login
Օգտագործման Պայմաններ Եւ Կարգ

ՀՀՀ-ն կը հանդիսանայ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ)-ի սեփականութիւնը: Հայկական երեւութական Համալսարանի կայքէջի` www.avc-agbu.org պարունակութիւնը, ներառեալ Հայկական երեւութական Համալսարանի նշանակը, ծրագրերը, բնագիրները, գծագրութիւնները, նկարները, տեղեկութիւնները, տուեալները, ուսուցման ծրագրակազմը, փաստաթուղթերը, գիտարուեստը եւ այլ թղթածրարները կը պատկանին ՀԲԸՄ-ին հեղինակային իրաւունքով, ու այս ամէնը կը հանդիսանայ իրեն սեփականութիւնը եւ կը պաշտպանուին միջազգային հեղինակային իրաւունքով եւ այլ օրէնքներով:

 

Մասնակցելով ՀՀՀ-ի ուսումնական շրջանին որպէս ուսանող` Դուք հնարաւորութիւն եւ իրաւունք կ'ունենաք օգտուելու ՀՀՀ-ի ուսումնական ծրագիրէն, ուսման կառավարման համակարգէն եւ ծառայութիւններէն (յետոյ բոլորը միասին` դասընթացքի նիւթեր եւ ծառայութիւններ), որը հասանելի կ'ըլլայ www.avc-agbu.org կայքէջին մէջ: Կայքը օգտագործելու պայմանները կը կիրառուին ՀՀՀ-ի դասընթացքի նիւթերուն եւ ծառայութիւններուն մէջ մուտք գործելու եւ օգտուելու համար:

 

yellow_note Կը խնդրեմ ձեզմէ որ ուշադիր կարդաք կանոնագրութիւնը եւ օգտագործութեան պայմանները, որովհետեւ ասոնք կարեւոր տեղեկութիւններ կը պարունակեն ձեր օրինական իրաւունքներուն, իրաւունքի պաշտպանութեան միջոցներուն եւ պարտականութիւններուն վերաբերեալ: Դառնալով ուսանող` դուք օրինական պայմանագիր կը կնքէք ՀՀՀ-ի հետ եւ կը համաձայնիք հետեւիլ ու պահպանել նախատեսուած պայմանները եւ կարգը, ինչպէս նաեւ վկայակոչուած բոլոր լրացուցիչ պայմանները: Եթէ դուք համաձայն չէք այս պայմաններուն, ապա մի՜ արձանագրուիք ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն:
ՀՀՀ-ի հեղինակային իրաւունքը եւ սահմանափակ արտօնագիրը

Որպէս ՀՀՀ-ի ուսանող Դուք կ'ունենաք սահմանափակ արտօնագիր: Առանց ենթաարտօնագիրին, Դուք իրաւունք կ' օգտուելու դասընթացքի նիւթերէն ու ՀՀՀ-ի ծառայութիւններէն միայն Ձեր ուսման համար եւ ոչ թէ առեւտրական եւ անձնական նպատակներով: 

ՀՀՀ-ի ուսանողը դառնալու համար Դուք կը համաձայնիք`

  • չվերարտադրել, չվերավաճառել, չվարձել, չփոխանցել կամ առեւտրական նպատակներով չօգտագործել Դասընթացքի նիւթերը եւ ծառայութիւնները:
  • չբաժնել Դասընթացքի նիւթերը եւ ծառայութիւնները:
  • չհրատարակել Դասընթացքի նիւթերը եւ ծառայութիւնները:
  • չստեղծել ածանցեալ ստեղծագործութիւններ` ուսուցման ծրագրակազմի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ չփոխել, չվերամշակել, չթարգմանել Դասընթացքի նիւթերը եւ ծառայութիւնները:
  • չստեղծել կամ չփորձել ստեղծել Դասընթացքի նիւթերու եւ ծառայութիւններու միջոցով փոխարինող նիւթ, կամ նմանող արտադրանք, կամ ալ ծառայութիւն:

Սոյն պայմաններով, անթոյլատրուած Դասընթացքի նիւթերը եւ ծառայութիւնները ցանկացած օգտագործման կամ օգտագործման փորձի ժամանակ, ՀՀՀ-ն իր որոշումով կ'արգիլէ ուսանողին մուտքը Դասընթացքին մէջ:

Օն-լայն ծրագիրի գործիքները, ուսման բովանդակութիւնը եւ դասաւանդումը

Ըլլալով ՀՀՀ-ի ուսանող, Դուք ձեռք կը բերէք անվերջ օգտագործելու օն-լայն ծրագրերու գործիքներ, որը իր մէջ կը պարունակէ` ֆօրըմը, չաթի սենեակները եւ հաղորդագրութիւններու վահանակը (այսուհետ` օն-լայն ծրագիրի գործիքներ) ինչպէս նաեւ բացարձակ հնարաւորութիւն կ'ունենաք մուտք գործելու Ձեր եւ այլ ուսանողներուն կողմէ պատրաստուած տարածքը`բեռնաւորելով հաղորդագրութիւնները, նիւթերը, տուեալները, տեղեկութիւնները, գծագրութիւնները, նկարները, ձայնագրութիւններ, տեսագրութիւններ (յետոյ`Ուսնամ բովանդակութիւն): Դուք պատասխանատու էք Օն-լայն ծրագիրի գործիքները օգտագործելու համար եւԴուք պէտք է հասկնաք, որ Ձեր կողմէ բեռնաւորուած եւ տեղադրուած ուսման բովանդակութիւնը կրնայ մատչելի ըլլալ նաեւ ուրիշին: ՀՀՀ-ը պատասխանատու չէ Ձեր կամ մէկ այլ ուսանողին կողմէ օն-լայն ծրագիրի գործիքներու միջոցով Ուսման բովանդակութիւնը հասանելի դարձնելու: ՀՀՀ-ն պարտաւոր չէ Ուսման բովանդակութիւնը ստուգելու եւ վերահսկելու համար: Ամէն պարագային, ՀՀՀ-ն իրաւունք ունի ցանկացած ժամանակ, որեւէ պատճառով կամ առանց պատճառի հանել կայքէջէն Ուսումնական բովանդակութիւնը` նախապէս ծանուցելով եւ բացատրութիւն տալով կամ առանց ծանուցելու եւ բացատրութիւն տալու: Տեղադրելով կամ բեռնաւորելով Ուսման բովանդակութիւնը օն-լայն ծրագիրի գործիքներու միջոցով` Դուք ՀՀՀ-ին կու տաք ոչ բացառիկ եւ հեղինակային վարձատրութիւն չպահանջող իրաւունք օգտագործելու, վերարտադրելու, հրապարակելու, թարգմանելու, փոխելու եւ անոնց ստեղծած ածանցեալ ստեղծագործութիւնները: Դուք համաձայն էք, որ Ձեր կողմէ օն-լայն ծրագիրի գործիքներու միջոցով հասած ցանկացած Ուսման բովանդակութիւնը գաղտնի չէ: ՀՀՀ-ն իրաւունք ունի առանց տեղեկութիւն տալու Ձեզի, օգտագործել եւ տարածել Ուսման բովանդակութիւնը ցանկացած նպատակով, նոյնիսի առեւտուրի նպատակով:


Դուք համաձայն չէք օգտագործելու օն-լայն ծրագիրի գործիքներ ստորեւ նշուած նպատակներով`

  •  Առեւտրային, ներառեալ առանց սահմանափակումի` քաղաքական, քարոզարշաւներու, գովազդներու եւ միջնորդութիւններու կամ ունենալ ուսանողներուն ելեկտրոնային նամակները չցանկացած ելեկտրոնային նամակներ ուղարկելու նպատակով:
  •  Բեռնաւորելու, տեղադրելու կամ տարածելու ցանկացած Ուսման բովանդակութիւն, որը կրնայ փոխել ցանկացած հեղինակային իրաւունքներ, արտօնագրային իրաւունքներ, ապրանքային նշանի կամ այլ մտաւոր սեփականութեան կամ գոյքային իրաւունք:
  •  Բեռնաւորելու, տեղադրելու կամ տարածելու անօրինական, անհամեստ, անպարկէշտ կայքեր, սպառնական, վիրաւորական եւ անձնական կեանք ներխուժող Ուսման բովանդակութիւն:
  • Բեռնաւորելու, տեղադրելու կամ տարածելու համակարգչային հիւանդութիւններ, վնասարար կամ քայքայիչ թղթապանակներ:
  •  Բեռնաւորելու, տեղադրելու կամ տարածելու Ուսման բովանդակութիւն, որը կ'առաջացնէ կամ կը դրդէ քրեօրէն պատժելի արարքի:


Դուք` որպէս ուսանող, պէտք է յարգալից վերաբերմունք ցոյց տաք Ձեր դասընկերներուն եւ օն-լայն ուսուցիչներուն`ինչպէս նշուած է Ուսանողի ուղեցոյցին մէջ:

ՀՀՀ-ն իրաւունք ունի իր իսկ հայեցողութեամբ կիրառել պատիժներ վերոյիշեալ օրէնքները խախտելու պարագային:

Ինքնութիւն եւ անձնական տուեալներ

Օգտուելով Դասընթացքի նիւթերէն եւ ծառայութիւններէն` Դուք համաձայն կ'ըլլաք`

  •  Տրամադրելու ճիշդ եւ լիարժէք տեղեկութիւններ Ձեր ինքնութեան մասին թէ՜ արձանագրութեան դիմումը ամբողջացնելու ժամանակ, թէ՜ ՀՀՀ-ի եւ Ձեր դասընկերներուն հետ շփման ժամանակ
  •  Միշտ նորոգել Ձեր եւ Ձեր անձի մասին ցանկացած տեղեկութիւնները:
  •  Պատասխանատու ըլլալ Ձեր հաշուի, կայքէջ մուտք գործելու եւ ծածկագիրի անվտանգութեան համար:

Դուք պէտք է չափահաս ըլլաք Դասընթացքի նիւթերէն եւ ծառայութիւններէն օգտուելու եւ պայմանագիր կնքելու համար: Իսկ եթէ անչափահաս ըլլաք, ապա Ձեր ծնողքը պէտք է ամբողջացնէ եւ ստորագրէ արձանագրութեան դիմումը: