Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
2018-ի Յունիսին Հայ-Ռուսական համալսարանի 12 ուսանողներէ կազմուած խումբ մը եւս յաջողութեամբ աւարտեց ՀՀՀ-ի լեզուի դասընթացքը: Ուսանողները ստացան իրենց աւարտական վկայականները: ՀՀՀ-ի եւ Հայ-Ռուսական համալսարանիմիջեւ ձեւաւորուած երկամեայ համագործակցութեան շնորհիւ ուսանողները առցանց դասընթացքներու միջոցով հայրէն լեզու սորվեցան։ Դասընթացքները վարեց ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրը համակարգող Մարինա Խաչատուրեանը՝ հիպրիթ մեթոտով։
Ուսանողներէն շատեր, յատկապէս խորհրդային նախկին երկիրներէն եկածները, հայկական աւանդական կրթութիւն չէին ստացած եւ այդ պատճառով, համալսարանի աւանդական կրթութիւնը իրենց համար մատչելի չէր։ ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքը, որ պատրաստուած է նկատի ունենալով իւրաքանչիւր ուսանողի կարիքը, ուսումնական նոր հնարաւորութիւններ տրամադրեց։
Ուքրանիայէն եկած Տաթեւիկ Պապասեանը կը նշէ.«Ես որոշեցի խումբս փոխել եւ հայերէն սորվիլ ՀՀՀ-ի միջոցով: Ծրագիրը սիրեցի, քանի որ կը յարմարի իւրաքանչիւրիս անհատական ընդունակութիւններու եւ գիտելիքներու մակարդակին: Երբ առաջին անգամ Երեւան եկայ, հայերէն շատ չէի հասկնար։ Խօսելու ատեն դեռ քիչ մը կ՚ամչնամ, բայց կարդալ եւ գրել արդէն գիտեմ»։
Լսարանէն ներս ճարտարագիտութեան կիրառումը շատ գրաւիչ է ուսանողներուն համար։ Նասթիա Հախվերտեանը կ՚ըսէ.«Առցանց մեթոտը շատ աւելի յարմար է. դասագիրքերու անհրաժեշտութիւն չզգացուիր։ Առաւել, ես կը նախընտրեմ գրաշարել եւ ոչ թէ ձեռքով գրել»։
Քրքիզիստանէն եկած Անժելիքա Քասիանենքօն եւս հայերէն սորված է ՀՀՀ-ի միջոցով։ Ան կը նշէ.«Հայաստանի մէջ կեանքը ինծի համար աւելի յարմար դարձաւ: Չեմ գիտեր, արդեօ՞ք կրնայի այսքան հայերէն սորվիլ, եթէ այս մեթոտը չ՚ըլլար։ Հասկնալու եւ սորվելու համար միշտ օգնութեան կը հասնէին դասերուն պատկերները եւ տեսողական այլ միջոցներ»։
Ձեռնարկի ընթացքին, համալսարանի կրթական քաղաքականութեան եւ որակի վերահսկողութեան ծառայութեան ղեկավար Մարինա Խաչատրեանը նշեց. «Մենք Հայաստանի առաջատար համալսարաններէն մէկն ենք եւ պէտք է որդեգրենք նոր գաղափարներ ու դասաւանդման նոր մեթոտներ: Արդիական լինելը կարեւոր է յատկապէս այս դարուն, երբ կրթական բազմաթիւ հնարաւորութիւններ եւ նիւթեր առցանց հասանելի են բոլորին»։
ՀՀՀ-ի ակադեմական տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը շնորհաւորեց ուսանողները դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտելնուն առթիւ, ըսելով. «Յուսամ՝ դուք առաւելագոյն օգուտը ստացաք այս փորձառութենէն»։