Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

To finalize registration please complete following fields
1869-ին, Փետրուար 19-ին Լոռիի Դսեղ գիւղը ծնած է Ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանը։ Լոռիի ոգին ու գեղեցկութիւնը արտայայտուած է իր բանաստեղծութիւններուն, պատմուածքներուն եւ հեքիաթներուն մէջ։ ՀՀՀ-ի կազմակերպած առցանց ձեռնարկի ընթացքին կ'այցելենք Երեւանի եւ Դսեղի մէջ գտնուող թանգարանները եւ կը ծանօթանանք Թումանեանի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն: