login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ն Սթամպուլի Մէջ 10/08/2013
ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը միշտ եւ ամեն տեղ է ոչ միայն առցանց, այլ իր կատարած այցերով: ՀՀՀն կը փորձէ միշտ ներկայ գտնուիլ Հայաստանին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող սփիւռքահայ համայնքներուն մէջ, որոնք իսկապէս ՀՀՀի առաջարկած ծառայութիւններուն կարիքը ունին: Սոյն թուականին, Հոկտեմբեր 8-էն 11-ը ՀՀՀի հիմնադիր տնօրէն տոքթոր Երուանդ Զօրեանը պաշտօնական այցով Թուրքիոյ Սթամպուլ քաղաքը գնաց, հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու: Այս հանդիպումը երկրորդն էր, իսկ առաջին հանդիպումը թուրքահայ համայնքի հետ երեք տարի առաջ տեղի ունեցած էր: Այցի ժամանակ տեղի ունեցաւ քանի մը հանդիպումներ, ուր տոքթոր Զօրեանը համայնքի անդամներուն ՀՀՀի նորանոր առաջարկները ներկայացուց: Ամենահետաքրքրական հանդիպումներէն մէկը տեղի ունեցաւ Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ, որն ալ համայնքի կարկառուն անդամներէն մէկը` Թամար Քարասուն կազմակերպած էր: Հանդիպմանը ներկայ էին տարբեր ոլորտներու փայլուն երիտասարդ մասնագէտներ` իրաւաբաններ, տնտեսագէտներ, ուսուցիչներ: Տոքթոր Զօրեանը ՀՀՀի մասին իր բացման խօսքով հանդէս եկաւ, ետքը առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ հարցնելու եւ ստեղծուեցաւ քննարկումներու մտերմիկ միջավայր մը: Ներկաները լսելով ՀՀՀի առաքելութեան եւ գործունէութեան մասին, խանդավառուեցան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին ՀՀՀի աջակցելու իր նպատակները իրականացնելու` հայկական կրթութիւնը տարածել աշխարհով մէկ եւ բոլոին հասանելի դարձնել: Ուրիշ կարեւոր եւ արդիւնաւէտ հանդիպում մըն ալ կազմակերպեց Սթամպուլի Կրթական Հիմնադրամը: Հանդիպմանը ներկայ էին Սթամպուլի 17 հայկական ուսումնական հաստատութիւններու տնօրէնները, ուսուցիչները, ուսանողները, աշակերտները եւ այլ անդամներ: Տոքթոր Զօրեանը իր առաջաին այցէն ետքը կատարուած կարեւոր ձեռքբերումները ներկայացուց: Թուրքիա ապրող հայերուն համար ամենամեծ ձեռքբերումը թուրքերէնը ՀՀՀի դասաւանդման լեզու ընդունելն էր 6 լեզուներու քովը: Այս փաստը նպաստեց որ ՀՀՀին միանան Թուրքիայէն շատ ուսանողներ: Միւս նիւթը ՀՀՀի հիպրիդ ծրագիրը եղաւ: Սթամպուլի շատ մը դպրոցներ կրնան գործածել ՀՀՀի դասաւանդման մուլթիմետիա նիւթերը` աշակերտներուն տրամադրելով աւելի որակեալ կրթութիւն: Տոքթոր Զօրեանին Սթամպուլ կատարած քառօրեայ այցը նպաստեց ՀՀՀի մասին թուրքահայութեան իրազեկութեան բարձրացմանը եւ համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններու սկիզբ դրաւ: