ուղեցոյցի հետ, կ՚ամբողջացնէ իր նկարագիրը (profile), կը մասնակցի ֆորում-քննարկումին։ Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8 ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթերը եւ տարբեր տեսակի  գիտելիքներու նիւթերը), առաջադրանքներ, գլուխկոտրուկներ, հարցումներ:

 

Շաբաթ 4

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջքները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Մանէ Ադամեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Ուսանողները ճատրակի դասաւանդման եւ խաղալու համար անհրաժեշտ բոլոր մուլթիմետիա միջոցներուն հետ առնչութիւն կ’ ունենան, ինչն ալ  կ’ օգնէ ուսուցումը արդիւնաւէտ դառնալու:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերուն մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու ճատրակի ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

Հ. Տ. Թումանեան, Ճատրակ 2, Երեւան, 2011