Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Նկատի ունենալով աշխարհատարած համավարակի եւ Արցախեան պատերազմի պատճառով հայերուն կրած կորուստներն ու ճնշուած վիճակը, ՀԲԸՄիութիւնը, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը (ՀԱՀ) եւ Հոգեկան առողջութեան հայկական նախաձեռնութիւնը (ՀԱՀՆ) համատեղ ջանքերով կազմակերպեցին առցանց գագաթնաժողով մը, նիւթ ունենալով հոգեկան-ընկերային հարցերը եւ զանոնք յաղթահարելու միջոցները: Այն իրականացնելու համար ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը տրամադրեց իր հարթակը: 20-21 Փետրուար, 2021 թուականին տեղի ունեցած Գագաթնաժողովին միացան 26 երկիրէ 200 մասնակից:
Իւրաքանչիւր օրուան ծրագիրը բաժնուած էր մի քանի նիստի։ Քննարկուեցան տարբեր հարցեր եւ նիւթեր, ինչպէս՝ ճգնաժամը յաղթահարելու ուղղութիւնները, սոցիալական ցանցերով տարածուող լուրերը, լրատուական ապատեղեկատուութիւնը, յուսահատութեան մատնուիլը, հայ ժողովուրդի պատմական ողբերգութիւններէն սկիզբ առած չսփոփուած վէրքերը, հայրենիքի մասին մտահոգիչ տեղեկութիւններով ու պատկերներով յագեցած հաղորդումները:
Նիստերը վարեցին տուեալ ոլորտի գիտակ եւ մեծ հեղինակութիւն ունեցող փորձագէտներ, հոգեկան առողջութեան ոլորտի մասնագէտներ, հետազօտողներ, մանկավարժներ ու լրատուամիջոցներու մասնագէտներ։ Անոնք կը վերլուծէին խնդիրները եւ գործնական լուծումներ կ'առաջարկէին՝ ոգեւորելով ու յուսադրելով:
Գագաթնաժողովի օրակարգին, տեսաձայնագրութիւններուն եւ նիւթերուն կրնաք աւելի ծանօթանալ, հետեւելով ՀՀՀ-ի Տոկունութեան գագաթնաժողով հարթակին։