ՀՀՀ-ի Ճատրակի Վարպետաց Դասընթացքը՝ Երեւանի Հանրային Դպրոցներէն Ներս
03/17/2017
Կրթական տարբեր ոճեր օրէ օր կը զարգանան եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն, քանի որ կրթական շատ հաստատութիւններ, կը փափաքին օգտագործել ոչ միայն աւանդական կրթութիւնը, այլեւ՝ առցանցը. երբեմն, նոյնիսկ, կիրառելով կրթական երկու ոճերը:
17 Մարտ, 2017-ին, ՀՀՀ-ի ճատրակի հեռավար ուսուցիչ՝ Վահագն Քալանթարեանը, ճատրակի վարպետաց դասընթացք կազմակերպեց Երեւանի Արտեմ Միկոյեանի անուան թիւ 166 հիմնական դպրոցէն ներս։ ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքի շնորհիւ, աշակերտները հետաքրքրական օր մը անցուցին: Անոնք ծանօթացան ճատրակի առցանց դասընթացքի բազմաբնոյթ հնարաւորութիւններուն, հետաքրքրական շարժանկարներուն եւ ներգործօն յատկութեան: Առցանց դասընթացքի ձեւաչափը գրաւեց աշակերտներուն ուշադրութիւնը: Դասի աւարտին, աշակերտները եւ ուսուցիչները փորձեցին լուծել առցանց խնդիրները եւ հանելուկները։
ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքի հիման վրայ իրականացուած վարպետաց դասընթացքը, ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցիչի ուղեկցութեամբ, անգամ մը եւս հաստատեց, որ նոր սերունդի կրթութեան նպաստող լաւագոյն միջոցը՝ հիպրիթ ծրագիրն է: