ՀՀՀ Առաջին Ամառնային Կրթական Ծրագիրին Մասնակիցները՝ Էջմիածին
07/14/2012
Առցանց համալսարան, հեռավար հայագիտական կրթութիւն եւ ընկերական ջերմ մթնոլորտ... 14 Յուլիս, 2012թ. ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը կարելիութիւն ստեղծեց այս բոլորը համատեղելու, կազմակերպելով ՀՀՀ առաջին ամառնային կրթական ծրագիրը դէպի Էջմիածին:
Ծրագիրը աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած ՀՀՀ ուսանողներուն համախմբեց Հայաստանի հոգեւոր քաղաքին մէջ, ուր իրարու եւ ուսուցիչներուն հետ հանդիպելու կարելիութիւն ունեցան, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի դարաւոր պատմութիւնը լսեցին (որը ուսանած էին ՀՀՀի դասերուն մէջ) , Էջմիածինի գանձարանը այցելեցին եւ տեսան հայկական եկեղեցական արուեստի բազմաթիւ գործերու, ձեռագիրներու, ասեղնագործութիւններու, ինչպէս նաեւ` հայկական նկարներու, դրամներու եւ այլ արժեքաւոր հայկական հոգեւոր ու մշակոյթային արժեքներու հետ:
Ս. Էջմիածին եկեղեցին մտնելէն ետք, ՀՀՀի ամառնային ծրագիրի մասնակիցները ուղղուեցան «Հայ Միասնութեան Խաչ» արուեստի կեդրոնը: ՀՀՀ ուսանողներուն առջեւ բացուեցաւ հայկական աւանդական բոյրով ու համով լեցուն օճախ մը, ինչը իր գոյներով, սովորոյթներով, արուեստով, ճաշերով ու ձեռային աշխատանքներով առաջին վայրկեանէն ուսանողներուն սիրտը գրաւեց:
Մասնակիցները նախ մօտեցան լաւաշ թխողներուն, ուր երկու կիներ ՀՀՀի ուսանողներուն ցոյց տունին լաւաշ թխելու ձեւը: Բոլորը մեծ հեաքրքրութեամբ հետեւեցան այդ դասընթացքին: Ետքը բոլորը միասին ոչ միայն սորվեցան հայկական լիցք պատրաստելու ձեւը, այլ խաղողի թուփով պատրաստեցին մէկ կաթսայ լիցք :
Լաւաշի ու լիցքի բուրմունքին վրայ աւելցաւ հայկական հարիսայի, կանաչեղէնի, պանիրի ու մածունի բուրմունքը ու ...սեղանը արդէն պատրաստ էր: Խումբին անդամները ուրախ ու մտերմիկ կը խօսակցէին, կը նուագէին, կ’երգէին նաեւ իրենց պատրաստածը անհամբեր կը սպասէին ճաշակելու ... ՀՀՀի ուսանողները միասին սեղանի շուրջ նստեցան, աղօթեցին ու բարի ախորժակ մաղթելով եւ սկսան ճաշակել իրենց ձեռով պատրաստուած ճաշերը: ՀՀՀի ուսանողները միասին սեղանի շուրջ նստեցան, աղօթեցին ու բարի ախորժակ մաղթելով եւ սկսան ճաշակել իրենց ձեռով պատրաստուած ճաշերը:
Կարգը հասաւ թատերական ներկայացութեան եւ «Կիկոսի Մահ»-ին: ՀՀՀ ուսանողները ուղղուեցան փոքրիկ սրահ մը, ուր կարմիր վարագոյրներով գոցուած բեմը հանկարծ բացուեցաւ ու բոլորին տարաւ թումանյանական աշխարհ։ Կեդրոնի սաները շատ մեծ վարպետութեամբ «Կիկոսի Մահ» ը ներկայացուցին: Ներկայացման աւարտին ՀՀՀի ուսանողներէն խնդրեցին բեմ բարձրանալ եւ իրենց փոխարինել:
ՀՀՀ ուսուցիչները իրենց մասնակցութեամբ խանդավառեցին իրենց ուսանողներուն, ու ներկայացուցին «Կիկոսի մահ»-ի իրենց տարբերակը, ինչը փաստեց այն, որ արուեստը անմիջապէս կրնայ համախմբել ու միացնել բոլոր մարդկանց, անկախ բնակութեան վայրէն ու երկրէն, անկախ լեզուէն, անկախ տարիքէն ու անկախ աւանդոյթներէն ու սովորոյթներէն:
Արդէն կը մօտենար վերադարձի ժամը, սակայն ջերմ մթնոլորտը կարծես ուսանողներուն կը ստիպէր այդ հին բակին մէջ նստիլ եւ լուռ խորհիլ: Այդ լռութեան մէջ կար ուրախութիւն եւ տխրութիւն: Տխրութիւն, որովհետեւ բոլորը պիտի բաժնուէին, սակայն մեծ յոյս ունէին նորէն իրար հանդիպելու։
Առաջին ամառնային կրթական ծրագիրը մեծ յաջողութեամբ անցաւ, եւ կարծես ճամբայ բացաւ յաջորդին, եւ գալիք տարիներուն մեջ կազմակերպուելիք բոլոր ծրագիրներուն:
Հայկական Համացանցային Համալսարանը իր առցանց եւ ամառնային կրթական ծրագիրներով հարիւրաւոր ու հազարաւոր հայեր համախմբելու նպատակ եւ ուժ ունի: Պատահական չէ, որ այս համալսարանի շուրջ հաւաքուած են բոլոր անոնք որոնք կը սիրեն Հայոց լեզուն, Պատմութիւնը ու Մշակոյթը: