login
Առցանց այցելութիւն. Էրեբունի թանգարան եւ ամրոց

«Խալդ աստուծոյ զօրութեամբ Արգիշտին՝ Մենուայի որդին, այս անառիկ ամրոցը կառուցեց եւ անուանեց Էրեբունի՝ ի հզօրութիւն Բիայնիլի եւ ի սարսափ թշնամի երկիրներու»: Այս նշանաւոր արձանագրութեան մէջ Արգիշտի Ա. Թագաւորը (Ն.Ք. 786-764) Էրեբունիի հիմնադրութեան մասին տեղեկութիւն կը հաղորդէ:
ՀՀՀ-ի առցանց ձեռնարկին միանալով  կ'այցելէք Էրեբունի թանգարան, ամրոց եւ կ'ուսումնասիրէք հազարամեակներու պատմութիւնը: