ՀՀՀ-ի Ճատրակի Դասընթացքներ՝ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Մասնաճիւղէն Ներս
10/17/2014
ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի մասնաճիւղի, ՀՀՀ-ի անձնակազմի եւ Գահիրէի ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ՝ Աննա Տոլապճեանի ջանքերով, Հոկտեմբեր 17-էն, ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի մասնաճիւղէն ներս տեղի կ՚ունենան ճատրակի դասընթացքներ։ Սոյն դասընթացքներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ներկայացուցիչներ՝ Գահիրէի գաղութէն : Այսօր, թէեւ ճատրակի դասընթացքին կը մասնակցին 12 ուսանողներ միայն, սակայն, հետաքրքրուողներուն եւ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն արձանագրուիլ փափաքողներուն թիւը մեծ է։
Դասընթացքները կ՚ընթանան հիպրիդ մեթոտով, որ արդի եւ աւանդական ուսուցման մեթոտներու զուգորդումն է: ՀՀՀ-ի այս եզակի մեթոտի համաձայն, ՀՀՀ –ի օնլայն ուսուցիչէն բացի, դասարանէն ներս, ուսանողներուn հետ կ՚աշխատի եւս ուսուցիչ մը՝ տեղւոյն դպրոցէն կամ կազմակերպութենէն։ ՀՀՀ-ի դասընթացքներով հետաքրքրուող աշխարհատարած հայերուն իսկապէս կ՚ օգնէ կրթական այս մեթոտը, մատուցուող նիւթը դիւրութեամբ ընկալելու եւ առաւելագույն արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար:
Գահիրէի ճատրակի դասարանի ուսուցիչն է Գէորգ Աւանեանը։ Ան, դասընթացքին եւ դասաւանդման մեթոտներուն ծանօթանալու նպատակով, մասնակցած է ՀՀՀ-ի ճատրակի դասընթացքին եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրին:
«Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը հիմնուած է Եգիպտոսի մէջ: Այս առումով, ՀՀՀ-ի ծրագիրի մեկնարկումը Գահիրէի մէջ, մեզի համար, առանձնայատուկ նշանակութիւն մը ունի: Բազմաթիւ հայկական դպրոցներ եւ գաղութներ օգտուած են ՀՀՀ-ի ընձեռած հիպրիդ կրթութեան հնարաւորութենէն։ Մենք ուրախ ենք, որ այսօր, արդէն ներգրաւուած են նաեւ Գահիրէի հայերը», - նշեց ՀՀՀ-ի Ակադեմական Տնօրէն՝ Յասմիկ Խալափեանը:
ՀՀՀ-ի հիպրիդ կրթութեան ծրագիրին կը մասնակցին սփիւռքի այն դպրոցները եւ գաղութները, որոնք կը փափաքին հայագիտական նիւթերու նուիրուած դասընթացքներ կազմակերպել կամ նորարարական կրթական մեթոտներ ներգրաւել իրենց ուսումնական ծրագիրէն ներս:
Գահիրէի ճատրակի դասարանը ՀՀՀ-ի ընդգրկուն աշխարհագրութեան մէկ բաղկացուցիչ մասն է։ Ժամանակի ընթացքին, ՀՀՀ-ն պիտի ընդգրկէ նոր, այլ շրջանակներ։