ՀՀՀ-ն Peace Corps-ի Հայաստանեան Գրասենեակի Գործընկերն Է
12/01/2014
Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի միջեւ զարգացող յարաբերութիւններուն զուգահեռ կը զարգանայ նաեւ օտարներու պահանջքը՝ հայոց լեզուի իմացութեան: Այս նպատակին լաւագոյն ձեւով կը ծառայէ Հայկական Համացանցային Համալսարանը, որ 7 լեզուներով կը սորվեցնէ հայոց լեզուն:
2010 էն ի վեր, Peace Corps-ի եւ Birthright Armenia-ի կամաւորները կը մասնակցին ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքներուն: Peace Corps-ի եւ ՀՀՀ-ի միջեւ կնքուած պաշտօնական համաձայնութենէն ետք, կամաւորներու առաջին խումբը ՀՀՀ-ին կը միանայ 2013-ի գարնանային ուսումնական շրջանին: Այս արդիւնաւէտ փորձառութիւնը, երկու կազմակերպութիւններու միջեւ հաստատուող շարունակական համագործակցութեան հիմքը կը դառնայ: Peace Corps-ի հայաստանեան գրասենեակը, ծրագիրներուն շարքին կ՛ընդգրկէ ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքները եւ կամաւորներու նոր խումբեր կը մասնակցին նաեւ 2013 , 2014 ուսումնական շրջաններուն:
Լեզուի ուսուցումը կը կատարուի ճիշդ մեթոտով. նախ լեզուի դասընթացքի տարբեր մակարդակներուն հետեւող կամաւորներուն գիտելիքները կը գնահատուին, ապա կ՛ընտրուին համապատասխան մակարդակները: Այսպիսով ճիշդ ձեւով կը զարգանայ անոնց բանաւոր եւ գրաւոր խօսքը, ընթերցելու եւ ըմբռնելու կարողութիւնները:
Այս ծրագիրէն օգտուած են 72 ուսանողներ (39 ուսանող 2013-ին, 33 ուսանող 2014-ին): Peace Corps-ի կամաւորները սորված են լեզուն եւ միեւնոյն ժամանակ աշխատած են Հայաստանի հեռաւոր գիւղերու մէջ:
Ուսանողները բազմիցս արտայայտուած են դասընթացքի արդիւնաւէտութեան եւ ճիշդ ընտրուած մեթոտներու մասին: Ըստ Peace Corps-ի կամաւոր եւ ՀՀՀ-ի ուսանող Մարի Աննա Հարթի. «ՀՀՀ-ն հնարաւորութիւն տուաւ ստանալ գիտելիք՝ առաւելագոյն չափով: Ես, իբրեւ առցանց ուսանող, ՀՀՀ-ի շնորհիւ, այսօր, կրնամ կարդալ եւ հասկանալ հայերէն, ինչպէս նաեւ կատարել թարգմանութիւններ՝ անգլերէն լեզուէ»:
Հայաստան ապրող-աշխատող ե՜ւ Հայաստանէն դուրս գտնուող օտարներու շրջապատին մէջ, ՀՀՀ-ն կ՛ընդլայնէ իր գործունէութիւնը, շնորհիւ առցանց ծրագիրին, բազմալեզու դասաւանդման եւ իւրաքանչիւր ուսանողի նկատմամբ, օնլայն ուսուցիչներու կողմէ ցուցաբերուած անհատական մօտեցումին: