«Բացայայտիր Հայաստան» Ծրագիրի 35 Ուսանողները ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ն Այցելեցին
08/13/2010
«Բացայայտիր Հայաստան»ը ծրագիրի 35 ուսանողները 2010 թուականի Օգոստոս 13ին ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարան այցելեցին: Անոնք համալսարան այցելեցին ՀԲԸՄ սփիւռքահայ երիտասարդներու ծրագիրներու համակարգող Հերմինէ Դուզեանի ընկերակցութեամբ: ՀՀՀ զարգացման մասնագէտ Թալին Ջեղելեան եւ օնլայն ուսուցչուհի Արփինէ Թաւաքալեան ուսանողներուն ՀՀՀ գործունէութիւնը եւ արեւմտահայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն դասընթացքները ներկայացուցին: Հանդիպումի աւարտին մասնակիցներէն մէկ քանին մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցոյց տուին համալսարանի գործունէութեան եւ անոր առաջարկած դասընթացքներուն ու լրացուցիչ մանրամասներ եւ տեղեկութիւններ ուզեցին՝ համայնքին մէջ իրենց ընկերներուն ՀՀՀ մասին պատմելու համար:
«Բացայայտիր Հայաստան»ը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երիտասարդական զանազան ծրագիրներուն մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունի: Այն ամէն տարի 15-18 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներուն Հայաստանի մէջ անմոռանալի հանգիստ անցնելու կարելիութիւն կ’ընձեռէ: