login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի Երիտասարդ Արհեստավարժները Ծանօթացան ՀՀՀ-ին 12/10/2017

ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի Երիտասարդ Արհեստավարժներու (ԵԱ) երրորդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 10 Դեկտեմբեր 2017-ին, Փարիզի մէջ։ ԵԱ խումբի ղեկավարներն ու մասնակիցները ամփոփեցին նախորդ տարուան գործունէութիւնը եւ քննարկեցին ապագայ ծրագիրները։

 

Մասնագիտական եւ ղեկավարման հմտութիւններու զարգացումը խթանելու համար, Ընդհանուր ժողովին ելոյթ ունեցան Արեթ Աբրահամեանը (Oracle) եւ Ֆապրիս Աստուածատուրեանը, (Accenture Strategy)։

 

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Ե. Զօրեանը, խօսելով աշխարհասփիւռ հայութեան համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող ազգային ինքնութեան պահպանման մասին։

 

Ան նշեց, որ հայապահպանման համար անհրաժեշտ է համընդհանուր առցանց հարթակ մը, ուրկէ կարելի է ձեռք ձգել գիտելիքներ՝ հայոց լեզուի, հայկական մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան մասին, կապ հաստատելով աշխարհի տարբեր կողմերը գտնուող հայերու հետ։ Ապա հաստատեց, որ ՀՀՀ-ի ել. գիրքերն ու առցանց դասընթացքները մեծապէս կրնան նպաստել հայկական ինքնութեան կերտման ու պահպանման, ստեղծելով երեւութական հայկական համայնք մը։

 

Իր ելոյթի ընթացքին Դոկտ. Զօրեանը խօսեցաւ հայրենիքի բարգաւաճման խնդիրներուն մասին, անդրադառնալով տնտեսութեան զարգացմանը՝ ճարտարագիտութեան առաջընթացի շնորհիւ։ Շեշտեց, որ յատկապէս STEM կրթութիւնը տնտեսութեան զարգացման հիմնական նախապայմանն է։ Նշեց, որ ՀՀՀ-ի կարողութիւնները եւ վերջին 10 տարիներուն առցանց կրթութեան մէջ ունեցած փորձառութիւնը կրնան ամուր հիմք հանդիսանալ STEM կրթութեան՝ առցանց հարթակ ստեղծելու, նպաստելով Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զարգացմանը ամուր հիմքերու վրայ։