login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի Ուսանողները «Գաֆէսճեան» Արուեստի Կեդրոնը Այցելեցին 08/15/2013
Արուեստը մեր կեանքի եւ քաղաքականութեան հայելին է: Վերջերս ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը, օնլայն պտոյտ մը կազմակերպեց դէպի Գաֆէսճեան Արուեստի Կեդրոն: Այս պտոյպին նպատակը մեր քաղաքի կեանքը եւ քաղաքակարդութիւնը ՀՀՀի ուսանողներուն ցոյց տալն էր: Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը հայերու եւ զբօսաշրջիկներու ամենասիրելի վայրերէն մէկն է, որն ալ ամեն տարի աւելի կը գեղեցկանայ: Այն գեղեցիկ է իր արտաքին աստիճաններով, ներքին շարժասանդուղքներով, շատրուաններով եւ բացօթեայ պարտէզներով, որոնց իւրաքանչիւր անկիւնը պատմական եւ մշակոյթային քանդակներով, յուշարձաններով եւ ժամանակակից արուեստի իւրայատուկ նմուշներով զարդարուած է: Ուսանողները ՀՀՀ օնլայն ուսուցիչներուն հետ միասին Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզ գացին եւ ծանօթացան իւրաքանչիւր քանդակի պատմութեան եւ գեղարուեստական արժէքին հետ: Կարծես ուսանողները հոն անձանբ կը քալէին : <<Ես շատ սիրեցի այս պտոյտը: Ես կարծես հոն էի … >>,- Ըսաւ Ուսիա ապրող Անի Շահինեանը: Ուսանողները բազմաթիւ ցուցասրահներ այցելեցին: Խանճեան սրահը շատ մեծ տպաւորութիւն ձգեց ուսանողներուն վրայ, երբ տեսան այն ձեռքբերումները, որը հայ ժողովուրդը դարեր ի վեր ունեցած է: <<Օնլայն պտոյտները շատ հետաքրքրական են, որովհետեւ մեզ կարելիութիւն կու տան մշակոյթային, պատմական եւ գեղարուեստական ժառանգութիւնը տեսնելու >>,- նշեց Ֆրանսա ապրող Դանիա Սարգսեանը: Իսկ Էտուարտ Մեսրոպեանը աւելցուց. <<Այս միջոցառումները եւ պտոյտները օգտակար եւ անհրաժեշտ են շատ մը առումներով` լեզուաբանական, մշակոյթային, տեղեկատուական, պատմական, կրթական եւ հայրենասիրական>>: <<Փոփ հաղորդակցում>> կոչուող ժամանակակից արուեստի ցուցասրահը, Լիբենսկի Բրիխտովայի ապակեայ ստեղծագործութիւններու ցուցասրահը, ինչպէս նաեւ սվարովսկի լուսագուլպաներու եւ բիւրեղեայ պալատը ուսանողներուն հիյացուց: Այս պտոյտը ուսանողներուն առիթ տուաւ Հայաստանի տեսարժան վայրերէն եւս մէկը տեսնելու: Այսպիսով, օնլայն պտոյտներուն նպատակներէն մէկը երեւութական համայք մը ստեղծելն է ՀՀՀ ի շուրջ եւ հայերէն մտածելու կարողութիւնը զօրացնելն է : Օնլայն այցը յաջողուած կը սեպուի , երբ մասնակից ուսանողները կարելիութիւն ունենան իրենց աչքերով տեսնելու այդ բոլորը : <<Ես շատ սիրեցի այս այցը: Ես երբեք Հայաստան չեմ եկած , բայց յոյս ունիմ այցելելու եւ հետաքրքրական տեղեր այցելելու>>- փափաքեցաւ ԱՄՆ ապրող Լենթսի Պեքամը: