login
Յօդուածներ
Հայ Ուսուցիչները Ծանօթացան ՀՀՀ-ի Կրթական Առցանց Ծրագիրին 07/10/2017

Հայկական Համացանցային Համալսարանը միշտ կը ներկայացնէ իր առցանց կրթութեան հնարաւորութիւնները եւ դասընթացքները աշխարհասփիւռ հայ գաղութներու կրթական բնագաւառի ներկայացուցիչներուն։ Յուլիս 2017-ին, ՀՀՀ-ը մասնակցած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամենամեայ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին։ Այս դպրոցի նպատակն է նպաստել սփիւռքի հայկական ինքնութեան պահպանման եւ ամրապնդման։

3 Յուլիս 2017-ին, ԵՊՀ-ի շէնքէն ներս, ՀՀՀ-ը իր գործունէութիւնը ներկայացուց ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն։ ՀՀՀ-ի ակադեմական տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը եւ հիպրիթ կրթութեան ծրագիրի պատասխանատու Արփինէ Թաւաքալեանը հանդիպեցան տարբեր երկիրներէ ժամանած հայոց լեզուի եւ կրթական ոլորտի մօտաւորապէս 60 ուսուցիչներու եւ աշխատակիցներու հետ։

Դոկտ. Խալափեանը խօսեցաւ ՀՀՀ-ի առաքելութեան եւ առցանց կրթութեան առաւելութիւններուն մասին։ Շեշտեց ճարտարագիտութեան օգտագործման անհրաժեշտութիւնը, նշելով, որ այսպիսով կը փոխուին ուսուցիչներու եւ աշակերտներու դերերը, կը յայտնուին կրթական նոր ձեւեր ու դասաւանդման միջոցները աւելի արդիական կը դառնան։ Ապա, մասնակիցները ծանօթացան ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրին, զոր կարելի է կիրառել հայկական դպրոցներէն ներս դասաւանդման մեթոտը աւելի բարելաւելու համար։

ՀՀՀ-ի ծրագիրով հետաքրքրուեցան բազմաթիւ մասնակիցներ։ Հանդիպումէն ետք, Մատրիտի «Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչները միացան ՀՀՀ-ի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրին, հիպրիթ կրթութիւնը իրենց դասարաններէն ներս կիրառելու նպատակով։