login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ը Մասնակցեցաւ DigiTec Expo 2015-ին 10/04/2015
2-4 Հոկտեմբեր 2015-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) մասնակցեցաւ DigiTec Expo 2015-ին, որ տեղի ունեցաւ Երեւան Expo ցուցադրումներու համալիրին մէջ: ՀՀՀ-ն ցուցադրեց առցանց ուսուցման բնագաւառի իր ձեռքբերումները` շեշտելով Հայաստանի Ճատրակի Դաշնութեան հետ համատեղ մշակած առցանց ճատրակի ծրագիրը: Հոկտեմբեր 3-ին, ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Նախագահը կանգ առաւ ՀՀՀ-ի տաղաւարի մօտ եւ ծանօթացաւ ճատրակի առցանց ուսուցման նորարարական միջոցներուն, ծրագիրի մուլթիմետիա առանձնայատկութիւններուն եւ ուսուցման արդի ձեւերուն: ՀՀՀ-ի տաղաւար այցելեցին նաեւ յայտնի ճատրակորդներ Տիգրան Պետրոսեանը եւ Ռաֆայէլ Վահանեանը: Այցելուները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին ծրագիրի նկատմամբ, զայն ընդունելով իբրեւ համալրումը պետական այն քաղաքականութեան , որ կը միտի Հայաստանի միջնակարգ դպրոցներու տարրական դասարաններու մէջ ճատրակը կիրարկել որպէս պարտադիր նիւթ։ Եռօրեայ ցուցահանդէսի ընթացքին ՀՀՀ-ի տաղաւարը գրաւեց մեծ թիւով երիտասարդ մասնագէտներու, ուսանողներու եւ պատանիներու ծնողներու ուշադրութիւնը: Ուսումնական ծրագիրի մէջ կիրառուած մուլթիմետիա հնարաւորութիւնները, ներգործօն գլուխկոտրուկները, վարժութիւնները եւ նիւթի մատուցման մատչելիութիւնը գրաւեցին այցելուներու հետաքրքրութիւնը եւ շատեր, անմիջապէս, արձանագրուեցան դասընթացքին: Ցուցահանդէսին մասնակցեցան մօտաւորապէս 170 տեղական եւ արտասահմանեան ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան ընկերութիւններ, որոնք մասնագիտացած են ցանցային համակարգերու, հեռահաղորդակցութեան, ՏՏ ծառայություններու, համացանցի կիրառական ծրագիրներու եւ ճարտարագիտութեան ու ծրագրային ապահովման բնագաւառներու մէջ։