ՀՀՀ-ի Բեղուն Համագործակցութիւնը Սան Փաոլոյի Դուրեան Ազգային Վարժարանի Հետ
12/16/2015
ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հիպրիդ կրթութեան ծրագիրը յաջողութիւն մը եւս արձանագրեց Սան Փաոլոյի Դուրեան ազգային վարժարանին մէջ:
Այս վարժարանը ՀՀՀ –ի հիպրիդ ծրագիրին միացած է 2011-ի գարնանային ուսումնական շրջանէն , ընդունելով հիպրիդ կրթութեան, այսինքն աւանդական եւ առցանց կրթութեան զուգորդումի առաւելութիւնները։ Այդ շրջանէն ի վեր եղած է ՀՀՀ-ի իսկական բարեկամը։ Աւելի քան 80 ուսանող աւարտած է ՀՀՀ-ի դասընթացքները:
Վարժարանի տնօրէն Տէր Եզնիկի ղեկավարութեամբ, ուսուցչական կազմը մեծ խանդավառութեամբ կը շարունակէ աշխատիլ ՀՀՀ-ի հետ` ՀՀՀ-ի հայոց պատմութեան եւ արեւմտահայերէնի դասընթացքները, սպաներէն լեզուով, տրամադրելով ուսանողներուն: Ոսուցիչներէն մէկը, Մարի Վարդանեանը, կ՚ըսէ. «Ես շատ ուրախ եմ, որ ՀՀՀ-ի հետ համագործակցելու առիթը ունիմ: Մեր աշակերտները կը սիրեն ուսուցման այս ձեւը, որ գրաւիչ է եւ յուսադրող…։ Շնորհակալութիւն ՀՀՀ: Քու շնորհիւդ մենք կրնանք մեր մայրենի լեզուն սորվեցնել մեր սաներուն»:
Ոչ միայն ուսուցիչները, այլ ուսանողները նոյնպէս շատ ոգեւորուած են ուսուցման հիպրիդ մեթոտով: Անոնցմէ մէկը՝Գաբրիէլ Կոնսալուէս Սենան կը նշէ. «Եթէ ուսանողը կը փափաքի լեզու սորվիլ, ապա այս մեթոտը պարզապէս հիանալի է: Կ՚օգնէ սորվելու արտասանութիւնը, դիւրին ձեւով: Ես կը սիրեմ դասերը եւ վարժութիւնները: Այս ձեւը շատ աւելի գրաւիչ եւ հետաքրքրական է, քան՝ աւանդականը»։
Սփիւռքահայ երեխաներուն կրթութիւն տալու Հիպրիդ ծրագիրի նորարարական մօտեցումը կ՚ապացուցէ, որ ան կը հանդիսանայ ՀՀՀ-ի առաքելութեան իրականացման յաջող մէկ միջոցը. առաքելութիւն մը, որ կը միտի հայկական ինքնութիւնը պահպանել հայրենիքէն հեռու գտնուող գաղութներուն մէջ: