login
Յօդուածներ
Գիտաժողով Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Մէջ Առցանց Կրթութեան Առանձնայատկութիւնները 04/14/2017

Հայկական Համացանցային Համալսարանը, ինչպէս նաեւ առցանց կրթութեան այլ մասնագէտներ եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ապրիլ 14-ին մասնակցեցան Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին, որ նուիրուած էր առցանց կրթութեան առանձնայատկութիւններուն։ Մասնակիցները խօսեցան իրենց ունեցած փորձառութեան մասին՝ այս ասպարէզէն ներս։

ՀՀՀ-ի Կրթական Բաժինի տնօրէն՝ փրոֆ. Յասմիկ Խալափեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի փորձառութիւնը, յաջողութիւնները եւ մարտահրաւէրները՝ առցանց կրթութեան ոլորտէն ներս։ Ան նշեց, որ ՀՀՀ-ը իր հիմնադրութեան օրէն երկար ուղի անցած է. « ՀՀՀ-ի առաջարկած ծրագիրները անընդհատ կը հարստանան Ճարտարագիտական եւ կրթական նորութիւններով՝ լաւագոյնս բարելաւելով ուսանողներու օրէ օր աճող պահանջքները»։ Հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու սորվեցնող ՀՀՀ-ի A1 հայոց լեզուի դասընթացքը, մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուց ներկաներուն մօտ։

Առաջարկուեցաւ, որ մօտիկ ապագային, դասընթացքի հեղինակ՝ Մարինա Խաչատուրեանը համագործակցի ՀՀՀ-ի հետ։

Ելոյթին յաջորդեցին արդիւնաւէտ քննարկումներ։ Մասնակիցները խօսեցան առցանց կրթութեան ասպարէզէն ներս արձանագրուած յառաջընթացին մասին։ ՀՀՀ-ի անձնակազմը, հիմնուելով իր փորձառութեան վրայ, հաստատեց, որ առցանց կրթութիւնը, այսօր, հայկական կրթական համակարգէն ներս, անկիւնադարձային փոփոխութիւն կատարելու մեծ ներուժ ունի։