login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը Կը Հիւրընկալէ Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» Ծրագիրի Աւելի Քան 1000 Մասնակիցները (Ամառ, 2013) 08/21/2013
2013թ. Ամրանը, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն 2013» երիտասարդական ծրագիրին մասնակցած էին 13-20 տարեկան, 1000-էն աւելի երիտասարդներ, որոնք Հայաստան ժամանած էին 30-էն աւելի տարբեր երկիրներէ: Ծրագիրը Յունիսին սկսաւ: Այն 8 փուլով տեղի ունեցաւ: Իւրաքանչիւր փուլին 100-150 երիտասարդներ մասնակցեցան, որոնք կարելիութիւն ունեցան Հայաստան գալու, հայ ընկերներ ունենալու եւ զօրաւոր կապեր հաստատելու իրենց հայրենիքին հետ: ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը «Արի տուն 2013» ծրագիրի բոլոր խումբերուն ալ մեծ սիրով իր յարկին տակ հիւրընկալեցի: Այցելութեան ընթացքին երիտասարդները ՀՀՀ ծրագիրներուն մասին գաղափար կազմեցին , դասընթացքներուն, արձանագրութեան գործընթացքին եւ ՀՀՀ ուսանողներուն կեանքին հետ ծանօթացան: Հանդիպումները երկու մասէ բաղկացած էր: Առաջին մասը ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի համագործակցութեան զարգացման մասնագէտ Նաիրա Գասպարեանը ներկայացուց ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի գործունէութիւնը: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի նպատակներուն, օնլայն դասերուն, արձանագրութեան կարգին մասին: Այնուհետեւ, ՀՀՀ օնլայն ուսուցիչները հակիրճ ձեւով օնլայն դասերէն օրինակներ ներկայացուցին ` ուսանողի էջը, դասերը, խաղային եւ ուսումնական գործիքները, ֆորըմ-քննարկումներու եւ չաթի համար նախատեսուած դաշտերը: Հանդիպման երկրորդ մասը նախատեսուած էր զուարճալի խաղերու, հետաքրքիր քննարկումներու: Խաղի ընթացքին երիտասարդ մասնակիցները երեք խումբի կը բաժնուէին, այդ խումբերուն ղեկավարներ կը նշանակուէր եւ խաղը կը սկսէին: Խումբերը կը պատասխանէին հայկական մշակոյթի եւ պատմութեանը վերաբերող հարցումներուն ` երգելով հայկական երգեր եւ կատարելով հայկական պարեր: ՀՀՀ անձնակազմը հնարաւոր ամեն բան կատարեց երիտասարդ սերունդին մէջ հայկական կրթութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն սերմանելու `հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեանը. հայկական կրթական համայնքի սահմանները ընդարձակել ` մշակութային կրթութիւնը եւ աշխարհասփիւռ հայերուն միջեւ սոցիալական հաղորդակցութիւնը խթանելով: